Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Անի» Պարարուեստի Ուսումնարանի «Ապագան պայծառ է» խրախուսիչ ելոյթը

Շաբաթ, 16 մայիս 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին եւ ապա 6:00-ին, «Ապագան պայծառ է» երկու ելոյթներով հանդէս եկաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» Պարարուեստի Ուսումնարանի 2-10-րդ դասարաններու պարողներու խումբերը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վերոնիկա Ջամալեանի:

Ելոյթներուն բացումը կատարուեցաւ 5-6-րդ դասարաններու խումբին վարժութիւններով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պարախումբի յանձնախումբի անդամ Կարին Սարգիսեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այս տարի «Անի» պարախումբի պարողներուն թիւը հասած է 230-ի, ինչ որ մեծ հպարտաութիւն կ’առթէ ե՛ւ համայնքին, ե՛ւ ծնողներուն եւ թէ Համազգայինին, որ տարիներ շարունակ հաւատացած է, որ «Մշակոյթը միայն անցեալ չէ, այլ՝ ապագայ, եւ այդ ապագան մեր աչքերուն առջեւն է՝ գունաւոր տարազներով, անկեղծ ժպիտներով եւ վստահ քայլերով», ըսաւ ան:

Ապա ելոյթները շարունակուեցան հետեւեալ հերթականութեամբ. «Հանինա»՝ 2-րդ դասարան, «Գիոնդ – Վեր վերի»՝  3-րդ դասարան, «Ազգագրական պար»՝ 4-րդ դասարան, «Փայլանջօ»՝ 5-6-րդ դասարաններ, «Խշխշուն աղջիկներ»՝ 7-8-րդ դասարաններու աղջիկներ, «Ազգագրական պար»՝ 9-10-րդ դասարաններ, «Քոչարի»՝ 2-րդ դասարան, «Ժողովրդական պար»՝ 3-րդ դասարան, «Աւազանի շուրջ պար»՝ 4-րդ դասարան, «Քոչարի»՝ 5-6-րդ դասարաններ, «Ծաղկեփունջ»՝ 7-8-րդ դասարաններ, «Զանգեզուրի պար»՝  9-10-րդ դասարաններ, որմէ ետք յաղթական մուտքով պարախումբի բոլոր դասարանները կատարեցին խոնարհումը:

Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտուն ելոյթ ունեցած էին նաեւ Կոկոն, Ծաղիկ եւ Առաջին դասարաններու պարողները, վարժութիւններով, «Ծափ պար», «Հայկական պար», «Ժողովրդական խաղ պար», «Փոփուրի», «Ծաղկաձորի», «Թամզարա», «Հայաստան ջան» եւ «Մենք ենք մեր սարերը» պարերով, նոյնպէս գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վերոնիկա Ջամալեանի, որուն անդրանիկ ելոյթներն էին օրուան երեք բարեյաջող ելոյթները:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետ Ռուբէն Սարգիսեան, խօսքը ուղղելով նախ՝ պարուսոյցին, իր անսահման համբերանքին ու տարած անխոնջ աշխատանքին համար, յանձնախումբին եւ կամաւորներուն, որոնք ծնողական հոգատարութեամբ հսկած ու աջակցած էին ելոյթներուն յաջողութեամբ պսակուելուն, ապա բոլոր ծնողներուն, որոնք անսակարկ կերպով կը վստահին իրենց զաւակները մշակոյթի դարբնոց Համազգայինին:

Հարկ է նշել, որ փոքրերը իրենց շարժուձեւերով, գեղեցիկ տարազներով, ժպիտով եւ աշխուժութեամբ զուարճալի պահեր ստեղծեցին, ինչպէս նաեւ բոլոր պարերը յոյս եւ ուրախութիւն ներշնչեցին ներկաներուն: Համայնքի մատղաշ սերունդին այս խանդավառութեամբ, լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ բեմ բարձրացնելն ու նման պատկառելի թիւով երեխաներ եւ պարմաններ համախմբելն ու հայկական մշակոյթին հետ առնչելը իրապէս պայծառ ապագայի յուսադրիչ խրախուսումն է եւ կենդանի փաստը Համազգայինի առաքելութեան ու յանձնառութեան՝ հայկական պարարուեստը նոր սերունդին սեփականութիւնը դարձնելու եւ անոնց մերձեցումը անքակտելի պահելու:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

Լուսանկարները՝ Լուսին Խշխշեանի