ԿԱՄԱՐՆԵՐ. Նշանակալից համերգ մը
- (0)

Շաբաթ, 9 մայիսի երեկոյեան, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Les Rugissants («Աղմկարարները») երգչախումբի ARCHES համերգը, որ նուիրուած էր հայութեան այստեղ ներկայութեան եւ յատկանշական էր մեզի համար այն առումով, որ 12 հոգիէ բաղկացած երգչախումբը եւ իր ղեկավարը հայեր չէին, բայց հայերէ՛ն երգեցին։
Խմբավար Xavier Brossard Ménard այս խումբը հիմնած է հինգ տարի առաջ՝ նպատակ ունենալով Քեպէգ ապրող կարեւոր փոքրամասնութիւններուն հետ կամուրջ մը ստեղծել եւ անոնց մշակոյթը ներկայացնել տեղացի հասարակութեան։ Սոյն համերգը 26 ապրիլին ներկայացուած էր հայ կաթոլիկ Նարեկայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, 1 մայիսին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ 2 մայիսին՝ Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ։ Ծրագրուած է նաեւ տալ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյն հետ։
Յայտագիրը, բաղկացած 12 կտորներէ, կը բովանդակէր Կոմիտասի պատարագէն մասեր, Եկմալեանի «Հայր մեր»-ը, Վաչէ Շարաֆեանէն մէկ կրօնական, մէկ ալ աշխարհիկ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մանսուրեանէն, Էտկար Յովհաննիսեանէն, Ալեքսանտր Յարութիւնեանէն եւ Կարօ Զաքարեանէն երկեր։
Խումբին իբր մեներգիչ միացաւ երիտասարդ ուսանողուհի Աննա Քարսլեանը, որ Ատգէն Արմէնեան հիմնադրամի սանուհին է ու նաեւ արդէն իսկ մաս կը կազմէ ՄգԿիլ համալսարանի օփերային։
Գոհար Մանուէլեան հանդիսացած է խումբին խորհրդատուն, իսկ հայրենի Արամ Խաչատուրեան մշակութային հիմնադրամը հայթայթած է անհրաժեշտ տուեալները յօրինողներուն ու ներկայացուած գործերուն վերաբերեալ։ Կազմակերպիչ յանձնախումբին իր մասնակցութիւնը բերած է Մարալ Դերձակեան։
Շարքին պատուոյ հովանաւորն է Մանուկ Չուխաճեան ընտանեկան հիմնադրամը, իրենց նիւթական օժանդակութիւնը հայթայթած են նաեւ Պոնօ-Ջինջինեան խումբը (Financière Banque Nationale-էն) եւ Բաստրմաճեան հիմնադրամը, այլեւ պետական տարբեր մակարդակներու հաստատութիւններ ու կազմակերպութիւններ։
Երգերուն մէջընդմէջ տրուեցան բացատրութիւններ ոչ միայն ներկայացուող յօրինողներուն եւ գործերուն վերաբերեալ, այլեւ հայ գաղութին եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ու անոր հայկական ճարտարապետութեան հետ առնչութեան մասին։
Խումբին մտադրութիւնն է այցելել Հայաստան ու ելոյթներ ունենալ այնտեղ՝ այս ու այլ յայտագրերով։
Հայ ու մանաւանդ մեծաթիւ ոչ-հայ հանդիսականները իրենց խուռներամ ներկայութեամբ ու յոտնկայս ծափերով գնահատեցին այս համերգը։
Վ-Ա.Ա.
«Հորիզոն»