Եւրոպացի ղեկավարներ յայտարարութիւն հրապարակած են Հայաստանի ընտրական գործընթացին աջակցելու մասին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ – Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին ծիրին մէջ, Ֆրանսայի, Լիթուանիոյ, Էսթոնիոյ, Նորվեկիայի, Լեհաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը եւ Եւրոպական միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի հետ։
Հանդիպման աւարտին հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ կողմերը ընդգծած են իրենց միասնական աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան՝ յատկապէս ժողովրդավարական բարեփոխումներու շարունակման եւ պետական հաստատութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Յայտարարութիւնը կը շեշտէ, թէ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Հայաստանի ժողովրդավարական դիմադրողականութեան եւ ինքնիշխանութեան՝ յառաջիկայ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ։
Առաջնորդները նաեւ յայտնած են, որ պատրաստ են շարունակելու աջակցիլ Հայաստանին՝ ընտրական գործընթացներու կազմակերպման մէջ՝ փորձագէտներու ներգրաւումով, կարողութիւններու զարգացմամբ, համապատասխան սարքաւորումներու տրամադրմամբ եւ ընտրութիւններու դիտարկմամբ՝ նպաստելու ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացման։
Միեւնոյն ժամանակ, յայտարարութեան մէջ յստակ անդրադարձ չէ կատարուած Հայաստանի դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներուն կամ տարածաշրջանային լարուածութեան հետեւանքներուն, ինչ որ հարցադրումներ կը յառաջացնէ՝ միջազգային աջակցութեան առաջնահերթութիւններու յետապնդած նպատակներուն վերաբերեալ։