Մոնթրէալի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ «ՀՕՄ-ի օր»ը
- (0)

Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, Կիրակի, 3 Մայիս 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ «ՀՕՄ-ի օր»-ուան հանդիսաւոր ձեռնարկ, ներկայութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի, Օրուան բանախօս «Հորիզոն Մետիա»-ի խմբագիր Սեւակ Պէլեանի, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վանա Նազարեանի, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թոփուզեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Սարօ Տէր Պետրոսեանի, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ՝ Լենա Աբրահամեանի եւ Ֆլորա Կիրակոսեանի, հանդիսութեան նախագահ Զապէլ Կիւլեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիւսի Շահինեանի, եւ անդամներու՝ Ազգանոյշ Հատիտեանի, Անի Թաշճեանի, Քրիստին Աֆարեանի եւ Սիւզի Պոյամեանի, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան հաւատացող հոծ բազմութեան:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը երկու մասնաճիւղերէն 2026-ին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած անդամներուն, որմէ ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան հանդիսավարներ՝ Ալին Մանկէլեան եւ Մարալ Տունկեան, ըսելով. «116 տարի առաջ սկիզբ առած այս շարժումի Ռահվիրա Է. Ակնունիի ամենամեծ իրագործումը եղաւ հայ կնոջ ներուժը համախմբել. անոր տեսլականն էր ստեղծել կազմակերպութիւն մը, որ պիտի զբաղէր ոչ միայն բարեգործութեամբ, այլ ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքով, եւ այդ կազմակերպութիւնը կոչուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութիւն։ ՀՕՄ-ի օրուան տարենշումները պատմական իրադարձութիւններու վերյիշումներ չեն միայն, այլ առաքելութեան շարունակման վերանորոգ արտայայտում, որ կը մարմնաւորուի նաեւ նորագիրներու երամի միացումով այս մեծ ընտանիքին»:
Անկէ ետք ներկայացուեցաւ օրուան նախագահ Զապէլ Կիւլեանի կենսագրութիւնը, ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ան ըսելով. «Այսօր զինուորագրեալներու երդումի վերանորոգման օրն է: ՀՕՄ-ը հոն է, ուր կարիքը կայ, ուր մարտահրաւէր կայ: Ընկերուհինե՛ր, շարունակենք նոյն վճռակամութեամբ մեր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերել ՀՕՄ-ին ու ՀՕՄ-ի ճամբով Սփիւռքի ու Հայաստանի մեր ամբողջ ժողովուրդին, եւ թող մեր օրինակը վարակիչ ըլլայ նոր սերունդին»: Հերթաբար ներկայացուեցան՝ թատերական զաւեշտ մը ՀՕՄ-ի ժողովական կեանքէն, զոյգ մասնաճիւղերուն 2025-2026 տարեշրջանի գործունէութիւնը՝ տեսերիզով, իսկ նիւթական պատկերը փոխանցեցին «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սօսի Չնկըրեան եւ «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սիլվա Նազարեան, որմէ ետք Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի տարեկան յատկացումը յանձնուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանի, ձեռամբ զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետուհիներուն եւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լիւսի Շահինեանի:
Օրուան բանախօսին հակիրճ կենսագրականի ընթերցումէն ետք, բանախօսը փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ ըսաւ. «Երբ փորձենք վերլուծել ՀՕՄ-ի էութիւնը, պէտք է դուրս գանք «բարեգործութեան» կամ «մարդասիրական օգնութեան» նեղ ու երբեմն սահմանափակող եզրոյթներէն։ ՀՕՄ-ը մեր ազգային կեանքի այն ընկերաբանական եւ հոգեբանական ողնայարն է, որ դարերու փոթորիկներուն դէմ յաջողեցաւ ուղիղ պահել հայուն ողնաշարը։ Անիկա պարզապէս կարիքաւորին ձեռք մեկնելու կազմակերպութիւն չէ, այլ ազգային ինքնութիւնը կերտող եւ պահպանող հզօր եւ ուռճացող կառոյց», ապա աւելցուց. «Այն պահուն, երբ պետականութիւնը կը բացակայէր մեր կեանքէն, երբ հայրենիքը կը բզկտուէր ու կ’արիւնաքամուէր, ՀՕՄ-ը դարձաւ այն «ոչ-պետական պետականութիւնը», որ ստեղծեց դպրոց, դարմանատուն, որբանոց եւ, ամենակարեւորը՝ ստեղծեց յոյսի ու վստահութեան մթնոլորտ»:
Անդրադառնալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ անոր փոխազդեցութեան, բանախօսը ըսաւ. «ՀՕՄ-ի իւրաքանչիւր արարք, որքան ալ փոքր կամ մեծ թուի անիկա, առանձին վերցուած, ունի ընկերաբանական խոր ներազդեցութիւն։ Անիկա կը ստեղծէ փոխօգնութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան այնպիսի մշակոյթ մը մեր մէջ, որ կը հակադրուի այսօրուան անհատապաշտական եւ սպառողական աշխարհի մարտահրաւէրներուն։ Երբ մենք կը ծառայենք ՀՕՄ-ի միջոցով, մենք կը յաղթահարենք մեր անձնական սահմանները եւ կը դառնանք մասնիկը աւելի մեծ իրականութեան մը, մեր փոքր ԵՍը միախառնելով մեծ ՄԵՆՔ-ին։ Այս գիտակցութիւնն է, որ մեզ կը դարձնէ ազգ եւ ոչ թէ պարզապէս ամփոխ»: Ապա ան իր պատգամը եզրափակեց, ըսելով. «Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ կայսրութիւններ կը փլուզուին, կառավարութիւններ կու գան ու կ’երթան, քաղաքական դասաւորումները կը փոխուին, բայց ժողովուրդի հոգին անմահ է, երբ ան ունի իրեն սնուցող բարոյական աղբիւրներ։ ՀՕՄ-ը այդ անսպառ աղբիւրն է, որ դարեր շարունակ ջուր տուած է մեր ինքնութեան արմատներուն։ Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը Արցախի համար, Հայաստանի իսկական ինքնիշխանութեան համար եւ մեր ազգային արժանապատուութեան համար։ Եւ այս պայքարին մէջ ՀՕՄ-ը պիտի ըլլայ առաջին շարքերուն վրայ, որպէս խնամող, որպէս դաստիարակ եւ որպէս ազգային կամքի անխոնջ յառաջամարտիկ»:
Ըստ աւանդութեան, զարդասեղներու տուչութիւնը տեղի ունեցաւ հետեւեալ պատկերով.
Ձեռամբ զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետուհիներուն, 15 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Յասմիկ Արսլանեան Ժամկոչեան, Լիզա Գարբուզեան եւ Սօսէ Յակոբեան Տիմիթեան, բանաւոր պատճառով բացակայ էր Վալերին Վանլեան: 25 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Նանոր Շիրինեան, բանաւոր պատճառով բացակայ էին Դանիա Գաբրիէլեան եւ Սալբի Գասպարեան Խրիկեան, իսկ Լաւալէն զարդասեղ ստացաւ Մարի Չոքաքէլեան: Ձեռամբ Շրջանային վարչութեան անդամներ Անի Թաշճեանի եւ Քրիստին Աֆարեանի, 35 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Յասմիկ Քատըքխօտազատէհ, Թալին Քատըքխօտազատէհ, Յովսէփ Եմէնէճեան, Անի Զարիքեան եւ Մարի Պէնօհանեան, որուն փոխարինեց դուստրը՝ Մարալ Պէնօհանեան, բանաւոր պատճառով բացակայ էին Գարլա Նահապետեան Շիրինեան, Սալբի Տարագճեան եւ Մակի Տէրտէրեան, իսկ Լաւալէն՝ Վրէժուհի Տէրվիշեան, Արտա Կիւլեան, Մարիա Գասապեան, Մարի Չէրչեան, Ազատուհի Գասպարեան եւ Ազնիւ Տէր Մովսէսեան:
50-ամեայ ծառայութեան զարդասեղ եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիր ստացան Մոնթրէալէն Անայիս Տէրտէրեան, իսկ Լաւալէն՝ Սրբուհի Բաբախեան, Ծովիկ Շահինեան եւ Էլիզապէթ Հարպոյեան, ձեռամբ Շրջանային վարչութեան անդամ Անի Թաշճեանի: 60-ամեայ ծառայութեան համար Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիր ստացան Մոնթրէալէն՝ Տիանա Հաճէթեան, Վանի Գապասաքալեան, Անահիտ Գաբրիէլեան, Անի Սերոբեան, Սեդա Թապաքեան եւ Յասմիկ Երեմեան, ձեռամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լիւսի Շահինեանի: Իսկ 75-ամեայ ծառայութեան համար նոյնպէս Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիր ստացան «Սօսէ» մասնաճիւղէն Մարի Խաչատուրեան եւ Անահիտ Մարգարեան, որուն փոխարինեց դուստրը՝ Սալբի Մարգարեան, ձեռամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիւսի Շահինեանի:
Կնքամայրութեամբ «ՀՕՄ-ի օր»ուան հանդիսութեան Միացեալ յանձնախումբի ատենապետուհի Մարալ Պէրպէրեանի, 14 նորագիրներ ՀՕՄ-ի երդումը կատարելով միացան երկու մասնաճիւղերուն, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան հանդիսավարները: Աւարտին Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեան փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ապա ըսաւ. «20-րդ դարու ծառայութեան սքանչելի օրինակ մըն է Մայր Թերեզան, որուն երբ հարցուած է, թէ ի՛նչ կրնանք ընել աշխարհը աւելի լաւ տեղ դարձնելու համար, ան պատասխանած է, թէ գացէ՛ք տուն եւ սիրեցէ՛ք ձեր սեփական ընտանիքը: ՀՕՄ-ը իր ոսկի սրտով կը սիրէ հայ ընտանիքը, այսինքն՝ համայնքային մեր տուներուն ամբողջական սիւնը», եւ աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»