ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի «Մէկ դատ, մէկ նպատակ եւ միասնական պահանջատիրութիւն» վազքարշաւը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց

Այս տարի, երկրորդ անգամ ըլլալով, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Մէկ դատ, մէկ նպատակ եւ միասնական պահանջատիրութիւն» վազքարշաւը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին, որուն նուիրատուութեան բաժինը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի «Hearts of Hope»՝ Յոյսի ծրագրին, որ կը միտի օճախներ ապահովել անօթեւան մնացած արցախահայութեան։

Սոյն նախաձեռնութիւնը սկիզբ առաւ շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 9։00-ին, Ալպերթ Աճեմեանի վազքարշաւով։ Տեղին է նշել, թէ ընկ. Ալպերթը վազեց 111 քլմ., իրեն միացաւ ընկ. Սամ Մանուկեանը 30 քլմ.-էն, ապա ամէն 10 քլմ.-ի` ԳԵՄ-ական ընկերներէ խումբ մը միացաւ անոնց։ Սոյն վազքարշաւը տեւեց մինեւ յաջորդ առաւօտ ժամը 9։30, ուր վազող խումբին միացան թորոնթոհայ գաղութի անդամներ, երիտասարդներ, պատանիներ եւ փոքրեր, որոնք նոյնպէս վազեցին 11 քլմ. եւ կամ քալեցին 5 քլմ.։

Միջոցառման բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որուն յաջորդեց Էլիզապէթ Գանտահարեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ ըսաւ. «Այսօրուան ձեր ներկայութիւնը, լուրջ նշանակութիւն եւ իմաստ ունի մեզի համար։ Այսօր կը նշուի ցեղասպանութեան 111-ամեակը. երախտապարտ ենք ձեզի, որ երկրորդ տարին ըլլալով այս վազքը մեծ քաջալերանքի արժանացաւ ձեր կողմէ: Այս նախաձեռնութիւնը ցոյց կու տայ, որ մենք տակաւին կը յիշենք եւ կու գանք ըսելու, որ ունինք մէկ դատ, մէկ նպատակ եւ միասնական պահանջատիրութիւն»։

Եզակի այս նախաձեռնութիւնը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ թորոնթոհայութեան կողմէ, որոնք վազեցին Հայ կեդրոնի շրջակայ թաղամասերը եւ մէկուկէս ժամ ետք վերադարձան հաւաքման վայր, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Հուրինա
«Հորիզոն»