Ռուբէն Վարդանեան եւ այլ հայ գերիներ տեղափոխուած են Պաքուի Ումբակի բանտային համալիր
- (0)

Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի մօտ հայ գերիներու իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն» լրատուականին յայտնած է, որ Ատրպէյճանի մէջ քսան տարուան ազատազրկման դատապարտուած Ռուբեն Վարդանեանը եւ այլ հայ գերիներ տեղափոխուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ենթակայ քննչական մեկուսարանէն դէպի Արդարադատութեան նախարարութեան ենթակայ քրեակատարողական հիմնարկ՝ Պաքուի Ղարադաղ շրջանին մէջ գտնուող Ումբակի բանտային համալիր։
Սահակեան նշած է, թէ իրավիճակը «անհանգստացնող եւ մտահոգիչ» է՝ աւելցնելով, որ Վարդանեանի ընտանիքէն ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ նոյն հաստատութիւն տեղափոխուած են նաեւ այլ հայ գերիներ։ Ան ընդգծած է, որ նոր հաստատութեան մէջ անոնց կեցութեան պայմաններուն վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն առկայ չէ, իսկ գործընթացը զուրկ է անհրաժեշտ թափանցիկութենէն։
Ան նաեւ շեշտած է, որ միջազգային իրաւունքի նորմերով նախատեսուած երաշխիքները խախտուած են, քանի որ ընտանիքի անդամները նախապէս չէին տեղեկացուած տեղափոխութեան ժամկէտին, վայրին կամ կալանաւորման պայմաններու փոփոխութիւններուն մասին։
Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեան այս տարուան փետրուարին Պաքուի դատարանին կողմէ դատապարտուած էր քսան տարուան ազատազրկման՝ շարք մը շինծու մեղադրանքներով։ Վերջին դատական նիստին ան արգիլած էր իր փաստաբանին ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ՝ դատավարութիւնը բնութագրելով որպէս «ֆարս»։ Շուրջ մէկ տարի տեւած գործընթացին չէին մասնակցած անկախ փաստաբաններ, իրաւապաշտպաններ կամ լրատուամիջոցներ, իսկ ընտանիքը վճիռը գնահատած էր որպէս «սարսափեցնող, թէեւ ոչ անսպասելի»։