Սենթ Գաթրինզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի պաշտօնական ոգեկոչում
- (0)

Կազմակերպութեամբ Սենթ Գաթրինզի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ Սենթ Գաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, Սենթ Գաթրինզի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական ոգեկոչումը։
Միջոցառման ներկայ էին Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետ Մաթ Սիսքոյ, նահանգային խորհրդարանի երեսփոխան Ճէնի Սթիվընզ, դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխան Քրիս Պիթըլ եւ քաղաքապետական խորհուրդի շարք մը անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող կազմակերպութիւններու եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ։
Յայտագիրի հանդիսավարներ Արմինէ Ղազարեանի ու Ալիս Այվազեանի բացման խօսքէն ետք, ՀՄԸՄ Սենթ Գաթրինզի մասնաճիւղի սկաուտները, ընկերակցութեամբ գաղութի երիցագոյն անդամներէն Սեպուհ Թոքաճեանի, միասնաբար վառեցին յաւերժութեան ջահը՝ խորհրդանշելով սերունդներու շարունակականութիւնն ու պայքարի յարատեւումը։
Ապա յաջորդաբար խօսք առին քաղաքական ներկայացուցիչները, որոնք, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին, շեշտեցին յիշողութեան պահպանման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր սերունդները այդ յիշատակով դաստիարակելու կարեւորութիւնը՝ ամրապնդելու համար մարդկութեան հանդէպ հաւաքական յանձնառութիւնը եւ նման ոճիրներու կանխարգիլման պատասխանատուութիւնը։
Ապա գաղութի երիտասարդ անդամներէն Սիլվանա Օքաճեան իր խորհրդածութիւնները բաժնեց ներկաներուն հետ՝ անդրադառնալով ցեղասպանութեան հետեւանքներուն իր եւ իր սերնդակիցներու վրայ, շեշտելով, որ յիշելով եւ պահանջելով է, որ նոր սերունդը պիտի երաշխաւորէ իր հայատրոփ գոյատեւումը։
Գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին մեներգով հանդէս եկաւ Արմինէ Ղազարեան։
Օրուան պատգամը փոխանցեց փրոֆեսոր Յովիկ Գույումճեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց ներկայ պայմաններուն մէջ Հայ Դատի ի խնդիր տարուող պայքարի հետեւողականութեան եւ առաւել ուժեղացման հրամայականը՝ նշելով, որ Գանատահայութիւնը, իր աւելի քան հարիւրամեայ հայապահպանման փորձով, տէր է իր դատին եւ պիտի շարունակէ այդ պայքարը՝ յանուն մեր ազգային նպատակներու կենսագործման։
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ։