Մայր Աթոռը կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի կառավարութեան՝ կանխելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը
- (0)

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խիստ վրդովմունքով արձագանգած է այն տեղեկութիւններուն, թէ Ստեփանակերտի մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հողին հաւասարեցուցած են Սուրբ Յակոբ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր հարակից տարածքին մէջ գտնուող խաչքարերն ու յուշակոթողները։
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ մտահոգութիւն կը յայտնուի նաեւ Ստեփանակերտի Առաջնորդանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր տաճարի ոչնչացման վերաբերեալ շրջանառուող տեղեկութիւններուն շուրջ։
Մայր Աթոռը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող՝ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը՝ ընդգծելով, որ թիրախաւորուած են յատկապէս հայկական քրիստոնէական սրբավայրերը։ Մայր Աթոռը նշած է, որ այս քաղաքականութիւնը նպատակ ունի ամբողջութեամբ ջնջելու հայկական հետքը Արցախէն։
Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ պետական մակարդակով իրագործուող այս քաղաքականութիւնը կը վկայէ Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան շարունակականութեան մասին, ինչ որ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի հետ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ հնչեցուող յայտարարութիւնները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ ուղղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ անհապաղ եւ գործնական քայլերու դիմելու՝ կանխելու Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացումն ու իւրացումը։
Միաժամանակ, կոչ ուղղուած է նաեւ միջազգային հանրութեան՝ մասնաւորաբար մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ եւ տարածաշրջանային խաղաղ համակեցութեամբ շահագրգիռ պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որպէսզի ազդու միջոցներով կասեցնեն Արցախի մէջ տեղի ունեցող մշակութային ոճրագործութիւնները։