Պոլսոյ մէջ կրկին արգիլուած է ապրիլ 24-ի ոգեկոչման հաւաքը

Պոլսոյ մէջ այս տարի եւս արգիլուած է ապրիլ 24-ի ոգեկոչման հաւաքի կազմակերպումը։ «Ապրիլ 24-ի յիշատակի հարթակ»-ը դիմած էր նահանգապետարանին՝ Քատըգոյ թաղամասի Սիւրէյա օփերայի շէնքին դիմաց, երեկոյեան ժամը 7։00-ին հաւաք կազմակերպելու արտօնութիւն ստանալու համար, սակայն դիմումը մերժուած է՝ ըստ «Ակօս»-ին։

Հարթակին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ վերջին տարիներուն նման դիմումները շարունակաբար կը մերժուին, մինչ համավարակէն առաջ նման ոգեկոչումներ կը կազմակերպուէին կանոնաւոր կերպով, յատկապէս Պոլսոյ մէջ։

Կազմակերպիչները շեշտած են, որ այսպիսի հաւաքներու իրականացումը ժողովրդավարական հիմնարար իրաւունք մըն է եւ կոչ ուղղած են իշխանութիւններուն՝ վերանայելու իրենց որոշումը։ Անոնք նաեւ ընդգծած են, որ նախաձեռնութեան նպատակը 1915-ի զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելն է, միաժամանակ պահպանելով հասարակական յիշողութիւնը եւ խրախուսելով անցեալի հետ առերեսումը։