Արթուր Խաչատրեան. Հայաստանը Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն էր, երրորդ երկիրներու կարծիքը վճռորոշ չէր
- (0)

ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Խաչատրեանը խիստ քննադատութեան ենթարկած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն՝ Հայաստանը Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան համապատասխան դիրքորոշումներէն ետք։
Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն էր Արցախի անվտանգութեան միակ իրական երաշխաւորը, եւ քանի որ հոն հայ բնակչութիւն կ’ապրէր, ապա որեւէ երրորդ երկրի կարծիք չէր կրնար որոշիչ դեր ունենալ այս հարցին մէջ։
Խաչատրեանը յիշեցուցած է, որ եթէ հայկական կողմը առաջնորդուէր օտար պետութիւններու կամ միութենական կեդրոնի կամքով, ապա 1988-ին Արցախեան շարժումը երբեք չէր սկսեր, քանի որ այն ժամանակ եւս Խորհրդային Միութիւնը դէմ էր սահմաններու փոփոխութեան։
Խաչատրեան շեշտած է, թէ Փաշինեանը հերթական անգամ կը փորձէ սեփական քաղաքական պատասխանատւութիւնը բարդել այլ կողմերու վրայ՝ անտեսելով այն իրողութիւնը, որ բանակցութիւններուն մէջ առաջնայինը պէտք է ըլլար Արցախի ժողովուրդին կամքն ու դիրքորոշումը։