Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները Երեւանի մէջ հանդիպեցան Իշխան Սաղաթէլեանի եւ Քրիստինէ Վարդանեանի հետ

Թորոնթոյի Հայ Օգնութեան Միութեան ամենօրեայ վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները, Հայաստան կատարած իրենց այցելութեան շրջածիրէն ներս, Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի, ինչպէս նաեւ Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի Սիմոն Վրացեան կեդրոնի շէնքէն ներս։

Հանդիպման ընթացքին, աշակերտները ունկնդրեցին խորհրդարանի անդամներու ներկայացումները, որոնք կ՛անդրադառնային Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին, ազգային մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Հայ Դատի առնչուող հարցերուն։ Աշակերտները նաեւ առիթը ունեցան ուղղակի հարցումներ ուղղելու եւ քննարկման մասնակցելու՝ դրսեւորելով բարձր հետաքրքրութիւն եւ ներգրաւուածութիւն։

Այցելութեան շրջանակին մէջ, աշակերտները շրջայց կատարեցին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակի գետնայարկը գտնուող Դաշնակցութեան թանգարանին մէջ, ծանօթանալով կազմակերպութեան պատմութեան, գործունէութեան եւ ազգային պայքարի առանցքային հանգրուաններուն։

Այս այցելութիւնը աշակերտներուն համար հանդիսացաւ ուսուցողական եւ ոգեւորիչ փորձառութիւն մը՝ ամրապնդելով անոնց կապը հայրենիքին եւ ազգային կառոյցներուն հետ։