Շաբթուան ամփոփումը (13 մարտ 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– Թորոնթոյի ՀՅԴ Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէն յայտարարած է, թէ հետեւողական ջանքերու շնորհիւ ձեռք ձգած է 211 Consumers Road հասցէին գտնուող համալիր մը՝ շուրջ 15.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ, որ պիտի փոխարինէ Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման նախնական ծրագիրը։ Այս մէկը կը հանդիսանայ համայնքի պատմութեան մէջ տնտեսական ամենամեծ ներդրումը։ Նախատեսուած է, որ նոր համալիրին մէջ տեղաւորուին ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 7-12-րդ կարգերը՝ ստեղծելով լրացուցիչ տարածք մանկապարտէզի եւ նախակրթարանին բարեփոխման համար եւ լուծելով տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող տեղերու անբաւարարութեան խնդիրը։ Աննախընթաց այս նախաձեռնութիւնը իրագործելու նպատակով ACC Beyond հանգանակային արշաւը պիտի վերամեկնարկուի եւ ուղղուի այս նոր ծրագրին, որուն նպատակը գանատահայ համայնքի կրթական եւ մշակութային զարգացման երկարաժամկէտ ապահովումն է։


– Մարտի առաջին օրերուն Պրիթիշ Քոլոմպիոյ մէջ տեղի ունեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ եւ շարք մը քաղաքական հանդիպումներ։ Մարտ 6-ին Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան շեշտեց ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան եւ համազգային միաւորման անհրաժեշտութիւնը ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Իր այցելութեան շրջածիրէն ներս Ռուստամեան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիոյ վարչապետ Տէյվիտ Էպիի, նահանգային նախարար Ատրիան Տիքսի եւ օրէնսդիր ժողովի նախագահ Ռաճ Չուհանի հետ՝ ներկայացնելով Հայաստանի քաղաքական կացութիւնը, Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան հետեւանքները եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը։ Ան Վանգուվըրի մէջ հանդիպեցաւ նաեւ Գանատայի Նոր Ժողովրդավարական Կուսակցութեան ժամանակաւոր ղեկավար Տոն Տէյվիսի հետ, ուր քննարկուեցան Հայաստանի եւ տարածաշրջանի զարգացումները, իսկ կողմերը վերահաստատեցին համագործակցութեան եւ հայութեան վերաբերող հարցերու շուրջ շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։


– ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ անցնող շաբաթ Գանատայի տարբեր շրջաններու մէջ 17 նորագիրներ միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն՝ կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի։ Ռուստամեան իր խօսքին մէջ ողջունեց նորագիրներու որոշումը եւ ներկայացուց նուիրեալ դաշնակցականի պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները՝ շեշտելով, որ կուսակցութեան անդամակցութիւնը կը նշանակէ խոնարհ ծառայութիւն ազգին ու ժողովուրդին եւ նուիրում՝ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի գաղափարին իրականացման գործին։


– Իրանի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններու լոյսին տակ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խորհրդակցութիւններ ունեցած է Իրանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի, Քուէյթի եւ Կիպրոսի հայ համայնքներու պատասխանատուներուն հետ՝ տեղեկութիւններ ստանալու Միջին Արեւելքի լարուած իրավիճակին մասին։ Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նշուած շրջաններու հայ համայնքներուն մէջ մարդկային զոհեր չկան, իսկ վնասները սահմանափակ են։ Վեհափառ Հայրապետը համայնքային պատասխանատուներուն յորդորած է զգուշաւորութիւն ցուցաբերել եւ մօտէն հետեւիլ համայնքներու կարիքներուն, մինչ կրթական հաստատութիւններու մէկ մասը ժամանակաւորաբար անցած է առցանց ուսուցման։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ նախագահած է Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական ժողովի առցանց նիստը, ուր քննարկուած են տարածաշրջանային զարգացումները եւ Լիբանանի ու այլ շրջաններու հայ համայնքներուն աջակցելու կարելիութիւնները։ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հրթիռային հարուածի թիրախ դարձած է Թեհրանի Մաջիտիէ հայկական հին թաղամասին մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը՝ կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը։ Տեղեկութիւններու համաձայն՝ զոհեր չեն արձանագրուած, սակայն որոշ բնակիչներ փլատակներուն տակ մնացած են, եւ փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։ Մաջիտիէն կը համարուի Թեհրանի հայկական հին թաղամասերէն մէկը, որ տարիներ շարունակ յայտնի եղած է իր համայնքային աշխոյժ կեանքով եւ զարգացած ենթակառոյցներով։

– Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայակական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, «Շանթ նիուզ»-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Լիբանանի վրայ վերջին օրերուն Իսրայէլի յարձակումներուն՝ նշելով, որ հարաւային Լիբանանը, Պեքան եւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները շարունակաբար կը թիրախաւորուին, իսկ Իսրայէլ կը ձգտի ստեղծել հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ անմարդաբնակ գօտի։ Բագրատունի ընդգծած է, որ թիրախաւորուող շրջաններուն մէջ հայկական բնակչութիւն գրեթէ չկայ, եւ լիբանանահայութիւնը հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Պուրճ Համուտի եւ Լեռնալիբանանի մէջ։ Ան նաեւ նշած է, որ ներկայիս Հայաստան հայրենադարձութեան հարցը լրջօրէն օրակարգի վրայ չէ, քանի որ այդպիսի գործընթաց պէտք է ծրագրուած կերպով իրականացուի եւ ոչ թէ միայն պատերազմի պայմաններուն մէջ։


ՀԱՅԱՍՏԱՆ

 «Հայաստանում ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարան» (IODA) նորաստեղծ նախաձեռնութիւնը յայտարարած է իր առաջին փաստահաւաք առաքելութեան մեկնարկը՝ նպատակ ունենալով գնահատել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական պայմանները յունիս 7, 2026-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ։ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային իրաւաբան դոկտ. Ֆիլիբ Քալֆայեանի հիմնադրած այս անկախ եւ ոչ կուսակցական նախաձեռնութիւնը կը համախմբէ ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ոլորտներու միջազգային մասնագէտներ։ Մարտ 7-12 Հայաստան գտնուող պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ պետական հաստատութիւններու, Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու, ընտրական եւ դատական մարմիններու, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանին, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու, քաղաքական ուժերու, լրատուամիջոցներու եւ միջազգային դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ։ Նախաձեռնութիւնը կը նշէ, որ չի զբաղիր պաշտօնական ընտրադիտարկումով, այլ կը նպատակադրէ անկախ վերլուծութիւն ներկայացնել Հայաստանի ժողովրդավարական միջավայրին մասին։ Նախնական եզրակացութիւնները նախատեսուած են հրապարակուիլ 2026-ի ընթացքին։


– Լոնտոնի մէջ գործող Apollo հանրային կապերու ընկերութեան կողմէ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն ուղարկուած նամակներու արտահոսքը բացայայտած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին (ANCA) դէմ ուղղուած քարոզչական արշաւ մը։ Մարտ 2, 2026 թուակիր նամակին մէջ ընկերութիւնը լրագրողներուն առաջարկած էր «ոչ հրապարակային քննարկումներ»՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործունէութիւնը քննադատող տեղեկութիւններ տրամադրելու նպատակով։ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը նշէ, թէ այդ նիւթերը կը կրկնեն ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան երկարամեայ թեզերը եւ կը մատնանշէ, որ ընկերութեան մայր կազմակերպութիւնը՝ RSK Group-ը, կապեր ունի Ատրպէյճանի մէջ գործող ընկերութիւններու հետ։ Նամակին մէջ նաեւ առաջարկուած էր լրագրողներներուն՝ կապեր հաստատել շարք մը անձերու հետ՝ ներառեալ Հայաստանի հանրապետութեան իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանի, պատմաբան Նժդեհ Յովսէփեանի եւ Քարնէկի հիմնադրամի փորձագէտ Կարօ Փայլանի անունները։ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակը պահանջած է պարզաբանել, թէ ո՛վ ֆինանսաւորած է արշաւը, եւ թէ ինչո՞ւ ընկերութիւնը չէ գրանցուած Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Օտարերկրեայ գործակալներու օրէնքին համաձայն, ընդգծելով, որ դէպքը նոր մտահոգութիւններ յառաջացուցած է ամերիկահայ կազմակերպութիւններու դէմ համակարգուած արշաւներու վերաբերեալ։


– Մարտ 5-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը ազատ արձակուեցաւ «Երեւան Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկէն՝ Վերաքննիչ դատարանի դատաւոր Արսէն Նիկողոսեանի որոշումով։ Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն, իր փաստաբաններուն, հոգեւոր եղբայրներուն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ, ինչպէս նաեւ այն հասարակական եւ քաղաքական գործիչներուն, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերած էին եկեղեցիին եւ եկեղեցականներուն։ Արշակ սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ կալանաւորութիւնը չէ փոխած իր հայեացքները՝ նշելով, թէ իր դիրքորոշումները մնացած են նոյնը։


ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

– Իրանի Փորձագէտներու ժողովը հաստատած է Այաթոլլա Մոջթապա Խամենէիի նշանակումը իբրեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նոր գերագոյն առաջնորդ՝ իր հօր՝ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահէն ետք, որ սպաննուած էր փետրուար 28-ին սկսած Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի համատեղ ռազմական հարուածներու առաջին փուլին ընթացքին։ Մինչ այդ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները Իրանի դէմ կը շարունակուին՝ սրելով տարածաշրջանային լարուածութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու նախագահ Թրամփ յայտարարած է, թէ պատերազմի դադրեցման հարցը պիտի քննարկուի Իսրայէլի հետ, մինչ Իրանի իշխանութիւնները շեշտած են, որ երկրի ղեկավարութեան ընտրութիւնը բացառապէս իրանական ժողովուրդի ներքին հարցն է։ Միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղած է դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ անցնելու քաղաքական լուծման, մինչ շարունակուող պատերազմը կը խորացնէ Մերձաւոր Արեւելքի անկայունութիւնը եւ կը խանգարէ համաշխարհային շուկաները։

– Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ Human Rights Watch-ը, մեղադրած է Իսրայէլը՝ Լիբանանի հարաւային Եոհմոր գիւղին մէջ բնակելի թաղամասերու դէմ յարձակումներու ժամանակ սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող արկեր օգտագործելու հարցով։ Կազմակերպութիւնը կը նշէ, թէ լուսանկարներու աշխարհագրական ստուգումով հաստատած է այդ զինամթերքի կիրառումը, որ միջազգային օրէնքով արգիլուած կը նկատուի բնակեցուած տարածքներու մէջ՝ ծանր այրուածքներ պատճառելու վտանգին պատճառով։ Դէպքը տեղի ունեցած է այն բանէն ետք, երբ իսրայէլեան ուժերը բնակիչներուն կոչ ուղղած էին լքելու շրջանը, մինչ Իսրայէլի բանակը դեռեւս պաշտօնական մեկնաբանութիւն չէ կատարած մեղադրանքներուն շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ Լիբանանի իշխանութիւններուն համաձայն՝ իսրայէլեան շարունակուող հարուածներուն հետեւանքով առնուազն 570 մարդ զոհուած է, իսկ հարիւր հազարաւոր բնակիչ տեղահանուած։