Ինչո՞ւ Սփիւռքի նուիրուած խորհրդաժողով մը Լոս Անճելըսի մէջ, եւ ինչո՞ւ հիմա

Մարտ ամսուան կիսուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Լոս Անճելըսի մէջ պիտի գումարէ սփիւռքեան օրակարգով խորհրդաժողով մը: Անիկա ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի շարքերուն համար կազմակերպուած, ներքին, աշխատանքային խորհրդաժողով մըն է՝ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը եւ անոր ապագայ ուղղութիւնը խորքային մօտեցումով քննելու համար: Համապատասխան մասնագէտներ եւ փորձառու համայնքային գործիչներ եւս պիտի հրաւիրուին՝ քննարկումներուն խորքը եւ բովանդակութիւնը հարստացնելու նպատակով:

Մասնակցողները պիտի անդրադառնան արեւմտեան Սփիւռքի դիմագրաւած քաղաքական, կազմակերպական եւ համայնքային մարտահրաւէրներուն: Խորհրդաժողովին նպատակը ո՛չ թէ հանդիսութիւն մը բեմադրելն է, կամ կարգախօսներ արտադրելը, ոչ ալ հրապարակային յայտարարութիւններ տարածելը. անոր նպատակը խթանելն է լուրջ եւ բովանդակային քննարկում մը, որ թերեւս շարք մը բարդ հարցերու յստակացումներ կը ներկայացնէ: Այլ խօսքով՝ ասիկա դիտումնաւոր եւ կեդրոնացած զրոյց մըն է, փո՛րձ մը՝ կանգ առնելու եւ հաւաքաբար հիմնական հարցադրումներ կատարելու ներկայ Սփիւռքի դերին, ուղղութեան եւ պատասխանատուութիւններուն մասին՝ ներկայ աշխարհի ընդհանուր պատկերին, պարունակին եւ պայմաններուն մէջ:

Ոմանք իրաւամբ կրնան հարցնել, թէ ինչո՛ւ Սփիւռքին ուշադրութիւն դարձնել այն ժամանակ, երբ Հայաստան քաղաքական եւ ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Պատասխանը այն չէ, թէ Հայաստան պակաս կարեւոր է, ոչ ալ՝ թէ Սփիւռքը աւելի կարեւոր է: Պատասխանը այն է, որ մենք մէկ ազգ ենք, որուն ուժը կախուած է թէ՛ իր պետութեան, թէ՛ աշխարհասփիւռ համայնքներուն ներդաշնակ եւ փոխլրացնող ներկայութենէն, եւ որուն նպատակը լ Հայաստան–Սփիւռք փոխլրացումն ու համազգային ընդհանուր կարողութիւնը ամրապնդելն է:

Հայաստան եւ Սփիւռք առանձին իրականութիւններ չեն: Անոնք մէկ ազգային կեանքի իրար միացած հատուածներն են: Եթէ մէկը տկարանայ, միւսը վերջապէս կը զգայ այդ տկարութիւնը:

Վերջին տասնամեակներուն, մինչ մեր առաջնահերթութիւնները ընդհանրապէս առաւելաբար պետականաշինութեան վրայ կեդրոնացան, առաւել քան մէկ միլիոն քաղաքացիներ հեռացան նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնէն՝ կազմաւորելով նոր անդրսահմանային համայնքներ: Համաշխարհայնացումը արագացաւ. պատերազմները աւելիով նօսրացուցին մեր պատմական Միջին Արեւելքի կեդրոնները. ճարտարարուեստը վերաձեւաւորեց մարդկային հանրութիւնները՝ աննախադէպ արագութեամբ: Սփիւռքը ժամանակին մէջ սառած չմնաց. անիկա յարմարեցաւ նոր սերունդներու, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական իրողութիւններուն:

Այսօր, Սփիւռքը նոյնը չէ, ինչ որ էր երեսուն կամ յիսուն տարիներ առաջ էր: Տեղաշարժի հոսքերը եւ օրինաչափութիւնները փոխուած են: Հայերէնը երիտասարդ սերունդներուն կողմէ այլ կերպ կ՛ընկալուի եւ կը զգացուի: Այսօրուան սերունդները հասակ կ՛առնեն բոլորովին տարբեր միջավայրերու մէջ: Հայկական ինքնութիւնը աւելի բարդ է: Քաղաքական մասնակցութեան մակարդակը համայնքէ համայնք լայնօրէն կը տարբերի:

Նոյն ատեն, մեր շարք մը սովորութիւնները եւ կառոյցները այլ ժամանակաշրջաններու մէջ ձեւաւորուած են: Շարունակականութիւնը իր արժէքը ունի: Բայց եթէ անկեղծօրէն չվերարժեւորենք մենք մեզ՝ շարունակականութիւնը կրնայ կամաց-կամաց վերածուիլ լճացման:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Որովհետեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը Սփիւռքի մէջ՝ Ռուսիայէն բացի, ամէնէն մեծերէն մէկն է, եթէ ոչ՝ ամէնէն մեծը: Անիկա ունի թիւ, բազմազանութիւն, հաստատութիւններ եւ մարդկային ներուժ ու կշիռք: Այդ կշիռքը պատասխանատուութիւն կը պարտադրէ: Այսքան ներկայութիւն ունեցող համայնք մը չի կրնար կրաւորական մնալ կամ միայն արձագանգողի դերին մէջ ըլլալ: Անիկա պէտք է իր յստակ դերակատարութիւնը ճշդէ եւ որոշէ, թէ ինչպիսի օրինակ մը կը ձեւաւորէ:

Խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ այն հարցերը, որոնք շատեր անձնական մակարդակի վրայ կը խօսին, բայց հազուադէպ կազմակերպուած եւ համակարգուած ձեւով կը քննեն: 

Ի՞նչ է հայ Սփիւռքի դերը 21րդ դարուն՝ մասնաւորաբար 2020ի եւ 2023ի ողբալի իրադարձութիւններէն ետք: Ինչպէ՞ս պէտք է գործնական իմաստով ըմբռնենք Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները: Ի՞նչ կը նշանակէ ազգաշինութիւն՝ անդրսահմանային իրականութեան մէջ: Ինչպէ՞ս կրնանք սերունդներու միջեւ իմաստալից շարունակականութիւն ապահովել:

Երկու օր տեւող ոչ մէկ խորհրդաժողով կրնայ այս հարցերը լուծելու կարողութիւնը ունենալ: Մենք հակառակը չենք խոստանար: Բայց այս հարցերը շրջանցելը զանոնք չի վերացներ:

ՀՅԴն կը հաւատայ, որ քաղաքական պատասխանատուութիւնը ինքնախորհրդածութիւն կը պահանջէ: Եթէ կ՛ուզենք, որ հայոց ազգային նախագիծը մնայ լուրջ եւ այժմէական, պէտք է պատրաստ ըլլանք մենք մեզ անկեղծօրէն քննելու: Եւ անիկա կը ներառէ նաեւ Սփիւռքը:

Սփիւռքը չի փոխարիներ հայկական պետութիւնը: Եւ անիկա գոյութիւն չունի միայն անոր նիւթապէս կամ բարոյապէս աջակցելու համար: Սփիւռքը ինքնին քաղաքական եւ քաղաքացիական իրականութիւն է: Նոյն ատեն, անիկա մէկ ազգային ամբողջութեան մաս կը կազմէ (Հայկական Աշխարհ):

Այս խորհրդաժողովը սկիզբ մըն է: Անոր յաջողութիւնը պիտի չչափուի յայտարարութիւններով կամ վերնագիրներով: Անիկա պիտի չափուի հետեւեալ հարցադրումին պատասխանելով՝ արդեօք անիկա մեր ներկայ դրութեան մասին աւելի յստակ մտածողութեան եւ աւելի իրատես ըմբռնումի մը պիտի առաջնորդէ՞:

Մենք կը յուսանք, որ մասնակցողները խորհրդաժողովէն ետք եւս պիտի շարունակեն այս քննարկումը: Ոմանք կրնան հրապարակային գրութիւններով խորհրդածել՝ արծարծուած միտքերուն շուրջ: Ասիկա ինքնին իմաստալից յառաջադիմութիւն մը պիտի ըլլայ:

Հաւանական է նաեւ, որ որոշ ոլորտներու շուրջ կազմաւորուին աւելի փոքր աշխատանքային խմբակներ՝ համախմբելով կրթութեան, քաղաքական ջատագովութեան (advocacy), քարոզչութեան, երիտասարդութեան ներգրաւման կամ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու փորձառութիւն ունեցողներ: Եթէ այդպէս ըլլայ, անոնց պարտականութիւնը պիտի շքեղ յայտարարութիւններ խմբագրելը պիտի չըլլայ, այլ՝ ուրուագծումը իրականութեան վրայ հիմնուած գործնական ճանապարհային քարտէսներու:

Այս փուլին, մենք կը զգուշանանք չափազանց խոստումներ տալու: Նախքան մեծ նպատակադրումներ դնելը պէտք է նախ մեր վիճակին սթափ գնահատականը տալ: Հայ ազգային փորձառութիւնը վերջին 150 տարիներուն ընթացքին փոթորկալից եւ վերափոխիչ եղած է: Մենք միաժամանակ պատմութիւն, խոց, պետականութիւն, կորուստ, վերածնունդ եւ անորոշութիւն կը կրենք:

Նախքան յաջորդ հանգրուանը ծրագրելը պէտք է անկեղծօրէն հասկնանք, թէ ո՛ւր կը գտնուինք:

Այս ոգիով է, որ այս խորհրդաժողովը կը գումարուի:

ՀՅԴ «ՍՓԻՒՌՔ» ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ