Արցախի նախագահի պաշտօնակատարի հրամանագրով կազմուած է «Հանրային խորհուրդ» խորհրդակցական մարմինը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի հրամանագրով կազմուած է «Հանրային խորհուրդ» խորհրդակցական մարմին մը։

Համաձայն հրապարակուած տեղեկութեան՝ խորհուրդի կանոնադրութիւնը հաստատուած է սահմանուած կարգով։ Խորհուրդի նախագահ նշանակուած է ՀՅԴ անդամ՝ Գէորգի Պետրոսեանը։

«Հանրային խորհուրդ»ի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները կը վերաբերին Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան ընկերային եւ իրաւական հիմնախնդիրներու վերհանումին եւ համապատասխան առաջարկութիւններու մշակման ու ներկայացման։ Մարմինը նաեւ պիտի աջակցի Արցախի Հանրապետութեան նախագահին՝ միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան իրաւունքի հետապնդման, հայրենի հողին վրայ ապահով եւ արժանապատիւ կեանք վարելու պայմաններու ապահովման, ինչպէս նաեւ այլ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով։