Թորոնթոյի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 135-ամեակը՝ «Յանուն հայ ազգին, պատմութեան եւ ապագային» կարգախօսով
- (0)

Ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային»-ի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան կազմակերպած ՀՅԴ-ի 135-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, Ս. Երրորդութեան Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի, Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոձ հովիւ Տէր Հայկ Քհն. Շահինեան, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի հիւպատոս տիար Գրիգոր Փոսթաճեանի, Թորոնթոյի ՍԴՀԿ կուսակցութեան ներկայացուցիչներու, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեանի, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեանի, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հոգաբարձական կազմերու ներկայացուցիչներու, Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան «Ռոստոմ» եւ «Քրիստափոր» մասնաճիւղերու, Հայ Կեդրոնի Երեցներու միութեան եւ թորոնթոհայ համայնքի միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, անդամներու եւ համակիրներու։
Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Գանատայի օրհներգներով, որմէ ետք պատանիներու երգեցողութեամբ հնչեց «Մշակ Բանուոր» քայլերգը։ Մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նահատակներու յիշատակին։
Հանդիսավարութեամբ եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Բալիկ Ճապաղջուրեան-Խշուաճեան, որ ըսաւ․ «Հաւանաբար շատերու համար ազգային կազմակերպութեան մը հիմնադրութեան տօնի հերթական նշումը հանդիսութիւն մը համարուի, սակայն Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան մէջ խորապէս թափանցող անհատներու կամ հաւաքականութիւններու համար շատ պարզ կը դառնայ, որ այս նախաձեռնութիւնը սեղանի վրայ կը դնէ մեր անցած ճանապարհը, կը քննարկէ իրականացուած աշխատանքներն ու ծաւալուած գործերը, կը վերանայի իւրաքանչիւր քայլափոխի արձանագրուած ճիշդ ու սխալ գործունէութիւններն ու որոշումները եւ անոնց գործադրութիւնը, ապա կը մշակէ մինչեւ յառաջիկայ նշումը իր իրականացնելիք ծրագիրներու նախագիծը», ապա աւելցուց. «Թող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերանորոգ կամքով ու թափով ընդմիշտ նոր նուաճումներ արձանագրէ եւ օր մը իրականութիւն դարձնէ մեր գերագոյն նպատակը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումը»։
Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ․ «Այսօր տօնն է պահանջատէր հայուն։ Տօնն է այն հայուն, որ իր գոյութեան համար խիզախօրէն կը պայքարի, անարդարութեան դիմաց անզիջող կը մնայ, նահանջել չի գիտեր եւ չի թոյլատրեր, որ իր ժողովուրդը նահանջէ։ Այսօր տօնն է Հայաստանի, Արցախի, արցախահայութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար տագնապող ազնուական հոգիին»։ Հայր Սուրբը նաեւ փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի հայրական օրհնութիւնը, ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները։ Ապա հոգեւոր հայրերուն Տէրունական աղօթքով կատարուեցաւ տօնակատարութեան բացումը։
Գանատայի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ Նարօտ Գըլըպոզեան իր խօսքին մէջ նշեց․ «Այսօր կը հաւաքուինք մեր ապագան վերահաստատելու համար։ 135 տարի առաջ հիմնուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծնաւ իբրեւ ազգային ազատագրութեան եւ ընկերային արդարութեան կազմակերպուած կամք։ Ան անցաւ բռնութիւններու, գաղթի, վերածնունդի եւ պետականութեան կերտման ճանապարհով, բայց երբեք չկորսնցուց իր հաւատքը հայ ժողովուրդի ուժին հանդէպ։ Այդ հաւատքը այսօր մեր մէջ է՝ կերտուած ակումբ-դպրոց-եկեղեցի եռեակով․ դպրոցը՝ մեր մտքի եւ ազգային գիտակցութեան ամրոցը, ակումբը՝ մեր կամքի կոփման եւ ծառայութեան սրբավայրը, եկեղեցին՝ մեր հայ քրիստոնէական հաւատքի ազգային միջնաբերդը։ Աս երեքը միասին կը կերտեն կազմակերպուած, գիտակից եւ պայքարող երիտասարդութիւն։ Եւ այդ երիտասարդութիւնը մենք ենք»։
Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան փոխանցեց կոմիտէութեան խօսքը, որուն մէջ ըսուեցաւ․ «Այսօր մենք կը տօնակատարենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակը՝ մեր ազգին ու հայրենիքին համար ոչ միայն ճակատագրական, այլեւ օրհասական ժամանակաշրջանի մը ընթացքին։ Արցախի պատերազմէն եւ հայաթափումէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը առաւելապէս ենթարկուած է արտաքին ազդեցութիւններու եւ ներքին սխալ քաղաքականութիւններու, որոնք խաթարած են մեր ազգային ինքնիշխանութիւնը։ Այսպիսին է այսօրուան քաղաքական իրականութիւնը, որուն առջեւ Սփիւռքն ու համայնքներն ալ պատասխանատուութիւն ունին՝ ամրապնդելու ազգային ինքնութիւնը եւ պաշտպանելու մեր պետութիւնը», ապա աւելցուց. «Այսօր մենք պարտաւոր ենք միասնաբար դէմ դնելու բոլոր ոտնձգութիւններուն, բռնաճնշումներուն եւ ամէն տեսակի պառակտիչ գործողութիւններու։ Կրթական, երիտասարդական եւ ազգային հարցեր առկայ են, եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն պատրաստ է ստանձնելու այս պարտականութիւնները՝ օգտագործելով համայնքի ամբողջ ներուժը»։
Տօնակատարութեան ընթացքին առանձնայատուկ տպաւորութիւն գործեց ջահի փոխանցումը։ Երիցագոյն անդամներէն Խաչիկ Գանձապետեան, փոքր տարիքի անդամ-պատանի Արամ Իզմիրեանի ընկերակցութեամբ, բեմ բարձրացաւ, ուր երէց ընկերը միութեան ջահը փոխանցեց կրտսեր ընկերոջ, որպէս ապագայի ղեկավարի եւ առաջնորդի խորհրդանշան։
ՀՅԴ պատանեկան «Ռոստոմ» մասնաճիւղի գլխաւոր վարիչ Նարօտ Գըլըպոզեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ դաշնակցական պատանիի խոստումը, որով Քրիստափոր պատանեկան միութեան ընթացաւարտ պատանիները փոխանցուեցան ԳԵՄ-ի շարքերը, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Էմմա Մաթոսեանի առաջնորդութեամբ։
Տօնակատարութեան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Հայաստանէն յատուկ այս առթիւ ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Մենք միշտ ՀՅԴ-ի օրը նշելը առիթ ենք դարձնում մեր ժողովրդի առջեւ հաշուետուութիւն ներկայացնելու, անցած ճանապարհը վերլուծելու եւ ապագայ անելիքների մասին խօսելու համար: Այս տօնակատարութիւնը առանձնայատուկ է, ես կ’ասէի նաեւ՝ պատմական, որովհետեւ համընկնում է մեր ժողովրդի համար բախտորոշ ժամանակահատուածի հետ, եւ ամէն տեղ այս տրամաբանութեամբ ենք 135-ամեակը նշել: Սա մեր համար նորից մեր ուխտի թարմացումն է, մեր երդման թարմացումը, առաջին հերթին՝ դաշնակցականի կերպարի վերահաստատումը», ապա աւելցուց. «Մենք միշտ մեր ժողովորդի հետ ենք եղել, մեր ժողովրդի կողքին ենք եղել, երբոր անհրաժեշտ է եղել նրա իրաւունքները պաշտպանել եւ նրա ինքնութիւնը պաշտպանել: Այսօր վտանգուած է հենց մեր ինքնութիւնը, եւ իրաւունքները ընդհանրապէս պաշպանող չկայ»:
Ռուստամեան անդրադարձաւ վերջին ութ տարիներուն ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններուն կործանարարա քաղաքականութեան եւ կոչ ուղղեց ողջ հայութեան՝ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, միաւորուելու եւ տէր կանգնելու մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն ըսելով. «Ես վստահ եմ, որ մեր ուժերի միաւորումը, ինչպէս եղաւ հայ յեղափոխականների միաւորումը 135 տարի առաջ, նոյն ձեւով մեր ժողովրդին դաժան փորձութիւնները յաղթահարելով կը բերի լուսաւոր ապագայ։ Նոյն բանն է տեղի ունեցել Աւարայրում 451 թուականին, երբոր մահ իմացեալ անմահութիւն է, եւ մահ ոչ իմացեալ՝ մահ կարգախօսով վասն հաւատի եւ վասն հայրենեաց մեր նախնիները միաւորուեցին, ելան պայքարի եւ պահպանեցին մեր ինքնութիւնը։ Նոյն խնդիրն այսօր էլ է առաջացել։ Մենք պարտաւոր ենք վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատի միաւորուել եւ այս վիճակից մեր ժողովրդին դուրս բերել»:
Անկէ ետք Խումբ մը ԳԵՄ-ականներ ներկայացուցին Սիամանթոյի «Դարերու վրէժ» ասմունքը, որմէ ետք նոյնպէս խումբ մը ԳԵՄ-ականներու կողմէ «Ժողովուրդին համար, ժողովուրդին հետ» կենդանի պատկերի ներկայացում մը տեղի ունեցաւ, որուն հեղինակն էր Հուրինա Պէրպէրեան-Վերտանեան, իսկ բեմականացումը կատարած էր Անդրանիկ Խշուաճեան։
Տօնակատարութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Համազգայինի «Արցախ» պարախումբը՝ «Արտաշատ» պարով, «Էրեբունի» պարախումբը՝ «Արցախ» պարով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նելլի Կարապետեանի։ Նաեւ ելոյթ ունեցաւ «Հայ աստղեր» երգչախումբը՝ «Խաղաղ երկինք» եւ «Իմ Հայաստան» երգերով, մեներգութեամբ Լիլիթ Նաճճարեանի, խմբավարութեամբ Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վանիկ Յովհաննէսեանի։
Տօնակատարութեան աւարտին ելոյթ ունեցան թորոնթոհայ երգիչներ Յարութ Պետրոսեան՝ «Քրիստափորի երգը», եւ Սերոբ Յակոբեան՝ «Քեզի յարգանք ու մեծարանք» ազգային երգերով, իսկ «Արիւնոտ դրօշ»-ով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը։
Հուրինա
Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի










