ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ կամ ՎԱՐԺԵՑՈՒՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ

(Սփիւռքեան մտածողութիւն մը)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․

ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ․․․

2. գ.- Յ. Քիւրքճեանի «Երկրորդ Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով» գրափորձը ի՞նչ կ’ըսէ։

Կը մեկնի նշելով Վարդգէս Պետրոսեանի «Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով» խորհրդածութեան իր ընթերցումը Փարիզի մէջ, Անն տը Պրըթանէի արձանին տակ, եւ այն «բնանկարին գրկին», ուր անցեալի սերունդ մը փորձած էր իր կացութիւնը մտածել (Շահան Շահնուրի սերունդը), սակայն խեղդուած էր իր «աւանդութիւն» համարածին մեռնելուն համար ողբին եւ ընդհանրական նահանջի պաթոսին մէջ։ Ապա յիշած է «ակադեմական ֆրանսերէն»ով իր խօսակցութիւնը համալսարանական ընկերոջ մը՝ Շարլիի հետ։ «Ակադեմական ֆրանսերէն»ով՝ որովհետեւ ատոր «կաղապարներուն» մէջ ձեւի կու գային ուսանողական իրենց մտքերը, եւ ատիկա «անհամեմատ աւելի հեշտ» կը թուէր թէ՛ «կիսով չափ ֆրանսախօս» Շարլիին, եւ թէ՝ իրեն։ Խօսակցութեան հիմնատարրը՝ «սփիւռքահայու կարելիութեան հարցն» էր, «անոր կացութեան (condition) սահմանումը», անոր «եզրեր»ուն (dimensions) ճանաչումը, եւ ստանձնումը։ Ընկերոջ հետ մտքերու փոխանակումը կանխած էր իր «հանդիպում»ը Պետրոսեանի խորհրդածութեան, որուն մէջ գտած էր երիտասարդ, պայծառատես ծաւալող բանականութիւն եւ ուժ։

Քիւրքճեանի ֆրանսահայ համալսարանական սերնդակիցներուն, եւ իրեն համար՝ Շահնուրեան սերունդին ողբն ու պաթոսը մերժելի էին։ Ըստ 30-ականներու սերունդին, եւ անոր հետեւողներուն՝ կացութիւնը անել մըն էր, թէ հայօրէն ըլլալը կարելի էր միայն՝ «աւանդապաշտ»ութեամբ, որ ձուլումին հակադրուիլն էր։ Մինչդեռ կացութիւնը «շատ աւելի բարդ» էր  (ինչպէս է որեւէ կացութիւն)  քան հակադրողական ըմբռնումը, խորհած էին ուսանող երիտասարդները։  Քիւրքճեան գրած է. «Մեր թուականութեան 1968 տարին, Փարիզի մէջ կամ այլուր, հայութեան մասին մտածող հայածին երիտասարդը չի հասկնար – եւ դժուար է հասկնալ – որ ամբողջ սերունդ մը (եւ անոր յաջորդ աշակերտող սերունդը), քառասուն տարիէ ի վեր, Փարիզէն մինչեւ Պէյրութ, Պոսթընէն մինչեւ Թեհրան՝ ճօճուած ըլլայ այս երկու հում տուեալներուն միջեւ – պահպանումի խուճապին եւ նահանջի խուճապին, ապրած ըլլայ պարզ տուեալով»։ Իր եւ իր տեսակէն սերունդին կեցուածքն էր ո՛չ թէ ենթարկուիլ խուճապներուն, այլ՝ ըլլալ ստեղծագործ։ Որովհետեւ այն խուճապները՝ «գոյութենական օտարում» կը յառաջացնէին։

Յետոյ Քիւրքճեան անցած է իր ծննդավայրին՝ լիբանանահայ գաղութին մէջ փնտռելու «ստորոգութիւնները», որոնցմով գաղութը կը ճանչնայ ինքզինք, եւ իր հաւաքական կացութիւնը։ Ենթադրած է, թէ այն ստորոգութիւնները նոյնը ըլլալու էին կամ նոյնանման՝ Պուրճ Համուտէն Թեհրան, կամ Գահիրէէն Պոլիս, անդին՝ տեղական բոլոր տարբերութիւններէն։

Պէյրութն ու Պուրճ Համուտն էին իր եւ իր համաքաղաքացի հայ սերնդակիցներէ շատերուն մանկութեան եւ պատանութեան միջավայրը։ Իրենց հետ էին 1915-ի սերունդը, Տէր Զօրը՝ որ արքատիպային տիրապետութեամբ ներկայ էր հաւաքական ենթագիտակցութեան վրայ, թիթեղաշէն տուներ, ցեխ, ջանք համայնքային կազմակերպումի, սրտաճմլիկ ֆոլքլոր, ազգային վարժարաններ՝ «պաթեթիք» ուսուցիչներով, որոնք տեղական լեզուին անծանօթ էին (ինք «տգիտութիւն» ծանր բառը գործածած է),  եւ աշակերտներուն կը յորդորէին արաբերէն չսորվիլ՝ չայլասերելու համար, զարմանազան հարցեր, առասպելական անտեղեակութիւն երկրին առօրեային, «աղաներ» եւ անոնց մանկալաւիկ «խոստմնալից երիտասարդ մտաւորական»ներ եւայլն։

Քիւրքճեան իր սերունդի դաստիարակութեան անդրադառնալով, գրած է, թէ իրենք կորսուած էին «ազգային» դաստիարակութեամբ դպրոցին եւ քաղաքի գրաւչութիւններուն մէջ։ Զգացումը ունէին, թէ քաղաքին մէջ «ապօրինի բան մըն էր» իրենց հայութիւնը, «կէս բան մը», թէեւ ըստ իրենց տրուած պատգամներուն՝ երբեմն կը յաջողէին «հպարտ ըլլալ» իրենց հայութեամբ։ Դաստիարակութիւնը՝ իրենց առօրեան, տնտեսական պայմանները, «վայելած առաւելութիւններ»ը,  շրջապատի մշակութային-քաղաքակրթական տարրերը կը քարոզէր իբր հակադրական հայկականութեան։ «Անհաւատալի այլուրութիւն» մըն էր հայ հաւաքական ծիրը։ Այնուհանդերձ, իրենք տարտամօրէն կը զգային նաեւ կարիքը «օրինականացնելու» իրենց մէջ անցեալի մը եւ ներկայի մը համակեցութիւնը։ Բայց չէին գիտեր՝ ինչպէ՞ս «իրաւական հիմք» տալ իրենց փորձառութեան։ Ուստի՝ կը մնային վարանոտ, կասկածով լեցուն՝ հանդէպ իրենց ուժերուն, կարելիութիւններուն։ Հաշմուած էին «մշակութային-քաղաքակրթական հաշմումով»։ Այսպէս՝ «մահուան եւ կենսապահպանումի մղումները» կը կրկնուէին Սուրիոյ անապատներէն մինչեւ ազգային վարժարաններուն դասարանները։

Պոռթկումով մը Քիւրքճեան գրած է. «Օտարեալ կեանք մը կ’ապրիմ ես։ Օտարեալ կեանք մը կ’ապրիս դուն։ Օտարում՝ aliénation կ’ապրինք մենք. օտարուած ենք ամէն մէկս՝ իր անհատական գոյութենէն, կարելիութիւններէն։ Բոլորս հաւաքաբար օտարած ենք մեր հաւաքական կացութենէն։ Թակարդի մէջ բռնուածի պէս, բռնուած Ձուլումի եւ Պահպանումի միթոսներուն, երեւակայական ստորոգութիւններուն միջեւ»։ Ապա դրած հարցումը. ինչո՞վ չափել հայութիւնը։ Եւ պատասխանած. հայութիւնը միայն կը չափուի իր անհատներուն պայծառ մտքով եւ հաւատքով։ Հայ ըլլալու համար անհրաժեշտ է գիտակից ըլլալ իր գոյութեան բարդ տուեալներուն, անձնական համադրութիւն մը իրագործել սեփական ժառանգութեան եւ այլոց ժառանգութեան միջեւ։ Այն համադրութիւնն է, որ Ձուլումի Եւ Պահպանումի գաղափարաբանութեան սնանկութենէն դուրս գալով՝ կը յաջողի ստեղծել «հայութեան նո՛ր, անտիպ որակ մը», այն՝ որ իր գոյութիւնը չի քաշքշեր, այն՝ որ չի նուաճուիր։

Փարիզեան իր փորձառութիւնը՝ զինք բարձրացուցած է սա գիտացութեան եւ համոզումին, թէ «հայութեան նո՛ր, անտիպ որակ»ը ստեղծելի է ՝

– Հայ ինքնութիւնը հասկնալով. ո՛չ իբր միանգամընդմիշտ սահմանուած էութիւն, կամ՝ վերացական, պիտի ըսէի՝ անդրանցական գաղափար, ինչպէս պղատոնական յաւիտենական գաղափարները, այլ որպէս գոյութենական կացութեան մէջ «ամէն վայրկեան» ճշդելի արժէք։

– Գիտակցելով՝ թէ ձուլումը հեւետանքն է նաեւ մանաւանդ «պահպանումի միթոսին, առասպելին, խուճապին»։ Եւ ուստի՝ ստեղծել, եւ ո՛չ թէ պահպանել, քանի որ «ստեղծումը արդէն կը պահպանէ»։

– Ընդունելով՝ թէ հայօրէն ըլլալը՝ «մարդկայնօրէն ապրելու ձեւերէն մէկն է, կամ… կրնայ ըլլալ»։

– Ապրելով այժմէութիւնը։

– Պատրաստուելով դիմագրաւել եւ նուաճել որեւէ նորութիւն, որեւէ արժէք, այլապէս՝ անոնց հետ օր մը անխուսափելի դէմառդիմութիւնը՝ կորուստ կը բերէ․․․։

– Բնակութեան երկրին «քաղաքացիական կեանքի կաղապարներ»ուն մէջ մտնելով, յանձնառութիւններուն միախառնուելով, փոխանակ ապրելու գաղթականի հոգեբանութեամբ, եւ այն հոգեբանութիւնը յաւերժացնելու։

– Ընդառաջելով մեծ մշակոյթներու նպաստին, զանոնք բերելով սեփական ժառանգութեան մէջ, ու զայն պատուաստելով։

2008-ին իր «Հանգրուանի Մը Նօթերէն» յօդուածին մէջ, որ քառասուն տարիներ ետք՝ 1968-ի իր տեսլականին կ’անդրադառնար, Քիւրքճեան գրած է.- Ամէն ժամանակ եւ իրադրութիւն, ամէն սերունդ՝ պարտի վերսկսիլ ինքնասահմանումի, ինքնաճանաչումի  ճիգի, հեռու՝ սոսկական «պահպանում»ի անկար, երկչոտ կեցուածքէն։ Մեր հազարամեայ պատմութեան (հասկնալ՝ Սփիւռքը իբր հազարամեայ իրականութիւն, թէեւ յիշել՝ որ իրեն համար 1915-ը բեկումնային թուականն է – ԳՔ) խորքային ընթերցում մը՝ միայն այս դասը կու տայ մեզի. մնայուն ինքնավերասահմանումի, ինքնանորոգումի, ինքնահամադրումի դաս. ո՛չ ինքնակրկնումի, «հայապահպանում»ի…:

(Շարուանկելի 6)