Սերժ Սարգսեան․ ՀՀԿ-ն տակաւին վերջնական որոշում չունի ընտրութիւններուն մասնակցելու հարցով

Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, թէ Հանրապետական կուսակցութիւնը տակաւին վերջնական որոշում մը չէ կայացուցած 7 յունիսին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու վերաբերեալ։ Այդ մասին ան ըսած է «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցի ընթացքին։

ՀՀԿ նախագահին խօսքով՝ առաջին հայեացքէն որոշումը դիւրին կը թուի՝ մասնակցիլ կամ չմասնակցիլ, սակայն հարցը աւելի խորքային է։ Ան նշած է, թէ կուսակցութիւնը կանգնած է երկընտրանքի մը առջեւ՝ պայքարիլ քանի մը մանդատի համար, թէ՞ ստեղծել աւելի բարենպաստ պայմաններ՝ նուազագոյնի հասցնելով ներընդդիմադիր պայքարը եւ այդպիսով նպաստել այն ուժերուն, որոնք կը յաւակնին յաղթանակի։

Սարգսեան նաեւ յայտնած է, թէ զինք այցելած են անձինք, որոնք եկած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչուող բանակցութիւններ վարելու նպատակով, սակայն չէ բացայայտած անոնց ինքնութիւնը։

Անդրադառնալով ներընդդիմադիր լարուածութեան եւ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խումբին հետ տարակարծութիւններու մասին գնահատականներուն՝ Սարգսեան մերժած է նման բնորոշումները՝ ըսելով, թէ «ջուրերը կը զուլալուին»։ Ան շեշտած է, որ որեւէ քաղաքական ուժ, որ պիտի փորձէ Հանրապետականի հաշուոյն «աչոկ հաւաքել» (քաղաքական առաւելութիւններ ձեռք ձգել-խմբ.) կամ նուազեցնել կուսակցութեան կարելիութիւնները, պիտի ստանայ «ճշմարտութեան պատասխան»։

Թէ ինչ գործօններ վերջնականապէս պիտի որոշեն ՀՀԿ-ի դիրքորոշումը, Սարգսեան նշած է, որ իրենց կատարած ուսումնասիրութիւններով կուսակցութիւնը եղած է անցողիկ դիրքերու վրայ, սակայն կան նաեւ այլ հանգամանքներ, որոնց յստակացումէն ետք միայն որոշում պիտի կայացուի։ Անոր գնահատմամբ՝ հաւանաբար մինչեւ Ապրիլի վերջ կուսակցութիւնը պիտի յայտարարէ իր վերջնական որոշումը։

Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է հնարաւոր ներընդդիմադիր համադրութիւններուն՝ նշելով, որ խօսքը միաւորման մասին չէ, այլ ներընդդիմադիր պայքարը մեղմելու անհրաժեշտութեան։

Աւելի վաղ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ ընտրութիւններու արդիւնքով նախկին իշխանութիւնները «վերջնականապէս եւ անվերադարձ կերպով դուրս պիտի շպրտուին քաղաքական դաշտէն»։ Միաժամանակ ընտրութիւններուն մասնակցելու պատրաստուող ընդդիմադիր շարք մը ուժեր վստահութիւն յայտնած են, թէ յունիս 7-էն ետք գործող իշխանութիւնը պիտի հեռանայ։