Ինչպէ՞ս ընթանալ
- (0)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք մեզ մտահոգող հարցերուն մասին, կ՚ըսենք ու կը կրկնենք, յետոյ կը գիտակցինք թէ այդքան խօսելով հանդերձ, սայլը տեղէն չենք կրցած շարժել։ Եւ իրաւամբ կը պախարակուինք, թէ խօսքէն անդին չենք գիտեր անցնիլ, չենք յաջողի՛ր անցնիլ։
Ինչո՞ւ արդեօք։ Մտածա՞ծ ենք այս մասին։
Այո, շատ խնդիրներ դրուած են մեր առջեւ, մեր՝ հայութեան առջեւ։ Նշեմ երեք հիմնական հարցեր.
Ա) Հայրենիքի պահպանումն ու զարգացումը.
Բ) Սփիւռքի պահպանումն ու զարգացումը.
Գ) Մեր լեզուի, ընդհանրապէս հայերէնի, բայց մանաւանդ արեւմտահայերէնի, նա՛եւ արեւելահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը։
Անհամար հարցեր կրնան տեղադրուիլ այս երեք գլուխներուն տակ ու մինչեւ հիմա ըսուածներուն եւ գրուածներուն հարիւրապատիկը կարելի է ըսել ու գրել, առանց որ կարենանք լուծել մեր խնդիրները։
Բայց ի՞նչ է այդ ընելու միջոցը, ի՞նչ ճամբով ընթանալու ենք։ Ահա ա՛յդ է, որ կ՚ուզեմ այստեղ արծարծել, փորձել արծարծել, առանց յաւակնելու ամեն բան կարենալ ըսելու եւ եզրակացնելու յօդուածի մը սահմաններուն մէջ։ Եւ… փորձառութեա՛նս սահմաններուն։
Արդ, հարցի մը քննարկումը կը սկսի հարցադրումով մը, նոյնիսկ անկէ ալ առաջ՝ հարցի սահմանումովը։ Ճիշդ ի՞նչ է հարցը։ Ի՞նչ է դժուարութիւնը որ կ՚ուզենք յաղթահարել, կամ պակասը, որ կ՚ուզենք լրացնել։
Յետոյ կը յաջորդէ ճանաչումը անոր շրջարկին կամ համագիրին (վերջերս գործածուող բառեր են որպէս համազօր context-ի), անոր շուրջ առկայ պայմաններուն հասկացողութիւնը։ Որո՞ւ հարցն է, որո՞ւ համար խնդիր է, ո՞վ է, որ անոր լուծումը կ՚ուզէ։ ի՞նչ են տրամադրելի միջոցները, որոնք կրնան լուծման առաջնորդել. Նիւթական միջոցները, մարդկային միջոցները եւ այլն։
Ապա կու գայ լուծումներու որոնումը։ Նախապէս նման հարցեր ցցուա՞ծ են մեր առջեւ եւ ինչպէ՞ս դիմագրաւած ենք զանոնք։ Ուրիշնե՞ր ինչ ըրած են նման պարագաներու։ Այդ խնդիրները մեր ունեցած միջոցներով ու կարելիութիւներով կրնա՞նք լուծել, թէ՞ այլոց հմտութեան եւ մասնակցութեան, աջակցութեան ալ պէտք կրնանք ունենալ, ունի՛նք։
Եւ ի հարկէ, ի վերջոյ, այդ որոնուած ու գտնուած լուծումներու գործադրութիւնը։ Ո՞վ պիտի գործադրէ, ի՞նչ ժամանակամիջոցի մէջ, ի՞նչ ծրագրի համաձայն։ Ի՞նչ նախապատւութիւններով։ Կա՞ն այլընտրանքներ, անյաջողութեա՞ն պարագային ինչ պէտք է ընել։
Խօսիմ օրինակով՝ աւելի դիւրին հասկցուելու համար։ Խօսիմ լեզուի մասին, ու մասնաւորաբար՝ արեւմտահայերէնի մասին։
Ի՞նչ է հարցը. արեւմտահայերէն խօսողներու թիւը կը պակսի, այս ընթացքով անոնք կրնան ի վերջոյ անհետանալ։ Որ գրեթէ կը նշանակէ Սփիւռքի անհետացումը։ Ի՞նչ կրնանք ընել այս ընթացքը կասեցնելու, շրջելու համար։ Կրնա՞նք բանը մը ընել։
Ի՞նչ պայմաններու մէջ կը պատահի այս նահանջը։ Որո՞ւ հարցն է։ Արեւմտահայերէն խօսողները Մեծ եղեռնէն վերապրողներու յաջորդած սերունդներն են՝ զաւակները, թոռները, անոնց զաւակներն ու թոռները։ Տարածուած՝ ի սփիւռս աշխարհի ու տակաւին տարածման ընթացքի մէջ։ Այս զանգուածներու խնդիրն է, անո՛նք են, որ մտահոգ են այս առումով։ Բայց որքա՞ն մտահոգ են։ Իրապէ՞ս մտահոգ են։ Բացի մտաւորական ընտրանիէ մը, Սփիւռքի հայութեան ո՞ր համեմատութիւնը անպայման կ՚ուզէ, որ չկորսուի իր լեզուն, իր մշակոյթը։ Իսկ ի՞նչ միջոցներ ունի զանոնք պահպանելու եւ մշակելու համար։ Կա՞յ այդ միջոցներու ուսումնասիրութիւնը, վիճակագրութիւնը. ի՞նչ են նիւթական կռուանները, որոնք այդ նպատակին կրնան յատկացուիլ։ Իսկ ունի՞նք բաւարար մարդուժ՝ ուսուցիչ, խմբագիր, վարիչ ու մասամբ նորին։
Լուծումնե՞րը։ Պատմութեան ընթացքին, երբ նման կացութիւններու առջեւ գտնուած ենք ազգովին, ի՞նչ ըրած ենք։ Ինչպէ՞ս դիմացած ենք։ առանց պետութեան, դարեր՝ առանց քաղաքական առաջնորդութեան, միայն եկեղեցիին շնորհիւ, ինչպէ՞ս պահած ենք մեր լեզուն եւ ինքնութիւնը։ Մեր հողին վրայ ու մեր հողէն դուրս։ Նաեւ ուրիշ ժողովուրդներ, որոնք նոյնպէս անհետանալու՝ իրենց լեզուն եւ մշակոյթը կորսնցելու վտանգին դէմ-յանդիման գտնուած են, ի՞նչ ըրած են։ Յաջողա՞ծ են, թէ սրբուած են աշխարհի երեսէն, եւ դեռ պիտի սրբուին։
Ի՞նչ կրնանք ընել հաւաքականօրէն՝ դպրոց, ակումբ, եկեղեցի, մամուլ ու գիրք, կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ ու հաստատութիւններ։ եւ ազգային պետութիւն։ Ի՞նչ կրնանք ընել անհատականօրէն՝ տուն, ծնողք ու մեծծնողք, քոյր, եղբայր, ազգականներ, ընկերներ ու բարեկամներ։ Գրողներ, արուեստագէտներ, գործարարներ, քաղաքական, կրթա-մշակութային, գիտական, տնտեսական ու այլ մարզերու մէջ հայութենէն ներս թէ հայութենէն դուրս գործողներ։
Երբ դպրոց կ՚ըսենք, կը հասկնանք ուսուցիչ, դասագիրք, կրթական ծրագիր, շէ՛նք։ Երբ ակումբ կ՚ըսենք, կը հասկնանք արդիական յարմարութիւններ, վարիչներ ու մարզիչներ, խմբավար, պարուսոյց եւ ուրիշ մասնագէտներ։ Երբ եկեղեցի կ՚ըսենք կը հասկնանք նոր սերունդին առնչուելու ատակ կղերականներ, իսկ երբ մամուլ կ՚ըսենք կը հասկնանք անշուշտ նոր սերունդին մատչելի լեզու, գրականութիւն, խմբագիր ու աշխատակից։
Կ՚անդրադառնա՞նք միթէ, թէ այս բոլորը, հաւաքական ըլլան թէ անհատական, կարիք ունին համադրուելու, համակարգուելու՝ որպէսի կարելի դառնայ անոնց գործադրութիւնը։ Համայնական ուժերով ու միջոցներով։ Հետեւողակա՛նօրէն։
Եւ մնայո՜ւն, յարատե՛ւ ճիգով։ «Յարատեւ պայքար»…
Դիւրին է քննադատելը, անընդհատ թերիները մատնանշելը, գործողները դատապարտելը։ Դժուարը ուժերը միացնելն է, մասնակից ըլլալն է։ Միասնաբա՛ր յանձնառու դառնալն է։
Կրնա՞նք, թէ՞ չենք կրնար։
Ահա մարտահրաւէրը։