Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղած է Գանատայի Արտագին գործոց նախարարին
- (0)

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտին՝ ներկայացնելով Գանատահայ համայնքի հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւնները, միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնելով Գանատայի սկզբունքային ներգրաւուածութեան՝ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի վերաբերող հարցերուն առնչութեամբ։
Յանձնախումբը ողջունած է Գանատայի հետեւողական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի եւ արցախահայութեան առնչուող բազմաթիւ հարցերուն, ընդգծելով նաեւ ժողովրդավարական արժէքներու նկատմամբ անոր յանձնառութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, յանձնախումբը լուրջ մտահոգութիւններ յայտնած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու փաստացի փլուզման կապակցութեամբ։ Նամակին մէջ կը մատնանշուի իշխանութեան հետզհետէ վատդարացող հակաժողովրդավարական քայլերը, ընդդիմադիր ձայներու վրայ սաստկացող ճնշումները, ինչպէս նաեւ կղերականներու ապօրինի կալանաւորումը եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն մէջ միջամուխ ըլլալու հակասահմանադրական արարքները։ Յանձնախումբը շեշտած է, որ կրօնական ազատութիւնը, քաղաքական բազմակարծութիւնը եւ հաստատութիւններու անկախութիւնը պէտք է շարունակեն մնալ Հայաստանի ժողովրդավարական ուղեգիծին առանցքային բաղադրիչները։
Տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ Արցախի ու արցախահայութեան անվտանգութեան առնչութեամբ, յանձնախումբը ընդգծած է, թէ որեւէ տեւական կարգաւորում պէտք է արտացոլէ Հելսինքիի Եզրափակիչ Արձանագրութեան սկզբունքները եւ երաշխաւորէ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը, հայ գերիներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։ Նամակին մէջ շեշտուած է, որ տեւական խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ արդարութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու հիման վրայ։
Աւարտին, կազմակերպութիւնը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու կառուցողական համագործակցութիւնը Գանատայի կառավարութեան հետ՝ յառաջ մղելու ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ տարածաշրջանին մէջ արդար ու տեւական խաղաղութեան ուղղուած համատեղ յանձնառութիւնները։