Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ՝ «ԻՄ ԳԵՏԱԿՍ» Սուրբ Գրային ճամբարը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, կիրակի, 7 փետրուար 2026-ին, տեղի ունեցաւ «ԻՄ ԳԵՏԱԿՍ» Սուրբ Գրային Ճամբարը, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահէն ներս:

Ճամբարը սկիզբ առաւ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Տէրունական աղօթքի եւ Կիրակնօրեայի մաղթերգի երգեցողութեամբ։

Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան կատարեց ճամբարի բացումը եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր երեխաներուն: Հայր Սուրբը ներկայացուց օրուան թեման եւ բացատրեց ծրագրի հանգրուանները:

Վարիչները ստանձնեցին նաւերը եւ իրենց խումբի երեխաները առաջնորդեցին դէպի նաւահանգիստները:

Նաւահանգիստները այցելելով երեխաները սորվեցան Մկրտութեան Խորհուրդին, Փոթորիկի խաղաղեցման, Ոտնլուայի եւ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան մասին: Իւրաքանչիւր նաւահանգիստի կայք՝ ընթերցուեցան Աւետարանական դրուագներ, երեխաներուն հարցուեցան զանազան դաստիարակիչ հարցումներ, խաղերու ընդմէջէն բացատրուեցաւ օրուան խորհուրդը եւ աղօթքով փակեցին իւրաքանչիւր նաւահանգիստ:

Ճամբարի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հայր Գարեգինը այցելեցին երեխաներուն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց փոքրիկներուն մասնակցութիւնը եւ ուսուցիչներուն նուիրումը։

Այս առթիւ, շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, որոնք օժանդակեցին մեզ եւ իրենց աշխատանքներով սատար հանդիսացան, որ մեր ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ