«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստ
- (0)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ կիրակի, 1 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։
Նիստի առաջին օրակարգով քննարկուեցան Սուրիոյ, Իրանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը պարզեց թէժ իրավիճակներու մէջ գտնուող մեր թեմերու եւ ազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած բազմաթիւ հաղորդակցութիւնները։
Ժողովականները քննարկեցին այս իրադարձութիւններու մէջ քրտական գործօնի դերակատարութեան վերափոխման, Անգարայի աշխուժացման եւ այդ երեւոյթներու հետ կապուած հաւանական հետեւանքները։
Յատուկ օրակարգով քննարկուեցաւ նաեւ Իրանի եւ յատկապէս մեր համայնքին հետ աղերս ունեցող խնդիրները, նկատի ունենալով իրանահայ երեք թեմերու կացութիւնը։
Օրակարգի առանձին կէտ էր Հայաստանի իշխանութիւն-եկեղեցի խորացող տագնապն ու էջմիածնական սրբազաններու դէմ յարուցուող քրէական դատերը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յաճախակի կապի մէջ է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, աննախընթաց այս տագնապի յաղթահարման համար։ Ժողովականները անընդունելի գտան իշխանութեան կողմէ պառակտիչ այս ընթացքին շարունակութիւնը՝ ընդգծելով, որ պառակտումի ալիքը հասած է նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող էջմիածնական թեմեր, եւ շեշտելով, որ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգումը, եկեղեցական կանոններու համաձայն, եկեղեցւոյ ներքին խնդիրն է։
Ժողովի աւարտին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձուց ժողովականները Քանատա այցելութեան ընթացքին վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանին մէջ նախաձեռնուած տարբեր եկեղեցիներու ղեկավարներուն կողմէ Լեւոն ԺԴ. Պապին կատարուած գրաւոր դիմումին մասին՝ Արցախի ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով։