«Կազայի մէջ թրքական զինուորներ պիտի չըլլան». Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, ելոյթ ունենալով Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ, յայտարարեց, թէ «Կազայի հատուածին մէջ թրքական կամ քաթարցի զինուորներ պիտի չըլլան»։ Ան նաեւ նշեց, որ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ներկայութեան ընդլայնումը անհամաձայնութիւններ ստեղծած է Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ։

Նեթանիահուն յայտնեց նաեւ, որ Իսրայէլը կը մօտենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի ներկայացուցած Կազայի ծրագիրի «Բ փուլին», որ կը նախատեսէ ՀԱՄԱՍ-ի զինաթափումն ու Կազայի ապառազմականացումը։ Անոր խօսքով՝ Իսրայէլը հաւատարիմ կը մնայ այդ նպատակներուն։ Միեւնոյն ժամանակ ան շեշտեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ խնդիրներ կան նաեւ Կազայի գործընթացներուն ուղեկցող խորհրդատուական խորհուրդին կազմի հարցով, որուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ թրքական եւ քաթարցի ներկայացուցիչներ։

«Կազայի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետեւելու նպատակով ստեղծուելիք խորհրդատուական կառոյցին կազմի հարցով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր բարեկամներուն հետ յստակ անհամաձայնութիւններ ունինք»,— ըսաւ ան։

Այս իրավիճակին մէջ Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Յաիր Լափիտն ալ իր կարգին նշած է, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը Կազայի կառավարման վերաբերող որոշումներ կը կայացնէ՝ շրջանցելով Իսրայէլի վարչապետը։

Թրքական մամուլին մէջ Նեթանիահուի յայտարարութիւններուն առնչուող լուրերուն մէջ Իսրայէլի վարչապետին անդրադարձը հիմնականին մէջ այսպէս կը ձեւակերպուի. «Թուրքիա բառը շարունակ Նեթանիահուի շուրթերուն վրայ է. ան անհանգստացած է»։