Գանատայի մէջ տեղի ունենալիք ՀՅԴ 135 ամեակի տօնակատարութիւններուն պիտի բանախօսէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեան
- (0)

Յառաջիկայ շաբաթներուն Գանատայի մէջ տեղի ունենալիք ՀՅԴ 135 ամեակի տօնակատարութիւններուն պիտի մասնակցի եւ բանախօսէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեան։
Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Թորոնթօ՝ ուրբաթ, փետրուար 27-ին, Գեմպրիճ՝ շաբաթ, փետրուար 28-ին, Քեպէք՝ կիրակի, մարտ 1-ին, եւ Վանքուվըր՝ ուրբաթ, մարտ 6-ին։
Աւանդութիւն դարձած սոյն ձեռնարկները առիթ կը հանդիսանան ՀՅԴ անդամներուն եւ համակիրներուն համար՝ յետադարձ ակնարկով մը անդրադարնալու Դաշնակցութեան 135-ամեայ պայքարի ուղիին, վերահաստատելու իրենց հաւաքական պարտաւորութիւնները եւ նորոգելու հաւատարմութիւնը հայ ժողովուրդին ծառայութեան ու ազգային իղձերու իրականացման ի խնդիր։
Այցի շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ առիթը պիտի ունենայ այցելելու համայնքային հաստատութիւններ եւ հանդիպելու համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ կազմակերպական պատասխանատուներուն հետ։