Ի լուր բոլոր հիբիդագէտներուն…
- (0)
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
… մասնագիտական մակարդակի ըլլան անոնք, թէ սիրողական:
Բառը նորաձեւ է, օրիգինալն ալ աղուոր կը հնչէ, բայց հայերէնը կայ, կամ ստեղծուած է: «Hybridization-ը «տարրասեռում»» է, ըսաւ 2004-ին Յարութ Քիւրքճեանը՝ Պէյրութի մէջ օրին Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ իր տեսակին մէջ նախընթաց չունեցած եւ եզակի «Հայութիւնը այսօր, համարկման խնդիրներ» խորհրդաժողովի առիթով իր հետ առանձին խօսակցութեան մը ընթացքին: Պատերազմի տեսակի մասին չէր բառին առթած հետաքրքրութիւնը, ոչ ալ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու: Այլ՝ սփիւռքեան ինքնութեան յատուկ յատկանիշի մը: Ժխտական ընկալում ալ չկայ յղացքին: Ընդհակառակը, Սփիւռքահայ ըլլալու ինքնութենական այդ իրականութեան մէջ աշխատանքային ամբողջ դաշտ մը կը բացուէր՝ «համարկում»ը ընկալելու համար ե՛ւ հայրենիքի հետ յարաբերութիւններու, ե՛ւ համաշխարհայնացման գործընթացի մէջ հայութեան միջազգային ներկայութեան եւ զօրաշարժի գործօնի վերարժեւորման իմաստով:
Յաջորդ երկու տասնամեակներուն յղացքի գործածումին ընդհանրապէս կարիք չզգացուեցաւ: Շատ հաւանաբար որովհետեւ «համարկում»ը այդ զոյգ մակարդակներով օրակարգի չդրուեցաւ: Հայրենիքի հետ յարաբերութիւններու ձեւաչափը ճշդուեցաւ բառացի իմաստով Հայաստան-Սփիւռք ուղղութեամբ: Իսկ երբեմնի Սփիւռքը որ իր հաւաքական «Մենք»ը ճանչցած էր քաղաքագաղափարախօսական ամէն տարբերութենէ անդին՝ հայապահպանման, քաղաքականացման եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հանգրուաններուն հասարակաց ընդհանուր յայտարարներու ընդմէջէն, վերածուեցաւ ինքնամփոփ համայնքներու գումարի մը. իւրաքանչիւր համայնքի համար կարեւորուեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, մինչ համաշխարհային գործընթացներու սփիւռքեան մասնակցութիւնը եղաւ ակամայ, պայմաններէ թելադրուած, առանց միջ-համայնքային հորիզոնական կապերը աշխուժացնելու 21-րդ դարը արդէն շատոնց յատկանշող ցանցային տրամաբանութեան:
Քսանմէկերորդ դարասկիզբի առաջին քառորդի աւարտին, «համաշխարհայնացում» եւ «համարկում» յղացքները կարծես կորսնցուցած են իրենց «սէքս-ափփիլ»ը որ ունէին Պաղ Պատերազմի աւարտին յաջորդած երեք տասնամեակներուն: Աւելի ճիշդը՝ հիբրիդացուած են, որովհետեւ մինչ հակա-«գլոբալիստ»(ական) խօսոյթը կարծես տիրապետող է, համաշխարհայնացման թէ համարկման գործընթացները իրենց ամենէն նիւթական/շօշափելի իմաստով՝ ֆինանսներէն մինչեւ միջազգային առեւտուր եւ բարձր արհեստագիտութիւն շատ աւելի զարգացած եւ բարդացած են:
Հայկական իրականութեան պարագային, Սփիւռքի մէջ հիբրիդային ինքնութեան շօշափելի փաստը Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզի տուեալներուն մէջ է, թէեւ յղացքը փոխարինուած է աւելի գիտական, կամ նուազ ակրեսիւ հնչող, «զուգորդուած» յղացքով (hyphenated identity): Յստակ է նաեւ անոր քաղաքական հասկացողութեան ձախողումը ի դէմս ութսուն տոկոսէ աւելի սփիւռքահայերու տուած պատասխանին որ մասնակից չեն, ոչ ալ համակիր, հայ քաղաքական որեւէ կազմակերպութեան: Երեւոյթին պատճառը բարդ է անշուշտ եւ առանձին քննարկման առարկայ, եւ, ի դէպ, պէտք է առաջնահերթային մտահոգութիւն ըլլայ համասփիւռքեան ցանց ունեցող բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք այնքան վատ տնտեսավարեցին Սփիւռքահայու ուշադրութիւնը զայն գրեթէ միակողմանիօրէն ուղղելով դէպի Հայաստան եւ անտեսելով համասփիւռքեան օրակարգի մը անհրաժեշտութիւնը: Ընդ որում քաջ գիտնալով որ անկախութենէն ի վեր, եւ ի բացակայութիւն Հայաստան-Սփիւռք փոխ-կապակցութեան եւ փոխ-ազդեցութեան համակարգման ամէն հայեցակարգի, Սփիւռքահայուն սահմանուած է ըլլալ հետեւորդ կամ հանդիսատես, եւ, լաւագոյն պարագային, մի քիչ փող ուղարկել:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի աւարտէն ի վեր Սփիւռքահայու հանդիսատեսի այդ հանգամանքը շատ ակնբախ է: Եւ որպէս այդպիսին է, որ Սփիւռքը այսօր կը հետեւի հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումներուն, որոնցմէ եւ ոչ մէկէն չի պակսիր «հիբրիդային» եսիմ ինչ բան մը: Այնքան որ այլեւս յայտնի չէ թէ յղա՞ցքն է ինքնին նորաձեւ, թէ պատուէր մըն է որ կ’իրականացուի եւ ուրեմն պէտք է որ յղացքը նորաձեւ ըլլայ:
Ամէն պարգայի, գրութեան նպատակը հայերէն «տարրասեռում» բառի ծանօթացումն էր, որքան ալ որ, հասկնալի է, «տարրասեռած»ը եթէ գործածուի իսկ հանրային խօսոյթին մէջ երբեք «հիբրիդային»ի ահազանգային սպառնալիքի իմաստը պիտի չտայ «պատերազմ» հասկացողութեան, որ կարծես գրեթէ պիտի բնութագրէ, ինչպէս բոլոր զարգացումները, նաեւ Յունիսին նախատեսուած ընտրութիւնները: Ի մասնաւորի, երբ «տարրասեռում»ը կրնայ շփոթուիլ այլ յղացքի մը հետ, ինչպէս Յարութը, Սփիւռքի մտաւորականը, այն ատեն արդէն զգուշացուց. «Տարրասեռումը այլասեռում չէ»: Թէեւ ընտրութիւններուն ընկալումը որպէս «հիբրիդային պատերազմ» ինքնին պատերազմի, եւ հետեւաբար խոստացուած խաղաղութեան, այլասեռումն է: