Կանգնեցնե՛լ ընտրութեան կեղծարարութիւնը՝ նախքան կատարուիլը

ՎԱՀԷ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

Երբ կը մօտենան Հայաստանի ընտրութիւնները, մէկ իրականութիւն պէտք է արձանագրել առանց տատանումի․ կեղծ ընտրութիւն արդէն կը նախապատրաստուի, եւ անոր արդիւնքը՝ արտաքին օժանդակութեամբ մանրամասնօրէն ձեւաւորուած, կը պահպանուի այն ուժերուն կողմէ, որոնք թշնամական են հայ ազգին հանդէպ։

Նիկոլ Փաշինեանն ու իր խմբակը հայ ազգային կեանքէն բնականօրէն ծնած իշխանութիւն չեն։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն զգուշացուցած է, որ այս վարչակազմը իշխանութեան բերուած է արտաքին, հակահայ ուժերու աջակցութեամբ՝ «բարեփոխումներու» պատրուակով, սակայն իրականութեան մէջ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը տկարացնող, ազգային հաստատութիւնները քանդող եւ պարտութիւնը բնականացնող օրակարգով։

Այսօր այդ զգուշացումները դարձած են տեսանելի իրողութիւն։ Օտար աղբիւրներէ մատակարարուող դրամահոսքերը կ’ամբարուին իշխանութեան համակիր քաղաքական, լրատուական եւ կեղծ «քաղաքացիական հասարակութիւն» կոչուող կառոյցներու մէջ, մինչ պետական վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցները գրեթէ ամբողջովին կը մենաշնորհեն հրապարակային դաշտը։ Ներքին անվտանգութեան եւ ոստիկանական ուժերը աւելի ու աւելի կը գործածուին քաղաքական հնազանդութիւն պարտադրելու համար։ Ընդդիմադիր դէմքեր կ’ենթարկուին ձերբակալութիւններու, երկարատեւ կալանքի եւ դատական հալածանքներու, որոնք արդարադատութիւն չեն, այլ՝ իրաւունքներու ոտնահարում։ Հայաստանը աստիճանաբար կը ստանայ վարչական ոստիկանապետական բնոյթ, ուր հարկադրանքը կը փոխարինէ քաղաքական ազատ մրցակցութիւնը։

Հրապարակուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ քաղաքացիներու հարկերէն գոյացած շուրջ 3 միլիարդ դրամի՝ մօտաւորապէս 8 միլիոն տոլարի չափով գումար, Փաշինեանի կողմէ խիստ գաղտնի հրամանով, պարգեւավճարներու ձեւով ուղղուած է ընտրական ազդեցութիւն ապահովելու։ Ասիկա այլեւս քաղաքական գործընթաց չէ, այլ՝ պետական մակարդակի ընտրակաշառք, որուն պարագային ընտրութիւնը կը դադրի ժողովրդավարական գործընթաց ըլլալէ եւ կը վերածուի նախապէս ծրագրուած խաբէութեան։

Այսպիսի պայմաններու մէջ լռութիւնը ոչ միայն քաղաքական անպատասխանատուութիւն է, այլ նաեւ մեղսակցութիւն։ Ազգային պատասխանատու ուժերը պարտաւոր են յստակ դիրքորոշում որդեգրելու եւ վճռական քայլերու դիմելու։ Այս իրողութենէն մեկնած՝ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 29-րդ (արտահերթ) Գերագոյն ժողովը, գումարուած՝ 13 Յունուար 2026-ին, յայտարարեց, որ գործող վարչախումբի իշխանազրկումը հրամայական է՝ Հայաստանի պետականութիւնը պահպանելու եւ նոր որակի ազգային պետութիւն կառուցելու համար։ Այս համատեքստին մէջ ժողովը որոշեց մասնակցիլ 2026 թուականի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն՝ նախապատուութիւնը տալով դաշինքային ձեւաչափին, նպատակ ունենալով կանխել գործող վարչախումբին վերարտադրութիւնը։

«Ինքնիշխանութեան» եւ «արտաքին միջամտութեան» շուրջ իշխանութեան ցուցաբերած կեղծ մտահոգութիւնը բացայայտ կերպով երեւցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի արձագանգին մէջ՝ ռուս քաղաքական մեկնաբանի մը յայտարարութեան կապակցութեամբ։ Սաղաթէլեան յստակ կերպով դատապարտեց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած որեւէ արտայայտութիւն կամ գործողութիւն՝ անկախ անոր աղբիւրէն, սակայն միեւնոյն ժամանակ հարց բարձրացուց, որուն իշխանութիւնները դիտաւորեալ կը խուսափին պատասխանելէ, թէ արդեօ՞ք պատրաստ են նոյն խստութեամբ արձագանգելու ոչ միայն առանձին արտայայտութիւններուն, այլ նաեւ այն պաշտօնատար անձանց, որոնք տարիներէ ի վեր գործնական կերպով կը սպառնան Հայաստանի ինքնիշխանութեան։

Տարիներ շարունակ իշխանութիւնները աղմուկով կը դատապարտեն առանձին արտայայտութիւններ, սակայն կը լռեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ուղղակի եւ շարունակական սպառնալիքներուն դիմաց, որոնք բացայայտ կերպով կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը միջամտեն երկրի ներքին գործերուն։ Այս ընտրովի «զայրոյթը» կը բացայայտէ վտանգաւոր երկակի չափանիշ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը վերջերս հրապարակաւ աջակցութիւն յայտնեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ անոր «առաջատար դիրքը» ներկայացնելով որպէս պահպանելի։ Երբ Թուրքիան բացայայտօրէն կը դիրքաւորուի Հայաստանի ներքին ընտրական գործընթացին մէջ, արտաքին միջամտութիւնը այլեւս կասկած չէ, այլ փաստ։

Հայոց Սուրբ Ծնունդին՝ համազգային միութիւնն ու հոգեւոր արժանիքներու պահպանումը խորհրդանշող օրուան առթիւ, ժողովուրդը ականատես եղաւ իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած դիտաւորեալ սադրանքի։ Խաչին ու քրիստոնէական խորհրդանիշներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ծաղրական վերաբերմունքը եւ եկեղեցական աւանդութիւններու նսեմացումը պատահական սխալներ չէին, այլ՝ գիտակցուած փորձեր՝ խաթարելու հայ ժողովուրդի հոգեւոր միասնութիւնը։

Միեւնոյն ժամանակ բարոյական եւ ազգային հեղինակութիւն ունեցող ձայները նպատակադրուած կերպով կը լռեցուին։ Հայ առաքելական եկեղեցին՝ 1700 տարիէ աւելի հայ ինքնութեան ողնաշարը եղած հաստատութիւն մը, կը գտնուի շարունակական ճնշման տակ։ Սրբութեան, աւանդութեան եւ հոգեւոր հեղինակութեան դէմ այս արշաւը պատահական չէ․ ան ծրագրուած է։

Պետական միջոցներն ու իշխանութեան կցուած կառոյցները աւելի ու աւելի կը գործածուին նաեւ Սփիւռքի մէջ բարձրացած ձայներուն վերահսկելու, վարկաբեկելու եւ լռեցնելու նպատակով, խաթարելով Հայաստան–Արցախ–Սփիւռք համազգային միասնութիւնը։ Նպատակը յստակ է․ ընտրութենէն առաջ քանդել հայ հասարակութեան բոլոր անկախ բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային սիւները։

Այս բոլորը առանձին դէպքեր չեն։ Անոնք միասին կը կազմեն համակարգ մը, ուր իշխանութիւնը կը պահպանուի ոչ թէ ժողովրդական համաձայնութեամբ, այլ հարկադրանքով, քարոզչական վերահսկողութեամբ եւ արտաքին հովանաւորութեամբ։

Ասիկա ժողովրդավար մրցակցութիւն չէ։ Ասիկա դուրսէն թելադրուող գործընթաց է։

Եւ այս գիտակցութեամբ է, որ պէտք է կանգնեցնել ընտրութեան կեղծարարութիւնը՝ նախքան Հայաստանի եւ հայկական պետականութեան քանդումը:

Վանգուվըր