«The Guardian»-ի համաձայն՝ Անգարան առանցքային դեր ունեցած է կանխելու Ամերիկեան յարձակումը Իրանի վրայ

Բրիտանական մամուլին մէջ շրջանառող լուրերուն համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը այս պահուն հրաժարած է Իրանի դէմ հնարաւոր յարձակում մը իրականացնելու մտադրութենէն։ Բացի այդ, կը նշուի, որ Թրամփի որոշման վրայ դիւանագիտական ազդեցութիւն ունեցած են շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին կը գտնուի նաեւ Թուրքիան։

«The Guardian» օրաթերթը մասնաւորապէս կը գրէ, թէ Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Օմանը եւ Քաթարը, մտահոգուելով, որ Միացեալ Նահանգներու հնարաւոր յարձակումը կրնայ Մերձաւոր Արեւելքի ամբողջ տարածքին մէջ յանգեցնել լայնածաւալ եւ դժուար լուծելի բախումներու, վերջին պահուն ընթացող զրոյցներու ընթացքին Թրամփին կոչ ըրած են հրաժարիլ Իրանի դէմ օդային յարձակում սկսելու մտադրութենէն։

«Միացեալ Նահանգներու այս դաշնակից երկիրներուն կողմէ տրուած զգուշացումները, ըստ երեւոյթին, այս պահուն համոզած են Թրամփը, որ Չորեքշաբթի գիշերը որեւէ գործողութիւն չսկսի»,— գրած էր թերթը։

Կը նշուի նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ կասկածամիտ մօտեցումը այս հարցին մէջ պատճառ դարձած է, որ ան չթոյլատրէ իր օդային տարածքին օգտագործումը՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ յարձակում իրականացնելու համար։