Գէմպրիճի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած ընդունելութեան մասնակցեցան քաղաքական պաշտօնատարներ

Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, ուրբաթ 9 յունուարին, Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն մը, կազմաերպութեամբ Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբին, ի գնահատանք դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական ընտրեալ պաշտօնատարներու:

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-ատենապետուհի՝ Քանի Քոտի եւ դաշնակցային երեսփոխաններ՝ Պարտիշ Չակէր, Թիմ Լուիս, Մաթ Սդրաուս եւ Քէլի Տիրայտըր: Նահանգային խորհրդարանը կը ներկայացնէին երեսփոխաններ՝ Պրայըն Րիտէլ, Ճէս Տիքսըն, Մայք Շրայնըր եւ Աշլըն Քլանսի: Ներկայ էին նաեւ Քիչընըրի քաղաքապետ՝ Պէրի Վրպանովիչ, Նորդ Տամֆրիզի քաղաքապետուհի՝ Սուզան Ֆաքսթըն-Սահակեան, Ուաթերլուի շրջանային ոստիկանապետ՝ Մարք Քրոուել, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ շրջանային խորհուրդներու անդամներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Դատի տեղական յանձնախումբի ատենապետուհի Ալիս Նաճառեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, անոնց փոխանցեց հայ համայնքի ջերմագին բարեմաղթանքները։ Նաճառեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցող տարուայ ընթացքին հայ դատի ուղղութեամբ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ անոնց ուղղութեամբ յանձնախումբերու որդեգրած դիրքորոշումներուն։ Ապա Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի եւ ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ կոմիտէի ատենապետ Վարանդ Զէյթլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց անցող տարուան ձեռքբերումները եւ բոլոր մակարդակներու վրայ յանձնախումբի յառաջիկայ ծրագիրները:

Ապա խօսք առին պաշտօնատար հիւրերը, որոնք դրուատեցին հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն: Ձեռնարկը փակուեցաւ Գէմպրիճի Ս. Նշան առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Նշան Քհն. Մանուկեանի եւ Գէմպրիճի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Արա Պալըքճեանի աղօթքով։