Երբ կը խօսինք արժէքներու մասին

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հարց տանք, թէ որո՞նք են մեր արժէքները, որոնք մեր մնայուն մտասեւեռումին առարկան են, պէ՛տք է ըլլան։

Առաջին գիծի վրայ կ՚ուզեմ դնել ինքնաճանաչումը, այլ խօսքով՝ մեր ինքնութեան գիտակցութիւնը, որ ունի իր բազում շերտերը, սկսելով մայրենիի տիրապետումէն (առանց անտեսելու այլ լեզուներու, միջազգային թէ տարածքային լեզուներու հմտութիւնը), անցնելով մեր մշակոյթի ճանաչումէն, մեր պատմութեան ու հայրենիքի տեղավայրի ծանօթութենէն (նոյնպէս առանց մոռնալու մեր լայնատարած արտահայրենիքի՝ Սփիւռքի իրականութիւնը)։ Եւ այս ինքնաճանաչումը՝ առանց սնապարծութեան։

Երկրորդ գիծի վրայ ՝ մարդկային իրաւանց անկաշկանդ վայելումը։ Այդ իրաւունքները կ՚ընդգրկեն ուսումը, ըլլա՛յ հիմնական, ըլլա՛յ մասնագիտական, որակաւո՛ր ուսումը, նոյնպէս որակեալ առողջապահութեան ապահովումը՝ անվճար ու բոլորին մատչելի։ Կ՚ընդգրկեն նաեւ ապահով երդիք մը ունենալու իրաւունքը՝ հանգստաւէտ կեցութեան մը ի խնդիր։ Մարդկային իրաւանց մաս կը կազմեն նաեւ ընկերային այն ծառայութիւնները, որ պէտք է նոյնպէս ձրի՛ տրամադրուին անկարներուն, տկարամիտներուն կամ այլ դժուարութիւններ ունեցող անհատներուն։

Երրորդ գիծի վրայ կը տեսնեմ աշխատանքի կազմակերպումը, սկսելով անոր հայթայթումէն՝ պետական թէ ոչ-պետական միջոցներով, անհատական թէ հաւաքական կարողութիւններու լաւագոյն գործածութեամբ, պաշտօններու ըստ արժանւոյն բաշխումով, կաշառակերութեան ու ձրիակերութեան մերժումով՝ բացառելով նաեւ ուրիշի քրտինքով հարստանալու յանցագործութիւնը, գործադրելով հաւասար վարձատրութեան սկզբունքը այրերու եւ կիներու միջեւ եւ նոյն աշխատանքը նոյն վարձատրութեամբ գնահատելու սկզբունքը՝ անկախ անհատին համոզումներէն։ Չանտեսելով նաեւ արդար վարձատրութիւնը ըստ գործի կարեւորութեան՝ ոմանք չստորադասելով ուրիշներուն, օրինակ՝ ուսուցիչները բժիշկներուն։

Չորրորդ գիծի վրայ կու գայ ազատութեան խնդիրը, խղճի թէ խօսքի, համախմբման թէ գործադուլի կամ դասադուլի եւ այլն։ Առանց այս ազատութիւններուն՝ զանցառելով փոխադարձ ատելավառութիւնը ու անքաղաքակիրթ մօտեցումը, ինչպէ՞ս կարելի է ժողովրդավարութեան ձգտիլ։

Հինգերորդ գիծի վրայ կը դրուի քաղաքացիական գիտակցութեան մշակումը՝ ընդգրկելով իւրաքանչիւր անհատի պատրաստութիւնն ու պատրաստակամութիւնը մասնակցելու հայրենական կամ սփիւռքեան որեւէ համայնքի բարօրութեան, մշակութային ժառանգութեան, բնութեան ու բնական հարստութիւններու պահպանման թէ սահմաններու պաշտպանութեան։

Այս հինգ գիծերը նկատի չառնենք առաջնահերթութեան կարգով։ Անոնք զուգահեռ գիծեր են, զիրար ամբողջացնո՛ղ գիծեր։ Նկատի առնենք, սակայն, որ անոնց կ՚առնչուին նաեւ որոշ նախադրեալներ կամ նախապայմաններ, առանց որոնց դժուար, նոյնիսկ անհնար կ՚ըլլայ վերոնշեալ արժէքներու արժեւորումը։

Այսպէս, օրինակ, հաւաքականութիւնը պիտի գիտնայ տէր կանգնիլ իր ներուժին՝ դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ՝ որոնելու իր տաղանդները, քաջալերու տաղանդաւորները, պիտի գիտնայ արժէք ընծայել իր մշակոյթին ու կրթութեան, իր կրօնքէն աւանդ ստացած բարոյական ըմբռնումներուն, գիտակցի մարմնամարզի կարեւորութեան ու խրախուսէ ախոյեանները, զարկ տայ գիտութեան եւ մասնագիտական մօտեցումին, – այս բոլորը որպէս յենասիւները հասարակութեան զարգացման ու յառաջդիմութեան։

Հաւաքականութիւնը պիտի գիտակցի մանաւանդ, որ ազգային գոյութեան ու գոյատեւման հետապնդումը, այսինքն մեր Դատը, ունի համահայկակա՛ն առում, միացեա՛լ ճիգերով յառաջ կը տարուի։ Իսկ յաջողութեան համար կենսական է ձեռք ձգել նաեւ գործակցութիւնը միջազգային բոլոր ուժերուն, ինչպէս նաեւ վայելել համագործակցութիւնը տարածաշրջանի երկիրներուն, դրացիներուն՝ իրաւունքներու փոխադարձ յարգումով եւ մեկնելով հաւասարէ հաւասարի եւ ոչ թէ տիրողի ու ենթակայի եւ յաղթողի ու պարտեալի հոգեվիճակներէն։

Կրկնութեան ի գին կը թուեմ բոլոր այս դրոյթներն ու մօտեցումները, որովհետեւ համոզուած եմ, որ անոնք մաս պէտք է կազմեն մեր կուսակցութեան, եւ որեւէ ազգային կուսակցութեան օրակարգին, իրենց պատշաճ բանաձեւումը գտնեն անոր ծրագրին մէջ եւ տեւական առարկան հանդիսանան անոր քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքներոուն։