Հայերը նոր Պաղ պատերազմի շեմին

Հայաստանի շուրջ ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական միջավայրը այնպէս կը փոխուի, որ այլեւս կարելի չէ անտեսել։ Արդէն Ձեւաւորուած է բազմաբեւեռ աշխարհակարգ մը, որ պայմանաւորուած է տասնամեակներ շարունակ կուտակուած  լարուածութեամբ, Պաղ պատերազմէն ետք Արեւմուտքի դէպի արեւելք ընդլայնումով, Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ «կարմիր գիծերով» եւ անոր ընկալած ազգային անվտանգութեան շահերով, ինչպէս նաեւ Չինաստանի վերելքով՝ իբրեւ մրցակից տնտեսական ուժ։ Միեւնոյն ժամանակ, շրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան տեղաշարժերը, մասնաւորապէս Թուրքիոյ, Իրանի եւ Իսրայէլի մասնակցութեամբ, կը վերաձեւեն Մեծն Միջին Արեւելքը եւ անոր հետ միասին Հարաւային Կովկասը՝ զայն դարձնելով աւելի անկայուն դաշտ։ Մեծ տէրութիւններու մրցակցութիւնը կրկին դարձած է համաշխարհային քաղաքականութեան կազմակերպիչ սկզբունքը՝ միջազգային համակարգը մղելով ազդեցութեան գօտիներու եւ նոր համակարգի մը ուղղութեամբ։ Միացեալ Նահանգներու Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին 2025 թուականի Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը արդէն կ՛արտացոլէ այս շրջադարձը՝ «Նախ եւ առաջ Ամերիկա»-ով (America First), Մոնրոյի արդիականացած վարդապետութեամբ եւ Ամերիկաներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու գերակայութեան բացայայտ յաւակնութեամբ։

Այս յօդուածը նպատակ չունի վերլուծելու Չինաստանը, Ռուսիան կամ մրցակցող տէրութիւններու ամբողջ ճարտարապետութիւնը։ Էական կէտը աւելի պարզ է։ Հին կայսրութիւններու սահմանագիծերու խաչմերուկին գտնուելով՝ հայերը այսօր կը մտնեն նոր աշխարհակարգի եւ նոր պաղ պատերազմի մէջ։

Հայերը արդէն զգացած են այս անցումին առաջին ցնցումները։ Վերջին տասնամեակին ընթացքին նոր-կայսերապաշտական ձգտումները բախած են անմիջական շրջակայքին մէջ։ Շրջանային ուժերու փխրուն հաւասարակշռութիւնը, որ երկար ժամանակ ձեւաւորուած էր Ռուսիոյ յետխորհրդային ներկայութեամբ, Թուրքիոյ ուժի արտածիրումով եւ արեւմտեան մնայուն անորոշութեամբ, նախ յանգեցաւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին եւ ապա 2020-ին 44-օրեայ պատերազմին, որուն հետեւեցան Արցախի աղէտալի ցեղային զտումը եւ անոր հեռու հասնող հետեւանքները։ Հարաւային Կովկասը այդ պահէն ի վեր դարձած է միջանցք մը, ուր մրցակից աշխարհաքաղաքական ուժերուն շահերը կը հատուին աճող ուժգնութեամբ։

Այս բազմաբեւեռ ուժերու վերաբաշխման հոլովոյթին մէջ, Եւրոպան ինք կ՛արթննայ նոր անապահովութիւններու առջև։ Ռուսիա, Չինաստան, թուրանական աշխարհը եւ Հնդկաստանը աւելի ու աւելի կը մօտենան աւելի համակցուած եւրասիական կարգի մը, որ կը խթանուի տնտեսական ընդարձակուող միջանցքներու, ելեւմտական մեքանիզմներու, արդիւնաբերական համագործակցութեան եւ արհեստագիտական հարթակներու միջոցով։ Այս փոփոխութիւնը արդէն որոշ ժամանակէ մը ի վեր ընթացքի մէջ է եւ կը ներառէ ամերիկեան տոլարի ազդեցութենէն դուրս գալը եւ բազմակողմանի կառոյցներու վերելքը, ինչպէս՝ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւնը եւ ՊՐԻՔՍ-ը։ Փոքր ազգեր, որոնք սխալ կը մեկնաբանեն կառուցուածքային այսպիսի փոփոխութիւներ, վտանգուած են դառնալու թատրոններ, այլ ոչ թԷ դերակատարներ,  ինչպէս վերջերս Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի դէպքերը ցոյց կու տան։ Նոյնիսկ Հայաստանի դրացի Վրաստանը կարծես դաժան դաս քաղած է այն առումով, որ դաշնակիցները պարտադիր չեն, որ նոյնական շահեր կիսեն։ Հայ քաղաքական միտքը պէտք է ընկալէ այս ցնցող փոփոխութիւնները եւ հրաժարի բարոյականացուած ակնոցներէն, որոնք աշխարհը կը բաժնեն Հայաստանի նկատմամբ «լաւ» կամ «չար» կեցուածք ունեցող ուժերու միջեւ, կամ որոնք եւրասիական իրականութիւնները կը շփոթեն եւրոպականներուն հետ։ Առանց նման մտաւոր վերիմաստաւորման, աւելի մեծ ազգային ողբերգութիւններ ոչ միայն հնարաւոր կը մնան, այլեւ՝ հաւանական։

Արտաքին (օտար) փափուկ ուժը խորապէս ներթափանցած եղած է Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, թէ՛ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ եւ թէ՛ անկէ ետք։ Սա ակնյայտ է օտար ֆինանսաւորումներու ծաւալին մէջ: Այդ ֆինանսաւորումները ուղղուած են քաղաքացիական կատարողական հասարակութեան համակարգի կառուցման եւ  անընդհատ ընդարձակուող հայկական լրատուադաշտի ձեւաւորման, որ յաճախ կտրուած է ազգային առաջնահերթութիւններէն։

Իբրեւ հետեւանք հանրային խօսքը ճեղքուած է արեւմտամէտ եւ արեւելամէտ ճամբարներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումը կը վերածէ բարոյական հաւատարմութեան փորձաքարի, փոխանակ ռազմավարական ընտրութեան։ Քաղաքական դերակատարները կարծես աւելի կը բազմապատկեն արտաքին պատումներու ազդեցութիւնը սթափ ազգային շահի գնահատումներուն հաշուոյն, եւ այն, ինչ որ պէտք է ըլլար բազմակարծիք քննարկում, կը վերածուի կարծր գաղափարական ճեղքերու, որոնք կ’արտացոլեն համաշխարհային ուժային պլոքներու բաժանումները։ Այս բեւեռացումը այժմ կը ներթափանցէ հայկական կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ Հայ առաքելական եկեղեցին եւ սփիւռքի որոշ շերտերը։

Այս բոլորը աւելի կը շէշտուին ներկայ վարչակազմի դիրքորոշումով, վերջինս բացայայտ հակառուսական ուղղութիւն որդեգրած է այնպիսի պահու մը, երբ Ուքրանիոյ դիրքը կը վատթարանայ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը ինքն ալ կը դժուարանայ սահմանել զսպման իր կարողութեան սահմանները, այն պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանի առեւտուրը, ուժանիւթային մատակարարումները եւ անվտանգային պայմանաւորումները կը մնան խոցելի։ Անկախ անկէ, այս շրջադարձը կը պաշտպանուի թէ կը մերժուի, անոր ժամանակաւորութիւնը եւ ռազմավարական համահունչութիւնը կ’արժանանան լուրջ քննութեան փոքր պետութեան մը համար, որ ունի անվտանգային չլուծուած խնդիրներ եւ սխալելու շատ նեղ սահման։

Բաժնուած հաւատարմութիւնները նոր երեւոյթ չեն հայոց պատմութեան մէջ։ Դարեր շարունակ հայերը ապրած են մրցակցող կայսրութիւններու ներքեւ, եւ ներքին ճամբարները յաճախ կազմաւորուած են հակադիր արտաքին հովանաւորներու շուրջ։ Այս բաժանումները սոսկ մարտավարական յարմարեցումներ չէին, այլ՝ ընդհանուր ազգային շահը յստակ ձեւակերպելու եւ անոր պաշտպանութիւնը ապահովելու անկարողութեան արտայայտութիւն։ Ժամանակակից դարաշրջանին այս նախատիպը կարծրացաւ Պաղ պատերազմի ընթացքին, երբ աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումը վերածուեցաւ գաղափարական ինքնութեան։ Հայ համայնքները՝ թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի, բաժնուեցան խորհրդայնամէտ եւ հակախորհրդային գիծերու երկայնքով՝ ստեղծելով հաստատութենական ճեղքեր, խոր անվստահութիւն եւ որոշ պարագաներու՝ քաղաքական բռնութիւն ու մարդկային կորուստներ։ Դասը մնայուն է․ երբ արտաքին ուժային պայքարները ներքինացուին մրցակից ճամբարներու ձեւով, ազգային համերաշխութիւնը կը խարխլի ճիշդ այն պահուն, երբ ան ամէնէն աւելի կենսական է։

Այս զարգացումները հայերը կը դնեն նոր Պաղ պատերազմի շեմին։ Այս բոլորը կը պատահին, երբ պարտուած հայկական բանակը տակաւին վերակազմաւորուած չէ, եւ Արցախի տեղահանութիւնը ամբողջովին չէ մարսուած։ Երբ թրքական եւ ազրպէյճանական ռազմական համագործակցութիւնը իր գագաթնակէտին կը գտնուի։ Երբ պետական հաստատութիւնները լուրջ ճնշման տակ են, մինչ հասարակութիւնը խորապէս բեւեռացած է. մէկ կողմէ անոնց միջեւ, որոնք կառչած են դասական ազգային քաղաքակրթական շարունակականութեան, եւ միւս կողմէ անոնց, որոնք ինքնութիւնն ու պետականութիւնը կը դիտեն աւելի նեղ ու անցողիկ հասկացութիւններու շրջանակին մէջ։ Միաժամանակ, ժողովրդավարական գործելակերպն ու սահմանադրական կարգը քայքայման յստակ նշաններ կը ցուցաբերեն՝ աւելի եւս թուլացնելով ազգային դիմադրողականութիւնը։

Միեւնոյն ժամանակ, Ազրպէյճան–Թուրքիա յարաբերութիւնները կը շարունակեն խորանալ քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ։ Եթէ Ազրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան, եւ այնուհետեւ դէպի Թուրքիա, Հայաստանի Սիւնիքի մարզով ցամաքային կապ մը հաստատուի, Անգարան պիտի կորսնցնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն վիճակի վերածելու կամ փոխադարձ սահմանային բացումներ հետապնդելու մնացեալ որեւէ խթան։ Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ ինքնահռչակ «խաղաղութեան գործիչներ», որոնք յաճախ կապուած են արեւմտականացած քաղաքական շրջանակներու, կը շարունակեն Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան դիտել իբրեւ Արեւմուտքի ազդեցութեան գործնական երկարաձգումներ՝ բանակցութիւններ խրախուսելով, թէեւ Հայաստանի լծակները խիստ սահմանափակ են։ Այս դիտարկումը կ’անտեսէ այն իրականութիւնը, որ Անգարայի՝ Հարաւային Կովկասի քաղաքականութիւնը հիմնուած է «Նախ եւ առաջ Ազրպէյճան» սկզբունքին վրայ եւ կը մարմնաւորէ Թուրքիոյ ինքնուրոյն շրջանային ռազմավարութիւնը, այլ ոչ թէ արեւմտեան կողմնորոշում (Պօղոսեան 2025)։ Հոս աւելի կարեւոր կէտը այն է, որ Թուրքիա Ռուսիան կը նկատէ շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան մնայուն գործօն մը, որ պէտք է կառավարուի, ոչ թէ անպայման դիմակայուի։ Ան կը ձգտի Ռուսիա–Թուրքիա ճկուն փոխըմբռնման մը՝ միաժամանակ փորձելով սահմանափակել Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը։ Այս պարունակին մէջ, նեղ «դէպի Արեւմուտք թեքում»-ը Հայաստանը կը դնէ աւելի ու աւելի վտանգաւոր ու խոցելի դիրքի մէջ։

Զարգացող ներազգային խօսոյթը Հայաստանը կը ներկայացնէ իբրեւ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ կանգնած երկընտրանքի առջեւ։ Այս ձեւակերպումը ե՛ւ մոլորեցուցիչ է, ե՛ւ վտանգաւոր։ Հայաստան ո՛չ արեւմտեան յառաջապահ կէտ մըն է, ո՛չ ալ որեւէ ուժային պլոքի ենթակայ շարունակութիւն։ Իր աշխարհագրական բացուածքն ու քաղաքական սահմանափակումները զայն կը դնեն այնպիսի դիրքի մը վրայ, ուր հաւասարակշռութիւնը եւ զսպուածութիւնը նախ եւ առաջ կառուցուածքային պայմաններ են, այլ ոչ թէ նախընտրութիւններ։ Աւելի  հիմնարար   մտահոգութիւնը ներկայ իշխանութիւններուն  մոլեգնած ձգտումն է արագ «խաղաղութեան համաձայնութիւններ» կնքելու՝ միաժամանակ անտեսելով Հայաստանի անվտանգութեան վերակառուցման զուգահեռ անհրաժեշտութիւնը։  Հայաստանը չի կրնար իրեն թոյլ տալ նոր պատերազմ մը, սակայն պատերազմէ խուսափիլը չի նշանակեր թոյլ կամ մեկուսացած մնալ։ Ասոնք յաջորդաբար կատարուելիք ընտրութիւններ չեն․ անոնք պէտք է միաժամանակ հետապնդուին։  Փոխարէնը, իշխանութիւնները կարծես կը յենին խորհրդանշական անվտանգային քայլերու եւ զիուած ուժերու մակերեսային բարեփոխումներու վրայ, մինչ դիւանագիտական ճնշման տակ էական զիջումներ կը կատարեն։  Այս դիրքաւորումը կը վտանգէ Հայաստանը կապել անբարենպաստ պայմաններու եւ ամրագրել ուժային այնպիսի անհաւասարութիւններ, զորս յետագային գուցէ անկարող ըլլայ շտկելու։  Այս «կամ–կամ» մօտեցումը կը մատնանշէ ներկայ իշխանութիւններուն մէջ հասուն քաղաքական ղեկավարութեան բացակայութիւնը։

Այսօր հայ հանրային ոլորտի եւ քաղաքական միտքի քննարկումը ընդհանրապէս կը գերակշռուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ հակադրական հռետորաբանութեամբ։ Բայց աւելի հիմնարար հարցերը կը մնան անպատասխան։ Ճիշդ ո՞ւր կ’երթանք։ Ի՞նչ տեսակ պաղ պատերազմ մը կը ձեւաւորուի մեր շուրջ։ Եւ ի՞նչ կը նշանակեն այս բոլորը փոքր, խոցելի պետութեան մը համար, որ կը գտնուի մրցակից ուժերու խաչմերուկին վրայ։

Այս յօդուածին նպատակը որեւէ յատուկ աշխարհաքաղաքական ուղղութիւն պնդել չէ։ Հայաստան այնքան փոքր, խոցելի եւ ռազմավարականօրէն բացայայտուած է, որ չի կրնար իրեն թոյլ տալ աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումը ընկալել իբրեւ գաղափարական նախասիրութիւն՝ գոյատեւման սառն ու իրատեսական հաշուարկի փոխարէն։ Դէպի նոր պաղ պատերազմ սահող աշխարհին մէջ, հայ քաղաքական միտքին համար ամէնէն հրատապ խնդիրը ներքին յստակութիւնն է, ոչ թէ արտաքին կողմնորոշման որոնումը։ Փոքր եւ ռազմավարականօրէն բացայայտուած պետութեան մը համար ներքին յստակութիւնը վերացական իտէալ մը չէ, այլ կենսական ռազմավարական պահանջ։ Առանց ընդհանուր ազգային ռազմավարական հենքի, քաղաքացիական օրինականութիւնը, համախմբուածութիւնը եւ դիմացկունութիւնը անխուսափելիօրէն կը խաթարուին արտաքին երկարատեւ ճնշումներու տակ։ Ասիկա կը պահանջէ հայութիւնը տեսնել իբրեւ պատմական մէկ ազգի ամբողջութիւն — այսօր՝ անդրազգի բնոյթով (Խաչիկ Թէօլէօլեան)  — որուն հազարամեայ պատմական ընթացքը յանգեցուցած է փոքր, բայց իրական ժամանակակից պետութեան մը՝ պատմական հայրենիքի վերջին մնացորդին վրայ։ Հայկական անդրազգի հայաստանաբնակ եւ սփիւռքաբնակ հայերուն համար նոյնքան այս պետութիւնը պատահական չէ․ ան գոյութիւն ունի հայրենիքի վերջին հատուածին վրայ եւ շօշափելի նշանակութիւն կը հաղորդէ հայ ազգային ինքնութեան ու ապագային ուղղուած քաղաքացիական դերակատարութեան տեսլականին, յատկապէս երբ դիտուի պետականութիւն չունեցող ազգերու վիճակին հետ համեմատ։ Այս իրադրութեան մէջ, Հայաստանի այսօրուան իշխող ուժը, որ չկարողացաւ աղէտալի պատերազմ մը կանխել, կառավարել կամ հետեւանքները մեղմել, եւ որ ընդամէնը ստացած է գրանցուած ընտրազանգուածին 26,65 տոկոսին աջակցութիւնը, չի տիրապետեր այն բարոյական օրինականութեան, որ անհրաժեշտ է խորը եւ հեռուն հասնող աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներու ձեռնարկելու համար, մինչեւ ներազգային աւելի լայն համաձայնութիւն եւ ներքին յստակութիւն մը վերականգնուին։ Այս հարցին պիտի անդրադառնամ իմ յաջորդ յօդուածիս մէջ՝ «Հայերը անդրազգի եւ պետութեան միջեւ», «Հայկական ազգային նախագիծ» շարքին ծիրին մէջ։

44-օրեայ պատերազմին վէրքերը տակաւին չեն ապաքինած, Արցախի հայաթափումը ամբողջովին չէ մարսուած։ Հայկական ռազմավարական յստակութիւնը տակաւին չէ վերականգնուած։ Հայաստան չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ մտնել համաշխարհային նոր դիմակայութեան շրջան մը՝ մասնատուած, անպատրաստ եւ զգացականօրէն լարուած խօսոյթներու մղումով։ Առաջին եւ հիմնական խնդիրը ազգային սթափութիւնն է՝ ազնիւ եւ ինքնաքննիչ գնահատում մը այն մասին, թէ ո՛ւր կը գտնուի ազգը, ի՛նչ կորսնցուցած է եւ ի՛նչ տեսակի ազգային ձեւակերպում կը պահանջուի յառաջիկայ տարիներու պաղ պատերազմին դիմանալու համար։ Առաջին խնդիրը ազգային սթափութիւնն է՝ ազնիւ գիտակցում ազգին ներկայ դրութեան, կրած կորուստներուն եւ յառաջիկայ պաղ պատերազմին դիմանալու անհրաժեշտ ձեւին։

Յղումներ

Poghosyan, Benyamin (2025).
Walt, Stephen M. (2018).
Tölölyan, Khachig (1996).
International Crisis Group, Հարաւային Կովկասի զեկուցումներ։

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Րաֆֆի Արտալճեան՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ «Ֆլեչըր» համալսարանի շրջանաւարտ, արհեստագիտութեան մասնագէտ է եւ խորհրդատու՝ արհեստագիտական ընկերութիւններու, հանրային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու։ Ան կը մտածէ եւ կը գրէ սփիւռքը եւ Հայաստանը յուզող քաղաքական հարցերու մասին։