Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանին՝ «Նարեկ»ի կամ «Մատեան Ողբերգութեան»ի մասին
- (0)

Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի առաջարկով եւ հետամտութեամբ վարչութեան անդամուհի Նանոր Սնապեան-Լիպարեանի, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ հովիւը՝ Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեան տուաւ եօթ դասախօսութիւններ, որոնք նուիրուած էին Գր. Նարեկացիի աղօթամատեանին։ Դասախօսութիւնները սկսան 2025-ի 27 Մարտին եւ ամսական պարբերականութեամբ մատուցուեցան։ Վերջինը՝ 18 Դեկտեմբերին։ Վայրը՝ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահը։
Դասախօսը ներկայացուց Գր. Նարեկացիի կենսագրութիւնը, գրականութիւնը, աղօթամատեանին բովանդակութիւնը։ Նաեւ՝ անոր մասին երկու կարծիք. մէկը՝ Արշակ Չօպանեանի, միւսը՝ Շահան Շահնուրի։
Ըստ Չօպանեանի՝ Գր. Նարեկացի «Մեր ցեղին է՛ն ուժով արտայայտութիւններէն մէկն է»։ Ըստ Շահնուրի՝ աղօթամատեանը թունաւորած էր հայ հոգին եւ զայն հաշմանդամ դարձուցած։ Տ. Գառնիկ այս երկու կարծիքներուն ներկայացումէն ետք, անոնց իր քննադատութիւնը պարզեց։ Քննադատեց Չօպանեանի այն համոզումը, որ Գր. Նարեկացին կ’առնչէր «միստիքականութիւն» կոչուած երեւոյթին։ Եւ ցոյց տուաւ գրողին թիւրիմացութիւնը եւ հակասականութիւնը։ Շահնուրի վարկածը կատարեալ սխալ մը համարեց, նաեւ խուճապահարի մը մարմաջը՝ գայթակղութիւն ստեղծելու։
Յիշատակեց եւ ցոյց տուաւ արժէքները միջնադարէն մինչեւ 20-րդ դար՝ աղօթամատեանին մօտեցած կամ մերձեցած մեկնութիւններէն կարեւորներուն. 1) «Լուծմունք»ներուն, որոնք ամփոփ մեկնութիւններ են (ասոնցմէ առաջինին հեղինակը ստուգապէս չենք գիտեր. տրուած են անունները Սարգիս Շնորհալիի, Գրիգոր Սկեւռացիի եւ Յակոբ Կթղ. Կլայեցիի). 2) Յակոբ Պտր. Նալեանի «Գիրք Մեկնութեան Աղօթից Սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ Հրեշտակական Վարդապետին» կոթողական գործին (Կ. Պոլիս, 1745). 3) Գաբրիէլ Վրդ. Աւետիքեանի ծաւալուն «Նարեկլուծ»ին (Վենետիկ, 1801). 4) Գրիգոր Պըլտեանի խորաթափանց «ընթերցում»ներուն, որոնք ամփոփուեցան իր «Երկխօսութիւն Նարեկացիի Հետ» գիրքին մէջ (Երեւան, 2008)։
Ապա խօսեցաւ բանասիրական գործերու մասին, ինչպէս՝ Արշակ Չօպանեանի, Մանուկ Աբեղեանի, Մկրտիչ Մկրեանի, Պօղոս Խաչերեանի, Արշալոյս Ղազինեանի եւ Լեւոն Արք. Զեքիեանի։ Յետոյ թուարկեց արեւմտահայերէնով եւ արեւելհայերէնով թարգմանութիւնները։ Ակնարկեց օտար լեզուներով թարգմանութիւններուն։

Յետ ծանօթացուցիչ այս տեղեկութիւններուն, աղօթամատեանին անուան վերաբերեալ բացատրութիւններ տուաւ։ Ըսաւ, թէ երկին մէջ, Գր. Նարեկացի իր մատեանը կոչած է «ստեղծաբանութիւն», «բանահիւսութիւն», «մատեան մաղթանաց ողբերգութեան», «մատեան մաղթանաց», «մատեան ողբերգութեան», «մատեան շնչական», «աղօթք բանականք», «մատեան ողբոց նուագի», «ողբոց մատեան», «սնոտիապատուաստ երգ», «ձայն աղերսական», «համայնապատում խոստովանութիւն» եւայլն։ Թէ երկին հնագոյն բնութագիրը տուած է Ներսէս Լամբրոնացին (12-րդ դար), եւ անոր մասին գործածած է «զգիրս աղաւթից» բացատրոյթը։ Ուստի, ենթադրելի է, որ Գր. Նարեկացին չէ, որ իր երկին «Մատեան Ողբերգութեան» ընդհանուր անունը տուած է, այլ անիկա շատ ուշ կատարուած է։
Երբ սկսած է (1701-1702, Կ․ Պոլիս) տպագրումը Նարեկեան գլուխ գործոցին՝ կը կարդանք «Գիրք Աղօթից» անունը։ 18-րդ դարու գրեթէ բոլոր հրատարակութիւններուն անունն է ասիկա։ 18-րդ դարու վերջաւորութեան՝ այլ անուն մըն է՝ «Գիրք Աղօթից Որ Կոչի Նարեկ» (Վենետիկ, 1789-էն)։ Հին ձեռագիրներու մէջ ալ այս անունին կը հանդիպինք։ 1843-ին, Զմիւռնիա հրատարակուածը ունի «Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Ողբերգութիւն» տիտղոսը։ 1845-ին Կ. Պոլիս հրատարակուածը՝ «Մատեան Ողբերգութեան»։ Արեւելահայ բանասիրութիւնը եւ թարգմանութիւնները նախընտրեցին «Մատեան Ողբերգութեան» անունը։ Արեւմտահայերէնով թարգմանութիւններէն առաջինը, որ կատարուած էր Միսաք Գոչունեանէ՝ «Աշխարհաբար Նարեկ» անունը գործածած էր. գրեթէ միաժամանակ լոյս տեսած Թորգոմ Արք. Գուշակեանի թարգմանութիւնը ունեցած էր «Նարեկ Աղօթամատեան» անունը, իսկ Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի (Տրապիզոնի) թարգմանութիւնը՝ «Նարեկ Ողբերգութեան»։
Աղօթամատեանի բնորոշման կապակցութեամբ՝ անճիշդ համարեց բոլոր կարծիքները, որոնք զայն բանաստեղծութիւն կը սահմանեն։ Ձայնակցելով Գր. Պըլտեանին, բացատրեց մեծ տարբերութիւնը աղօթքին եւ բանաստեղծութեան։
Աղօթամատեանին լեզուին եւ լեզուի աստուածաբանութեան մասին խօսելով, ըսաւ՝ թէ զայն հասկնալու համար մեկնութեան կարիքը զգացուած է միջնադարէն, քանի որ անիկա պարզ լեզուով գիրք մը չէ։ Անիկա հռետորական ձեւերու կիրարկումներով, լեզուական կուտակումներով եւ շարահիւսական բարդութիւններով ամրափակ գիրք մըն է։ Գր. Պըլտեան ըսած է. «Շատ աշխատուած, բարդուած, կառուցուած, գրուա՛ծ գրութիւն մըն է»։
Քաղեց Վարագ Առաքելեանի «Գրիգոր Նարեկացու Լեզուն Եւ Ոճը» (Երեւան, 1975) գիրքէն հատուած մը, որ կ’ըսէ՝ «Նա, ինչպէս ամէն մի բանաստեղծ, ոճաւորել է իր լեզուն, թէեւ ոճաւորումը որոշ ծայրայեղութեան է հասցրել…»։ Ըստ Առաքելեանի, եթէ աղօթամատեանը այդ օրերուն խօսակցական լեզուով գրուած ըլլար՝ մեր լեզուին վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցած կ’ըլլար։ Եւ այդպէս գրուած չըլլալը՝ ափսոսալի գտած է ան։ Դասախօսը ըսաւ, թէ դժբախտաբար, Առաքելեան չէ հասկցած, որ ամէն գրող կը գրէ այն լեզուով, որ իր հոգիին ու մտքին կը ներդաշնակուի։ Առաւել՝ իր փորձառութիւնները կրնայ պարագրկել։ Եւ թէ՝ անկասկած որ Նարեկացիի լեզուն բարդ է, բայց իր հոգին ու միտքն ալ բարդ են, եւ բարդ են փորձառութիւնները։ Ամէն լեզու՝ ամէն փորձառութիւն չի կրնար գրի առնել։ Դասախօսը նաեւ աւելցուց, թէ Նարեկացիի լեզուին բարդութիւնը կը բխի բազմամեղութեան իր գիտակցութենէն եւ Աստուծոյ անիմանալիութեան աստուածաբանութենէն։ Ուրեմն, անոր բարդութիւնները իր հոգիէն ու մտքէն, փորձառութիւններէն, մեղքի իր գիտակցութենէն եւ ընդ Աստուծոյ խօսելու լեզուի իր աստուաբանութենէն են։
Յակոբ Օշական գրած է. «Գիրքը անոր վրայ (այսինքն՝ մեղաւորին – ՍՅ) կը կռթնի։ (…) Նարեկացին իր տաղանդի այլանդակ մեծութիւնը փորձած է այս մտապատկերը աւելի հզօր, աւելի թելադրող, աւելի կատարեալ ընելու համար։ Անիկա օգտագործած է եկեղեցական մատենագրութեան բոլոր ասութիւնները, որոնք մեղքը կը տարազեն։ Ու անոնց վրայ աւելցուցած նորեր, որոնք իրենց յանդգնութեանը մէջ՝ գարշանքի նոր ստեղներ կը ստեղծեն։ Մեղաւորը ամէնէն ընդհանուր տիպարն է գիրքին»։ Ինչպէ՞ս կարելի է մեղքի այս «անհուն մթնոլորտ»էն ելք մը ունենալ։ Կարելի՞ է։ Կարելիութիւնը զղջումի ճանապարհն է։ Աղօթամատեանը զղջումի աստուածաբանութեան մը կ’աշակերտի։ Նարեկի վանահօր եւ Գր. Նարեկացիի հարազատին, հոգատարին, դաստիարակին եւ ուսուցչապետին՝ Անանիա Նարեկացիի վերագրուած է նամակ մը, որուն տիտղոսն է. «Անանիա Նարեկացւոյ Ասացեալ Խրատք Ոգեշահք Յաղագս Զղջման Եւ Արտասուաց Ի Խնդրոյ Գրիգորի Միայնակեացի»։ Ամբողջ նամակը ցոյց տալու համար է «ճանապարհ յաղագս զղջման եւ արտասուաց»։ Ան. Նարեկացի այս նամակին մէջ խօսած է զղջման «արուեստ»ի մասին։ Դասախօսը ըսաւ. «Այսօր, աւելի ճիշդ՝ վերջին դարերուն, արուեստը սահմանելու շուրջ ընդարձակ տարակարծութիւններ կան. թէեւ ամէնքն ալ համաձայն են, որ արուեստը զուտ մարդկային ստեղծագործութիւն մըն է, կամ գեղեցիկ արտադրութիւն մը։ Բայց նաեւ նախքան իրացած ստեղծագործութիւնը կամ գեղեցիկ արտադրութիւնը՝ «արուեստ» բառը կանոններու կիրարկում ալ կը նշանակէ, կամ՝ յօրինում (մենք, սովորաբար, կորսնցուցած ենք այս «յօրինում» բառին ճշգրիտ իմաստը, եւ զայն կը հասկնանք իբր «հնարում». մինչդեռ «յօրինում» բառը կը նշանակէ օրէնքներով կառուցել, կերտել…)։ Ասոր ամէնքն ալ համաձայն են, վստահաբար, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք կը թուի, թէ առանց կանոններու կը ստեղծագործեն։ Ուրեմն, «արուեստ» բառով երկու բան կարելի է հասկնալ։ Եւ մեր նիւթին՝ զղջման արուեստի պարագային՝ անիկա կը նշանակէ կիրարկում կանոններու»։ Բայց ո՛չ միայն կիրարկում կանոններու։ Ըստ Ան. Նարեկացիի, զղջումը շնորհ է։ Եւ որքան մէկը զղջումով կ’անցընէ իր ժամանակը՝ այնքան շնորհը կ’արմատանայ իր մէջ։ Կիրարկուող զղջումը՝ շնորհի արուեստին կիրարկումն է»։
Դասախօսը անդրադարձաւ աղօթամատեանի ամէնէն ուշագրաւ տարրերէն մէկուն, որ կրկնումն է կամ կրկնաբանութիւնը։ Անոր մէջ կիրարկուած են երեք տեսակի կրկնումներ. Ա) Քերականական, Բ) Հռետորական կամ քերթողական, եւ Գ) Աստուածաբանական։ Ընդարձակ այս նիւթերէն միայն առաջին երկուքին մասին կրցաւ խօսիլ, իսկ երրորդին չկրցաւ անցնիլ՝ դասախօսական ժամանակին աւարտած ըլլալուն պատճառով։ Խոստացաւ, որ յետագային, յարմարագոյն առիթով մը՝ այդ մասին կը դասախօսէ։
Տ. Գառնիկ դասախօսութիւններու շարքը աւարտեց՝ աղօթամատեանի հիմնական հոգը, նաեւ եւ փրկութեան յոյսը ներկայացնելով։ Հիմնական հոգն է գերեվարեալ իր հոգիին գիւտը, որ կը կարդանք Ուխտի Տապանակին գերութենէ վերադարձի պատկերին մէջ։ 25-րդ գլխուն մէջ կայ դրուագ մը, ուր նկարագրուած է բազմամեղ հոգիին խորտակումը՝ փշրեալ նաւուն պատկերով։ Նաեւ արձանագրուած է յոյսը։ Դասախօսը աւարտեց, ըսելով՝ թէ Գր. Նարեկացի իր հոգիի գիւտին կամ իր հոգիի խորտակուած նաւուն վերակազմութեան իր սպասումին խորհրդագործական լուծում մը տուած է՝ Ս. Միւռոնի փրկարար նշանակութիւնը վեր առնելով, եւ անոր առնչաբար՝ Ս. Հաղորդութեան ճաշակումին կենսականութիւնը դրուագելով։
Ի սկզբանէ դասախօսը յստակ դարձուցած էր, թէ Գր. Նարեկացիի «ես»ը՝ իր սահմանափակ անձին «ես»ը չէ, այլ՝ համամարդկային։ Իր «ես»ը՝ «համայնապատում խոստովանութիւն» մը կատարած է աղօթամատեանին մէկ ծայրէն միւսը։
ՍՅ