Ֆիտան սպառնաց Սուրիոյ քրտական ուժերուն․ «Մեր համբերութիւնը կը սպառի»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան խօսելով «TRT World»-ի «One on One» հեռուստածրագիրին, անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ «Դամասկոսի համար լուրջ վտանգ ներկայացնող եւ այնտեղ գործող ահաբեկչական կազմակերպութեան» մասին։

Ան «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը» (SDG) նոյնացնելով Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական ճանչցուած «Քրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) եւ Սուրիոյ քրտական ինքնապաշտպանական ուժերուն (YPG) հետ, յայտարարեց, թէ անոնք ներկայիս կը փորձեն ժամանակ շահիլ, մինչ Թուրքիան, այնուամենայնիւ, տակաւին կը համբերէ։

«Մենք չենք ուզեր կրկին ստիպուած ըլլալ դիմելու ռազմական միջոցներու, սակայն SDG-ն պէտք է գիտակցի, որ այս հարցին առնչուած դերակատարներու համբերութիւնը կը սպառի։ Անոնք պարտաւոր են գործադրելու Մարտ 10-ի համաձայնագրով ստանձնած իրենց պարտաւորութիւնները»,– ըսաւ Ֆիտան։

Վերնոշեալ պայմանագրին համաձայն, SDG-ն պարտաւորուած էր ինքնալուծարուիլ, իսկ անոր զինեալները՝ որպէս անհատներ, պէտք է միանային Սուրիոյ բանակի շարքերուն։ Համաձայն պայմանաւորուած ժամանակացոյցին, կազմակերպութիւնը այս ամբողջ գործընթացը պէտք է աւարտէ մինչեւ ընթացիկ տարուան վերջը՝ դեկտեմբեր 31-ը։