Առցանց հրապարակուեցաւ «Հորիզոն»ի մասին փաստավաւերագրական ժապաւէնը

«Հորիզոն»ի մասին փաստավաւերագրական ժապաւէնը առցանց հրապարակուեցաւ։ Նշենք, որ ժապաւէնը առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուած էր 2021 թուականին։ Վաւերագրականի բեմադրիչն է Յակոբ Փափազեան։ Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Գանատայի ՀՅԴ ղաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի բազմաբեւեռ գործունէութիւնը։

Յակոբ Փափազեան Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական» ծառայութեան գլխաւոր բեմադրիչներէն եղած է։ Ան հեղինակ է տասնեակէ աւելի հայագիտական եւ հոգեւոր մշակութային ֆիլմերու: Իր Վաւերագրական ժապաւէնները ցուցադրուած են Անգլիա, Իտալիա, Հոլանտա Աւստրալիա, Գանատա, Ամերիկա եւ այլուր։ Հեռուստատեսային բնագաւառէն ներս ունեցած իր ներդրումներուն համար 2014 թուականին արժանացած է պետական պարգեւի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետալի։ Վաւերագրական տեսանիւթերու եւ ֆիլմերու հեղինակ Յակոբ Փափազեանի բեմադրած ժապաւէններու շարքին է՝ հայ գրատպութեան պատմութիւնը վաւերագրող «Գիրք Հայրենիքը. Յակոբ Մեղապարտ» երեք մասով փաստավաւերագրական ֆիլմաշարը։

Վաւերագրական ժապաւէնին յղումը՝ ստորեւ.