Ամօթալին ու պանծալին

Կ’արժէ յիշել, որ Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ շաբաթը Հայ Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը, որ այս տարի զուգադիպեցաւ 29 Նոյեմբերին։

Չենք կրնար չարձանագրել, որ վերջին ամիսներուն գրեթէ ամէնօրեայ մագլցումներով առաջին քրիստոնեայ երկրին մէջ ականատես եւ ականջալուր կ’ըլլանք մեր առաքելահաստատ Ս. եկեղեցւոյ բարձրաստիճան սպասաւորներուն նկատմամբ ծաւալող մոլեգին արշաւի մը, որ անկախ իրագործողներու եւ թիրախներու անուններէն եւ զբաղեցուցած դիրքերէն, տապարի հարուածներ կը հասցնէ հայ ինքնութեան իրանին։

Ս. ԹադԷոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնի նախօրէին, մինչ նման անյարիր մթնոլորտ կը տիրէ Արարատի ստորոտին, անդին հիւրընկալ Քանատաի Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարանին մէջ հայ քահանան կը մեծարուի։

Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2025-ին, Թորոնթոյի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հալէպահայ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քահանայ Միքայէլեան հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու Օնթարիոյ նահանգի Խորհրդարանի նիստին, ուր յատուկ յիշատակութեան արժանացած է տէր հօր քառասնամեայ քահանայական վաստակը Հալէպի եւ ներկայիս Թորոնթոյի մէջ։ Այս առիթով տէր հօր յանձնուած է յատուկ գնահատագիր մը։

Հայ Աոաքելական եկեղեցւոյ սպասարկուին քառասնամեայ ծառայութեան ցուցաբերուած այսպիսի վերաբերմունք անտարակոյս մեծարանք է Հայ Առաքելահաստատ եկեղեցւոյ ու պատի՛ւ համայն հայութեան։ «Ուրախ լեր, սո՛ւրբ եկեղեցի…»։

Գրիգոր Տունկեան