Բանին Սպասարկու Նիկոլ Աղբալեան

1929-ին, ՀՅԴ 11-րդ ժողովին մասնակցելու համար Նիկոլ Աղբալեան կը գտնուէր Փարիզ (Ֆրանսա): Սիմոն Վրացեանի պնդումով ան գրի առած է հակիրճ ինքնակենսագրական մը: Ինքնակենսագրականի աւարտին իբրեւ եզրակացութիւն կը գրէ հետեւեալը. «Կոչումս ի՞նչ է- ես էլ չգիտեմ: Ոմանք ասում են քննադատ եմ: Ուրիշներու կարծիքով մատենագիր եմ: Ուրիշ բաներ էլ են ասում: Իմ գիտցածովս ես էլ շատերի պէս ամէն բան եմ եւ ոչինչ եմ: Այս է հայ մտաւորականի ճակատագիրը: Գլխի քո»:

«Ուրիշ բաները» պէտք է կարդալ` ուսուցիչ Կաղզուան, Ագուլիս, Շուշի, Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարան, տնօրէն Թեհրան եւ Աղեքսանդրիա, նախագահ Թեհրանի Համայնական խորհուրդի, անդամ Թիֆլիսի Ազգային Բիւրոյի եւ կամաւորական գունդերու կարգադրիչ մարմինի, անդամ Ազգային խորհուրդի, փոխնախագահ Թիֆլիսի հայ գրողներու ընկերութեան, անդամ Հայաստանի խորհրդարանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Լուսաւորութեան նախարար, նախագահ Կարսի մայիսեան ապստամբութիւնը վերացնող մասնաճիւղի, վարիչ Շարուրի ցանքերու բաշխման եւ օգտագործման մարմինի: Շարունակենք. ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Կարսի մէջ (1904-05), Եգիպտոսի մէջ (1905 եւ 1907-08), անդամ Շուշիի կոմիտէի (1914-17), մէկը կամաւորական շարժման վարիչներէն (1914-17), կամաւորական պահեստի գնդապետ (1915-17):

Նիկոլ Աղբալեան աշխատակցած է տասնեակ մը թերթերու. զանց կ՛առնեմ անուններու թւումը: Եղած է խմբագիր «Նոր հոսանք», «Հորիզոն», «Գործ», «Հայաստանի աշխատաւոր» եւ «Ազատամարտ» (Թիֆլիս) թերթերուն:

Աշխատակցած կամ խմբագրած թերթերու մէջ ցրուած են գրական քննադատութեան, մատենագիտական, բանասիրական, լեզուագիտական, քաղաքական, Սայաթ նովայագիտական յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու պատկառելի թիւ մը: Մինչեւ 1929 արտադրուածներուն վրայ աւելցած են արտասահմանի մէջ կեցութեան շրջանին գրուած աշխատանքներ: Այս պատկառելի վաստակը ներկայացնող աշխատանքները, զորս Պէյրութի մէջ հրատարակուած չորս հատորները մասնակիօրէն կը պարփակեն, պիտի հրատարակուին վերջապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկին նախաձեռնած եօթը կամ ութ հատորներուն մէջ: Առաջին հատորը լոյս տեսած է արդէն Համազգայինի հետ գործակցութեամբ («Հայ գրականութեան պատմութիւն»):

Նիկոլ Աղբալեան նամակի մը մէջ կը գանգատի. «Ամէն մարդ իր ճակատագիրն ունի. իմն էլ այս է. գրող ծնուել եւ ամէն բան անել բացի գրականութիւնից»: Գրականութիւն բառը պէտք է առնել իր լայն իմաստով. Աղբալեան գրական գործ չէ երկնած. իր տարերքը գրականագիտութիւնն է, հայ բանասիրութիւնը: «Ես կ՛ուզէի այնպիսի մի հմտութեան տիրանամ, որ հայերէն ամէն գիրք ու թերթ կարդացած լինեմ», կ՛ըսէ ու համեստօրէն կ՛աւելցնէ. «Շատ բան իմացայ, բայց ոչ հիմնովին… Ուրիշ վայելքներս զուգահեռ` գիտութիւնն ինձ համար վայելք եղաւ»: Ձգտած է լաւագոյնին, սակայն ըստ իրեն` չէ հասած լաւին:

Լաւագոյնին ձգտող, գիտնական դառնալ փափաքող Աղբալեանը, 1904-ին երբ 29 տարեկան էր, կ՛անդամակցի ՀՅ Դաշնակցութեան ու 20-րդ դարու առաջին կէսի թոհուբոհին մէջ կը մխրճուի ազգային ազատագրութեան պայքարին մէջ եւ իր գրիչը կը թաթախէ յեղափոխական արեան մէջ: Ու կը գանգատի. «Երգը չթողեց, որ մարտիկ դառնամ, սուրը չթողեց, որ երգիչ դառնամ»:

28 մայիս 1928-ին «Հայ կրթական եւ հրատարակչական Համազգային ընկերութեան» հիմնադրութենէն, ապա երկու տարի ետք Պէյրութի մէջ «Հայ ճեմարանի» բացումէն ետք, մինչեւ 15 օգոստոս 1947-ին իր մահը, Նիկոլ Աղբալեան գրեթէ միայն «երգիչ» է: Հայ ճեմարանի հայ գրականութեան, մատենագրութեան եւ գրաբարի ուսուցիչը, տնօրէնութեան անդամը, հայկական մտաւորական կեանքի կեդրոնական դէմքն է լիբանանահայ նորակազմ գաղութին մէջ, ստեղծիչը անոր մտաւորական միջավայրին: Դասախօսութիւններով, զրոյցներով, բանախօսութիւններով, յօդուածներով ու ուսումնասիրութիւններով, ան գրականութեան, արուեստի եւ քաղաքական մտածողութեան վայելքներ բաշխեց հանրութեան: Եղաւ անսպառ զրուցողը բազմամարդ թէ նեղ շրջանակներու մէջ, մշտապէս հայ լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան շուրջ նոր միտք եւ իմաստալից խորհուրդ պարզելով: Պէյրութի գրասէրները յագեցան Նիկոլ Աղբալեանի մտքերով եւ դաստիարակուեցան անոր շունչով:

Յատկանշական է յատկապէս Նիկոլ Աղբալեանի դասախօսութիւններու շարքը, Հայ ճեմարանի սրահին մէջ, հայ հին մատենագրութեան մասին: Այս դասախօսութիւնները ճեմարանի բեմը վերածեցին համալսարանական ամպիոնի մը` առաջին հայագիտական հիմնարկին սփիւռքի մէջ:

Հայրենիքէն ու ընտանիքէն հեռու տառապող Նիկոլ Աղբալեան իր գործով ստեղծեց այն ոգեկան հայրենիքը, որ հայ մշակոյթով եւ հայկականութեամբ կը սահմանուի: Հայաստան ու հայութիւն ամէն բանէ առաջ:

Տիգրան Ճինպաշեան