Նիկոլ Աղբալեան. Ուրուագծեր կեանքին եւ գործունէութեան մասին

ԳԱՌՆԻԿ ԲԱՆԵԱՆ

Ծ․Խ․- Այս տարի կը նշուի Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակը։ Այս առթիւ, կը հրատարակենք իր աշակերտներէն՝ Գառնիկ Բանեանի (1910-1989, ուսուցիչ, Խմբագիր, հանրային գործիչ եւ մանկավարժ) պատրաստած  կենսագրականը։

Նիկոլ Աղբալեան ծնած է 1875 թուին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի հայաբնակ Հաւլաբար թաղը, աղքատ ընտանիքի մէջ: Հայրը համեստ փռապան մըն էր, մայրը՝ ռամիկ եւ նահապետական բարքերով ապրող, բայց գրասէր  կին մը, իր զաւակին մօտ ուսման սէրը արթնցնող առաջին անձը կ’ըլլայ:

Նախնական կրթութիւնը իր թաղի վարժարանին մէջ ստանալէ յետոյ, Աղբալեան կը յաճախէ Թիֆլիսի Ներսէսեան դպրոցը, որուն ընթացքը չաւարտած՝ կը մտնէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, որ ժամանակի հայ իրականութեան մէջ իբրեւ երկրորդական ուսման կեդրոն՝ բացառիկ տեղ մը կը գրաւէր:

Դուրս գալով ճեմարանէն, Աղբալեան ոտքով կը շրջի Արեւելեան Հայաստանի մէկ կարեւոր մասը եւ ամսուան ընթացքին քանի մը տասնեակ գիւղ ու քաղաք անցնելէ եւ Հայոց աշխարհի այդ մասին լաւապէս ծանօթանալէ յետոյ կը հասնի Թիֆլիս:

1900ական թուականներուն Ն. Աղբալեան Թիֆլիսի մէջ յայտնի մտաւորական գրող մըն է արդէն, եւ մաս կը կազմէ գրողներու այն խմբակին, որոնք յաճախ կը հաւաքուին առաջնորդ Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանի (յետագային Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) մօտ, զրոյցներ եւ ելոյթներ կ՛ունենան մշակութային հարցերու շուրջ:

Գրականութեան եւ գիտութեան հանդէպ, սակայն, Աղբալեանի ծարաւը անյագ է, իսկ իր ունեցածը՝ անբաւարար: Կովկասը աւելին տալ չէր կրնար իր սահմանափակ հորիզոնով: Այդ իսկ պատճառով կ’անցնի Ռուսաստան՝ Փեթերզպուրկ, ուր կը ջանայ հետեւիլ փրոֆ. Ն. Մառի լեզուագիտական դասընթացքներուն, բայց կարելի չըլլար նիւթական դժուարութիւններու պատճառով: Կը ստիպուի մէկ կողմէն Հայոց եկեղեցիին մէջ դպրութիւն ընել, միւս կողմէ հանրային մատենադարան յաճախել եւ ձեռնարկել ռուսահայ պարբերական մամուլի ցանկի կազմութեան, սակայն այս աշխատանքն ալ երկար շարունակել կարելի չըլլար՝ կ՛անցնի Մոսկուա, ուր մէկ կողմէ կը հետեւի համալսարանական դասընթացքի, միւս կողմէ անվերջ կը կարդայ ռուսական գրականութեան առաջնակարգ գրողներու երկերը, մօտէն հաղորդակից կըլլայ Ռուսաստանը յուզող գրական, ընկերական-հասարակական շարժումներուն եւ ռուսերէն լեզուի միջոցով կը ծանօթանայ Եւրոպական, առանձնապէս ֆրանսական եւ մասամբ՝ անգլիական գրականութիւններուն:

Կարճ ժամանակ յետոյ Ն. Աղբալեան կ’անցնի Եւրոպա:

Փարիզ ժամանակ մը կը հետեւի Սորպոնի մէջ Պերկսոնի եւ ուրիշ անուանի դասախօսներու գրական-իմաստասիրական-հասարագիտական նիւթերու նուիրուած դասախօսութիւններուն: Փարիզէն կ’անցնի Զուիցերիա, ապա՝ Պալքաններ, անկէ Եգիպտոս: Նոյն տարին կը վերադառնայ Կովկաս եւ 1905-ին մաս կը կազմէ Յովհաննէս Թումանեանի Վերնատան խմբակին:

1909-ին Աղբալեան կրթական եւ հանրային գործերով կը մեկնի Պարսկաստան՝ Թեհրան, ուր կը մնայ մինչեւ 1912 թուականը, ունենալով մշակութային եւ հանրային բեղուն գործունէութիւն մը:

1912-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս ու կ’անդամակցի Հայ Գրողներու Ընկերութեան, դառնալով միաժամանակ այդ ընկերակցութեան ամենէն հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը:

1912 թուականին եւ յաջորդող քանի մը տարիներուն, Աղբալեան աշխատակցութեան լայն բաժին մը կ’ունենայ Թիֆլիսի «Հորիզոն» թերթին բազմաթիւ քննադատական, վերլուծական յօդուածներով, ընկերային-քաղաքական քրոնիկներով՝ արձագանգ հանդիսանալով ազգային թէ միջազգային իրադարձութիւններուն:

1914-ին կը պայթի առաջին համաշխարհային պատերազմը: Հայութեան երկու հատուածներն ալ կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը այս պատերազմին: Արեւելահայ հատուածը իր բախտը կը կապէ ռուսական զէնքերուն, կը կազմուի Հայոց Ազգ. Պիւրօ եւ Հայ Կամաւորական Գունդերու Կազմակերպիչ Մարմին: Աղբալեան այս երկու մարմիններուն մէջ ալ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ. կռուող զօրքին հետ կը մեկնի ճակատ, կը բաժնէ ճակատին վրայ հայ զօրքին կրած դառնութիւնները: Հայ զօրքին հետ կը մտնէ Վան, Պիթլիս:

Ճակատի գործողութիւններուն հետեւելով մէկտեղ, առիթ կը գտնէ հետաքրքրուելու եւ փրկելու բազմահազար գրքեր կիսափուլ վանքերու, տուներու փլատակներու մէջէն, որոնց մէջ կը գտնուէին բազմաթիւ ձեռագիրներ եւ թանկարժէք հրատարակութիւններ:

Մօտ հինգ տարի տեւող պատերազմի վերջաւորութեան, բուռն ճակատամարտերու գնով, հայութիւնը կը տիրանայ իր անկախութեան: Կը հռչակուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Առաջին անգամ հայոց հողին վրայ հայութիւնը կ’ունենայ հանրապետական վարչակարգ եւ խորհրդարան: Ն. Աղբալեան ազատ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ կ’ընտրուի եւ այդ հանգամանքով կը մնայ մինչեւ հանրապետութեան վախճանը, հանդիսանալով խորհրդարանի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկը:

1919-ին Աղբալեան կը վիճակուի Հայաստանի Հանրային Լուսաւորութեան Նախարարի պատասխանատու պաշտօնը, որ կը տանի իր անձին վայել լրջութեամբ: Իրեն կը վիճակուի նաեւ Ազատ Հայաստանի հողին վրայ առաջին համալսարանի հիմնադրութեան պատիւը եւ կրթական ծրագրի պատրաստութեան հոգը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկար չի տեւեր. թրքական ու ռուսական դաւերն ու ոտնձգութիւնները կը հարկադրեն Հայաստանը՝ ընդունելու խորհրդային իրաւակարգ: Հակառակ նախապէս կայացած համաձայնութեան՝ Հայաստանի բանտերը կը լեցուին պետական գործիչներով, մտաւորականներով: Ն. Աղբալեան եւս կը նետուի բանտ եւ կը ճաշակէ պոլշեւիկեան բանտին դառնութիւնները: Բանտին մէջ սկսած էր գործել կացինը, երբ կը պայթի փետրուարեան ապստամբութիւնը, կը խորտակուին բանտերուն դռները, կ’ազատուին կացնահարութենէ զերծ մնացածները եւ երկրէն դուրս կը վտարուին նորեկ իշխանաւորները:

1921-ի Ապրիլին, սակայն, Աղբալեան ուրիշ հազարաւորներու հետ կը բռնէ տարագրութեան ճամբան, նախ Պարսկաստան, ապա Եգիպտոս, ուր Աղեքսանդրիոյ Ազգային Պօղոսեան վարաժարանի տեսչութիւնը կը ստանձնէ ու կը վարէ մինչեւ 1928 թուականը:

1928-ին իր վաղեմի ընկերոջ՝ Լեւոն Շանթի եւ խումբ մը մտաւորական եւ հանրային գործիչներու հետ կը հիմնեն Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական «Համազգային» ընկերութիւնը, որուն մշակութային ծրագրի պատրաստութեան մէջ մեծ բաժին կ’ունենայ ինք: Չանցած երկու տարի, 1930-ին Աղբալեան եւ Շանթ կը հիմնեն Հայ Ճեմարանը, որուն մինչեւ մահ կը դառնայ տնօրէն խորհուրդի անդամ եւ նոյն հաստատութեան բարձրագոյն կարգերուն մէջ կը դասաւանդէ գրաբար եւ Հայ գրականութեան պատմութիւն:

1928-ին «Դրօշակ»-էն արտատպուելով առանձին հատորով կը հրատարակուի իր «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին» անուն գործը, 1937-ին երկու փոքրիկ տետրակներ՝ նուիրուած Դաշնակցութեան կանոնագրի պարզաբանման:

Արտասահմանի մէջ, իր գրական-մանկավարժական գործունէութեան զուգահեռ, Աղբալեան կը դառնայ Հայ մշակոյթի շրջուն քարոզիչը՝ Պարսկաստանէն Եգիպտոս, Ֆրանսա, Սուրիա, բայց մանաւանդ Լիբանան: Անզուգական հռետոր մըն էր եւ ներհուն դասախօս մը, որ խօսած է որքան մտաւորականին, նոյնքան հասարակ ժողովուրդին, միշտ մատչելի հաղորդական ու առինքնող շունչով մը:

Իր կեանքի վերջին տարիները Աղբալեան կ’ապրէր քայքայուած առողջութեամբ. արնախռնումը եւ շնչատութիւնը կը հարկադրեն զինքը հրաժարելու մանկավարժական եւ հանրային ամէն աշխատանքէ, գրեթէ մեկուսացած իր Շթորայի բնակարանին մէջ: Իր աչքերը ընդմիշտ կը փակէ 1947 Օգոստոս 15-ի վաղ արշալոյսին, 74 տարեկան հասակին մէջ: