Մենք ունինք մէկ թիրախ, եւ այդ մէկը այս չարիքի իշխանութիւնն է. Իշխան Սաղաթելեան

«Այսօր Գլխաւոր դատախազը խուսափեցաւ ներկայ գտնուիլ լսումներուն մէկ պարզ պատճառով՝ զեկոյցին մէջ ներկայացուած փաստերուն դիմաց չունենալով հակափաստարկներ, եւ միեւնոյն ժամանակ չունենալով պատասխաններ այն շարք մը ապօրինութիւններուն մասին, որոնք երբեմն կ՚իրականանան դատախազութեան անմիջական նախաձեռնութեամբ, երբեմն ալ ուղղակի մասնակցութեամբ»,—«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղբանտարկեալներու եւ անոնց խախտուած իրաւունքներու վերականգնման մասին» լսումներու ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանը:

Ան անդրադարձաւ նաեւ այն հանգամանքին, որ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները եւս չեն մասնակցած լսումներուն, եւ վստահեցուց, թէ պիտի գտնեն արդիւնաւէտ ձեւաչափեր՝ այս քննարկումներու արդիւնքները միջազգային գործընկերներուն ներկայացնելու համար։ Իշխան Սաղաթելեանն ահազանգեց, որ բոլոր անոնք, որոնք նախանձախնդիր են հայկական պետական շահերու պաշտպանութեան, այսօր փորձ կը կատարուի շինծու մեղադրանքներով կալանաւորելու եւ մեկուսացնելու զանոնք․ «Մեր քաղաքացիներու հիմնարար ազատութիւնները սահմանափակուած են։ Այսօր մեր երկրին մէջ ազատ խօսքի համար մարդոց մեղադրանք կ՚առաջադրեն եւ կը կալանաւորեն։ Եթէ ընդդիմադիր գործիչ մը ընտրուի համայնքի ղեկավար, կամ կը ձերբակալեն… կամ կը սպաննեն»։

Պատգամաւորը հրաւիրեց ընդդիմադիր ուժերը՝ միասնական կերպով վերահսկելու նախընտրական, ընտրական եւ հետընտրական ընթացքները։ Իշխան Սաղաթելեանն ընդգծեց՝ ընդդիմադիր ուժերը մէկ թիրախ պէտք է ունենան, եւ այդ թիրախը այս չարիքի իշխանութիւնն է։

«Ընդդիմադիր ուժերուն կ՚առաջարկենք համագործակցութիւն՝ հետեւեալ դրոյթներուն շուրջ»

  1. Օրինական բոլոր միջոցներով հակազդեցութիւն՝ բռնաճնշումներուն, քաղաքական հետապնդումներուն եւ ազատութիւններու սահմանափակումներուն դէմ։
  2. Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու պաշտպանութիւն։
  3. Քաղբանտարկեալներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն՝ «որեւէ քաղբանտարկեալ մեր բոլորին քաղբանտարկեալն է» սկզբունքով։
  4. Ընտրական գործընթացներու օրինականութեան ապահովում եւ լիարժէք վերահսկողութիւն։
  5. Միմիանց նկատմամբ հակաքարոզչութեան բացառում։
  6. Ցանկացած համագործակցութեան բացառում վարչախումբին հետ, ներառեալ՝ հետընտրական փուլերուն։

Սաղաթելեան աւելցուց, որ այս օրակարգով նախատեսուած համագործակցութիւնը որեւէ կերպ պէտք չէ կաշկանդէ կամ սահմանափակէ քաղաքական ուժերու գործունէութեան ազատութիւնը՝ անոնց սեփական ծրագիրներէն ու քաղաքական կողմնորոշումներէն բխող մտայնութիւններուն մէջ։

«Այս օրակարգով կը պատրաստուինք մեկնարկելու քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ ՀՀ ընդդիմադիր դաշտին մէջ գործող բոլոր դերակատարներու հետ»,— ըսաւ Սաղաթելեան։