Լաւալի նոր քաղաքապետի եւ քաղաքապետական խորհուրդի պաշտօնական երդման արարողութիւն
- (0)

9 Նոյեմբեր 2025-ին, Լաւալ քաղաքին մէջ կայացաւ նորընտիր քաղաքապետի եւ քաղաքապետական խորհուրդի պաշտօնական երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Սոյն արարողութիւնը մեկնարկը հանդիսացաւ Լաւալի նոր ընտրուած ղեկավարութեան պաշտօնավարութեան շրջանին, միաժամանակ հաստատեց համայնքային ծառայութեան, պատասխանատուութեան և քաղաքացիական նուիրուածութեան նոր փուլ։
Յիշեցնենք, որ վերջին քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 2 Նոյեմբեր 2025-ին եւ առաջադրուած հայազգի թեկնածուն՝ Սեդա Թոփուզեան, յաղթանակ արձանագրեց, որպէս քաղաքացիներու վստահութեան արժանացած եւ Լաւալի զարգացման ու համայնքային կեանքի գործընթացին մէջ նշանակալի դեր վերցուցած անձնաւորութիւն։
Լաւալ քաղաքի նորընտիր ղեկավարութեան կը մաղթենք բեղուն գործունէութիւն, արդար և բարգաւաճ համայնք կառուցելու հաստատակամ կամք, ինչպէս նաև անշեղ նուիրուածութիւն` ի նպաստ Լաւալի բոլոր բնակիչներու բարօրութեան։
