Նախարարուհի Մելանի Ժոլի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 50-ամեակին առթիւ տնօրէնութեան փոխանցեց Գանատայի վարչապետին գնահատագիրը
- (0)

Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2025-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան այցելեց Գանատայի Արդիւնաբերութեան նախարարուհի Մելանի Ժոլի եւ տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեանին ու աշակերտութեան փոխանցեց Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնիի շնորհաւորանքն ու գնահատանքը, վարժարանին 50-ամեակին առթիւ:
Նախարարուհին բարձր գնահատելով Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 50-ամեայ գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը շրջանին մէջ, տնօրէնութեան յանձնեց իր եւ Գանատայի վարչապետին կողմէ Գնահատագիրներ այս առթիւ:
Ապա ան մասնակցեցաւ աշակերտական տօնակատարութիւններուն