Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ոսկեայ յոբելեանի ընթրիքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 3.9 միլիոն տոլար
- (0)

Հինգշաբթի 25 Սեպտեմբերին երեկոյեան «Le Crystal» ընդունելութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ոսկեայ յոբելեանի հանգանակային Կալա-ընթրիքը։ Այս տօնական երեկոն կազմակերպուած էր Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Հիմնադրամի, տնօրէնութեան, 50-ամեակի քարոզարշաւի եւ ձեռնարկներու կազմակերպիչ յանձնախումբերուն կողմէ։ Շուրջ 400 ներկաներ, նախ մասնակցեցան հիւրասիրութեան, ուր յիշատակի լուսանկարներ առին, որմէ ետք ուղղուեցան ճաշասրահ, ուր վայելեցին համեղ ընթրիքը, ընկերակցութեամբ ճազի հաճելի երաժշտութեան, կենդանի կատարողութեամբ SoulStation նուագախումբին, որ երեկոն խանդավառեց։
Այս աննախընթաց բարեսիրական երեկոյթին նպատակն էր նուիրատուութիւններ ապահովել, ի նպաստ 50-ամեակի դրամահաւաքին, որ թիրախ ճշդած էր հանգանակել 3.5 միլիոն տոլար։ Այս պատմական նախաձեռնութեան երկու առաջնահերթ ծրագիրներն են՝ նուիրատուութիւններու հիմնադրամի ստեղծումը եւ դպրոցի բացօթեայ տարածքներու վերակառուցումը։
Կալայի ընթացքին դպրոցի վարչական խորհուրդը եւ տնօրէնութիւնը ներկայացուցին այս վերանորոգութեան մեծ ծրագրին մանրամասնութիւնները՝ ծածկուած խաղավայրի տեղադրում, բացօթեայ դասարանի կառուցում, բանջարանոցի ստեղծում եւ ծառատնկում, ասոնք միայն այս պատմական հսկայական ծրագրի քանի մը տարրերն են, որոնք կը բարեփոխեն Սուրբ Յակոբ վարժարանի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն առօրեայ կեանքը: Բակին մէջ նաեւ կը կառուցուի ոտնագնդակի օրինաւոր դաշտ, որ կը ծառայէ մեր ամբողջ համայնքին:
Կալա-ընթրիքին սկիզբը արդէն իսկ հանգանակուած էր 2,564,000 տոլար՝ 50-ամեակի դրամահաւաքի գլխաւոր երկու ծրագիրներուն համար։ Երեկոյի վերջաւորութեան դրամահաւաքը ոչ միայն հասած էր իր թիրախին, այլ զգալիօրէն գերազանցուած էր, եւ ընդհանուր առմամբ հաւաքուած էր 3,914,000 տոլար։
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի վարչական խորհուրդը, Հիմնադրամը, տնօրէնութիւնը, 50-ամեակի քարոզարշաւի եւ ձեռնարկներու կազմակերպիչ յանձնախումբերը իրենց ջերմագին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն մեր համայնքին, գործընկերներուն, հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, մեր կրթօճախին հանդէպ իրենց ցուցաբերած անվերապահ զօրակցութեան եւ շարունակական յանձնառութեան համար։ Շնորհակալութիւն մեր տեսլականը մեզի հետ բաժնեկցելու եւ այսքան առատաձեռնօրէն մեր առաքելութեան մէջ ներդրում ունենալու համար։ Այցելեցէք eash50.com կայք՝ դրամահաւաքի գլխաւոր ծրագիրներուն եւ մեր յառաջիկայ ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։
ՍՅԱՎ-ի 50-ամեակի քարոզարշաւի եւ Կալայի կազմակերպիչ յանձնախումբեր