Մոնթրէալի մէջ բացառիկ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի «Ակունք» Պետական Ազգագրական համոյթը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի Վանիէ գոլեժի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայրենի «Ակունք» ազգագրական բացառիկ համոյթը, գլխաւոր հովանաւորութեամբ ազգային բարերար տիկին Շաքէ Կէօնճեանի, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Պոլսահայ Մշակութային միութեան, Թէքէեան մշակութային միութեան, Բաստրմաճեան հիմնադրամի, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներու, ելոյթի բոլոր հովանաւորներուն, Քեպէգի նահանգային երեսփոխան Սոնա Լախոյեանի, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հոծ բազմութեան, որ լիացուցած էր ամբողջ սրահը:
Ելոյթը սկիզբ առաւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեանի բացման խօսքով, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ. «Գրեթէ ամբողջ դար մը սփիւռքի մէջ Համազգայինը հաւատարիմ եղած է իր առաքելութեան՝ պահպանել եւ տարածել մեր մշակութային ժառանգութիւնը։ Հետեւաբար պատահական չէր, որ այս ուղղութեամբ որոշեցինք «Ակունք» պետական ազգագրական համոյթը հրաւիրել Գանատա։ «Ակունք»ին հետ այսօր ճամբորդութիւն մը պիտի կատարենք դէպի մե՛ր ակունքները, կրկին հաստատելու, որ մենք կը շարունակենք մնալ մեր ազգային մշակոյթի հաւատարիմ պահապանը»:
Ապա աւելցուց. «Ճիշդ Հինգ տարիներ առաջ, 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին, մեր պատմութեան մէջ սկսաւ Արցախեան 2-րդ պատերազմը, որուն հետեւանքով վճարեցինք ամենաթանկը՝ մեր նահատակներուն կեանքը։ Մեր «Քոչարի»ն ու «Եարխուշտա»ն կ՚ապրին որպէս յաւերժական ուխտ՝ պայքարելու մինչեւ վերջ, ապրելու եւ գոյատեւելու արեան գնով պաշտպանուած մեր հողերուն վրայ։ Այսօր, այդ ոգին է, որ բեմ կը բարձրանայ «Ակունք»ի ընդմէջէն, վկայելով, որ մեր ժողովուրդը որքան ալ փորձութիւններու դէմ յանդիման գտնուի, իր երգով ու մշակոյթով կը շարունակէ ապրիլ եւ կերտել ապագան»:
Ներկաներու բուռն ծափահարութեամբ բեմ բարձրացաւ Հայաստանի «Ակունք» ազգագրական պետական համոյթը, որ կը բաղկանայ 14 արուեստագէտներէ, եւ որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Արթուր Շահնազարեան: Գեղարուեստական յայտագրի առաջին բաժինով հերթաբար ներկայացուեցան «Բարի լուսոյ – աշխատանքային երգերու շարք», Սեբաստիոյ պար, «Աշուղ ա էկել – Ջուր կու գէր – Հայ մըր տան հիդեւ», «Թամիր» պար, օրօրոցային երգերու շարք, «Տրինա – Ուրֆանէ» պար, «Իշու դնչիկ» եւ «Նարէ» պար, որոնք մեծ մասամբ թէեւ չլսուած երգեր էին, սակայն անոնց յայտնաբերումն ու ներկայացումը արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին։
Կարճ դադարէ ետք խումբը հանդէս եկաւ «Զողորմի», «Ռոստոմի – Կիլիկիոյ շուրջպար – Թամզարա» պարով, Սասունի երգերու շարքով, Ալաշկերտի Քոչարի պարով, «Հադիգոյ – Շիրխանի», Իշխանական պարով, Կտրիճ Դաւօ, Հայրենասիրական երգերու շարքով, «Նայ նայ – Հանինա» եւ «Քոչարի – Եարխուշտա» պարով, ներկաներուն տրամադրութիւնները հասցնելով գագաթնակէտի, որոնք խանդավառուելով մթնոլորտէն իրենք եւս ծափողջոյններով եւ պարերով մասնակից դարձան երգերուն ու պարերուն:
«Ակունք» ազգագրական համոյթը իր այս եզակի ելոյթով անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ իր ստեղծման օրէն ի վեր իր երաժշտութեամբ կը պահպանէ մեր պատմական Հայաստանի շունչն ու ազգային յիշողութիւնը, ցոյց տալով որ ժողովրդական երգն ու պարը ուխտ են եւ կամուրջ՝ անցեալէն դէպի ապագայ։ Ակունքը մեր մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան ամուր յենասիւնն է եւ մեր պատմութեան կենդանի վկայութիւնը, նաեւ հարազատ առաքելութիւն մը, որուն հաւատարմօրէն կառչած մնացած է նաեւ 97 տարեկան Համազգայինը։
Աւարտին Քեպէգի Խորհրդարանին կողմէ երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ «Ակունք»ին յանձնեց գնահատագիր մը եւ յուշանուէր մը, որմէ ետք Շրջանային վարչութեան անունով ատենապետ Թամար Շահինեան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նախ բարերարներուն, որոնց կարգին՝ տիկին Շաքէ Կէօնճեան, Արմոյեան ընտանիք, Թորոնթոյէն տէր եւ տիկին Սարօ Տէր Յարութիւնեան, Armenian Endowment Fund, Մոնթրէալէն Բաստրմաճեան հիմնադրամ, նահանգային երեսփոխան Սօնա Լախոյեան եւ ուրիշներ, նաեւ յանձնախումբի անդամներուն, Մոնթրէալի, Լաւալի եւ Գեմպրիճի մասնաճիւղերուն եւ այն միութիւններուն հայկական վարժարաններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք սիրայօժար կերպով հիւրասիրեցին «Ակունքի» անդամները՝ իրենց կեցութեան մէկ շաբթուան ընթացքին:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»