Աւելի արդիւնաւէտ քարոզչական կառոյցի մը ի խնդիր
- (0)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Մեր ունակութիւններէն մէկն է դժգոհիլ մեր կառյցներէն, ըլլան անոնք կազմակերպական, տնտեսական թէ այլ, բայց մեր ունակութիւններէն մէկն է նաեւ անդին չանցնիլ դժգոհելէն եւ սպասել, որ տեղ մը մէկը բան մը կը բարեփոխէ. ոեւէ մէկը՝ բացի մեզմէ։
Ներկայ յօդուածով չեմ կրնար անդրադառնալ մեր բոլոր կառոյցներուն, բայց կ՚ուզեմ կեդրոնանալ քարոզչականին վրայ, որուն նուազագոյն բարելաւումը կրնայ նպաստել մնացեալ կառոյցներուն ալ յառաջացումին, զարգացումին։
Բայց նախ քանի մը յստակացում կատարեմ։
- Այստեղ գործածուած «մեր» դերանունը կը վերաբերի բոլորիս, ոչ միայն մեր կուսակցութեան, այսինքն կը պատկանի մեր ազգային ընդհանուր հաւաքականութեան. առաջարկները կրնան վերաբերիլ մէկուն կամ միւսին կամ բոլորին։
- Երկրորդ՝ չեմ յաւակնիր այնքան գիտակ ըլլալ հայրենական քարոզչական միջոցներու իրավիճակին, ուստի նկատի պիտի ունենամ առաւելաբար Սփիւռքի կարելիութիւնները, թէեւ անխուսափելիօրէն հայրենիքն ալ իր դերակատարութիւնը կրնայ ունենալ այդ առնչութեամբ։
- Եւ երրորդ՝ քարոզչութիւն բառը չեմ ուզեր հասկցուի որպէս համազօրը propaganda-ին, այլ տեղեկատւութեան (information), որ կը բովանդակէ գիտութիւն, սակայն քարոզչութիւնը այսօր սկսած է գործածուիլ որպէս այդ գիտութիւնը, տեղեկութիւնը տարածելու միջոց կամ գործընթաց, ուստի զայն այդ առումով է, որ նկատի պիտի ունենամ։
Արդարեւ, ի՞նչ կրնանք ըսել քարոզչութեան մասին. անոր բնոյթին, ձեւին կամ տեսակին, մակարդակին կամ աստիճանին, նպատակներուն եւ տարբեր երեսներուն մասին, որոնք լաւապէս հասկնալով է միայն, որ կրնանք նաեւ բարելաւումներու մասին խօսիլ։
Յստակ է, որ քարոզչութիւնը կը կատարուի բազմաթիւ ձեւերով։ Առաջին հերթին մեր միտքը կու գայ մամուլը՝ իր գրաւոր (թերթի ու գիրքի), բանաւոր ու ձայնային (ձայնասփռումի) կամ լսատեսողական (պատկերասփռումի ու այլազան ընկերային առցանց հարթակներու) ձեւաչափերով։ Այս բոլորը կրնան պատկանիլ անհատներու, կազմակերպութիւններու կամ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ պետութեան ու պետական մարմիններու։ Բայց նոյները, մանաւանդ առետրական բնոյթ ունեցողները կրնան դիմել նաեւ պաստառներու, ցուցանակներու եւ բազմաթիւ այլ միջոցներու, ներառեալ ինքնաթիռներով երկինքի վրայ ցուցադրութիւնները։
Քարոզչութիւնը կրնայ ունենալ ներքին թէ արտաքին հասողութիւն։ Ներքին, օրինակ՝ ուղղուած հայութեան, կամ արտաքին՝ ուղղուած հայութեան բարեկամներուն կամ թշնամիներուն, ընդհանրապէս աշխարհին։ Կամ՝ ներքին, ուղղուած կազմակերպութեան մը անդամներուն կամ հաստատութեան մը պաշտօնէութեան թէ յաճախորդութեան, դպրոցի մը աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն, կամ արտաքին՝ իրենցմէ դուրս գտնուող շրջապատին։
Կայ նաեւ մակարդակներու պարագան. տեղական (շէնքի մը, թաղի մը, թաղամասի մը, քաղաքի մը վերաբերեալ), շրջանային (նահանգի մը, պետութեան մը վերաբերեալ), գերշրջանային (ցամաքամասի մը, պետութիւններու դաշնութեան մը վերաբերեալ) կամ համաշխարհային (համայն մարդկութեան վերաբերեալ)։
Քարոզչութեան նպատակներն ալ բազմաբնոյթ են։ Ճշգրիտ, հետաքրքրական տեղեկութիւններ հաղորդել, սեփական համոզումները ծանօթացնել ու տարածել, նոր համակիրներ սիրաշահիլ, սխալ տեղեկութիւններու հակազդել, հակառակորդը կամ թշնամին քննադատել, դատափետել, արտադրանքին բարեմասնութիւնները գովաբանել եւ այլն։
Այս բոլորը կ՚ենթադրեն որոշ տուեալներ, առանց որոնց շատ բան կը կաղայ, չ՚արդիւնաւորուիր, ի զուր, յումպէտս կը վատնուի։
Ի՞նչ տուեալներու մասին է խօսքը։
Առաջին հերթին՝ պատրաստուած մարդուժի։ Մեր գլխաւոր հարցերէն մէկն է այս։ Այնպէս կ՚ենթադրենք, օրինակ, թէ առանց անհրաժեշտ մասնագիտական ու մանաւանդ լեզուական պատրաստութեան, մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ դառնալ թղթակից, լրատու, հրապարակախօս կամ խմբագիր։ Ասոր սրբագրութիւնը ամենէն առաջ կը պահանջէ մտայնութեան առողջացում, նիւթականի հաստատում, գործող անձերու աշխատանքի մասնագիտական քննարկում ու գնահատում եւ այլն, եւ այլն։
Այս հարցը վեր է մէկ կազմակերպութեան կամ մէկ հաստատութեան ուժերէն։ Շատեր միասնաբար, օրինակ կուսակցական տարբեր շրջաններ, նոյնիսկ մէկէ աւելի կուսակցութիւններ կամ կազմակերպութիւններ կրնան համագործակցաբար հիմանդրամներ յառաջացնել, դասընթացքներ հաստատել կամ առկայ դասընթացքներու յղել իրենց թեկնածուները։ Նախկին շատ լաւ ուսուցիչ մը անպայման չի կրնար լաւ խմբագիր դառնալ եւ կամ այլ պաշտօն ստանձնել քարոզչական կառոյցին մէջ։ Նոյնիսկ ա՛ն կարիք կ՚ունենայ վերապատրաստութեան։ Այս առումով կարելի է ապահովել Հայաստանի կրթական հաստատութիւննրու ներդրումը։
Բայց ուրիշ կարիքներ ալ կան։ Առնենք լրատւութիւնը։ Այս կը պահանջէ ընդհանրական համագործակցութիւն։ Պէտք ունինք կեդրոնական տեղի մը, ուր կրնան հաւաքուիլ բոլոր լուրերը։ Եթէ կը խօսինք Սփիւռքի մասին, ապա բոլոր գաղութներէն թղթակիցներ հոն կ՚ուղարկեն իրենց գրածները, որոնք անյապաղ կ՚ենթարկուին լեզուական սրբագրութեան, վերածուելով անսխալ արեւմտահաեյրէնի, արեւելահայերէնի, անգլերէնի ու այլ լեզուներու ու կը խմբագրուին։ Նաեւ կը կատարուի անոնց ամփոփումը՝ տեղին համաձայն այդ տարբերակը օգտագործելու համար։ Այս աշխատանքը կը կատարուի առանց կուսակցական նախընտրութեան, կր կատարուի օրը 24 ժամ։ Լրատու գործակալութիւն մըն է, որ կ՚աշխատի, կ՚աշխատի բոլորին գործակցութեամբ ու նիւթական մասնակցութեամբ։ Անմիջապէս այդ բոլորը տրամադրելի կ՚ըլլան բոլորին ու կրնան լոյս տեսնել՝ ըստ թերթերու հայեցողութեան։ Այդ գործակալութիւնը կրնայ ստանձնել նաեւ հայրենի լուրերու նոյնանման պատրաստութիւնը։ Նոյնը՝ յօդուածներու պարագային։ Առանց բացառութեան մեր թերթերու մէջ լոյս տեսնող յօդուածները նուազագոյնը լեզուական սրբագրութեան կը կարօտին։ Ոչ մէկ լուր եւ ոչ մէկ յօդուած կրնայ լոյս տեսնել կամ այլապէս հաղորդուիլ առանց այս գործընթացէն անցնելու։
Հարցը այստեղ կանգ չ՚առներ։ Ըլլա՛ն աշխատակիցները, ըլլա՛ն խմբագիրները պէտք ունին տեղեկութիւններու, որոնք ժամանակի ընթացքին հաւաքուած են, կուտակուած են մեր մամուլի էջերուն մէջ։ Սա արխիւ է, որ մնայուն պահպանման, թուայնացման ու մատչելիութեան պէտք ունի։ Այս եւս առանձնաբար տարուելիք աշխատանք է, ու մարզերէն մէկն է, ուր Հայաստանի ազգային գրադարանը կամ այլ հաստատութիւններ կրնան իրենց ներդրումը ունենալ։
Վերջապէս, հասկնալի է, որ նիւթական խարիսխի մը կարիքը կայ այս բոլորը իրականացելու համար։ Այդ խարիսխը կրնայ յառաջանալ միայն համահայկական գործակցութեամբ։ Վերոյիշեալ իւրաքանչիւր աշխատանք ինքնաբերաբար չի կատարուիր։ Բայց երկարաժամկէտ ծրագրումով կարելի կ՚ըլլայ քայլ առ քայլ հասնիլ նման կատարողութեան։
Պէտք է պատասխանենք այն հարցումին, թէ պատրա՞ստ ենք մեր քարոզչական կառոյցի բարելաւման ի խնդիր գործելու…
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ