«­Կեդ­րո­նա­կան բան­տի կի­նե­րուն բա­ժի­նը»

ՀԱՅԿԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«­Կեդ­րո­նա­կան բան­տի կի­նե­րուն բա­ժի­նը» գիր­քը յու­շագ­րու­թիւն մըն է ­Վար­դու­հի ­Քա­լան­թա­րի՝ ­Պոլ­սոյ բան­տին մէջ ան­ցու­ցած օ­րե­րուն։ ­Յու­շե­րը տասն­վեց բա­ժի­նով հրա­տա­րա­կուած են «­Հայ կին» պար­բե­րա­կա­նին մէջ՝ 1920-ի կէ­սե­րէն մին­չեւ 1921-ի կէ­սե­րը։ Որ­պէս գիրք, ա­ռա­ջին ան­գամ կը հրա­տա­րա­կո­ւի ­Պոլ­սոյ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէն (2023)։ ­Վար­դու­հի ­Քա­լան­թար ­Նալ­բան­դեան ե­ղած է 1915-ի գար­նան ձեր­բա­կա­լո­ւած միակ կի­նը։
­Վար­դու­հի ­Քա­լան­թար ­Նալ­բան­դեա­նի հայ­րը՝ ­Դա­ւիթ ­Քա­լան­թա­րեան, խո­րա­պէս ազ­դած է ա­նոր վրայ. ան ե­ղած է Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի նա­խակր­թա­րա­նի ու­սու­ցիչն ու տնօ­րէ­նը եւ ա՛ն, որ պա­տա­նի Ա­ւե­տի­սին ըն­կե­րակ­ցած է Իգ­տի­րէն (Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի ծննդա­վայ­րը) մին­չեւ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը։ ­Մայ­րը՝ ­Թա­գու­հի ­Մա­նի­սա­լեան, ու­սուց­չու­հի, ե­ղած է Տ­րա­պի­զո­նի հայ աղջ­կանց վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հին։
­Գիր­քը յե­նո­ւած է ­Վար­դու­հի ­Քա­լան­թար ­Նալ­բան­դեա­նի բան­տար­գե­լու­թեան օ­րե­րուն ա­նոր գրի ա­ռած նօ­թագ­րու­թեան (1915-1918) վրայ, իսկ յա­ռա­ջա­բա­նը խնբագ­րած է ­Լեռ­նա Էք­մէք­ճիօղ­լու՝ ­Պոլ­սոյ ­Տա­տեան եւ Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու շրջա­նա­ւարտ, «Massachusetts Institute of Technology» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ պատ­մու­թեան դա­սա­խօս եւ  յե­տե­ղեռ­նեան ­Պոլ­սոյ  կա­նանց  ու մտա­ւո­րա­կան շար­ժում­նե­րու մաս­նա­գէտ։

­Յա­ռա­ջա­բա­նը

­Խո­րա­գի­րը ար­դէն ըն­թեր­ցո­ղին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ։ Ին­չո՞ւ եւ ի՞նչ­պէս ­Վար­դու­հին ­Պոլ­սոյ բան­տին մէկ խու­ցի­կին մէջ բան­տար­կո­ւած գտնո­ւած է։ ­Յա­ռա­ջա­բա­նը, ­Վար­դու­հի ­Քա­լան­թա­րեա­նի կեն­սագ­րու­թեան ընդ­մէ­ջէն, վա­ւե­րագ­րու­թիւն մըն է ­Պոլ­սոյ ըն­կե­րա­յին եւ քա­ղա­քա­կան կեան­քի ար­ժա­նիք­նե­րուն եւ թե­րի­նե­րուն՝ մա­քուր եւ ան­կեղծ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան հա­ւա­սա­րու­թեան հա­ւատք, եւ կեղծ ու չա­րա­միտ քա­ղա­քա­կան բռնիշ­խա­նու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ­Վար­դու­հիին հե­տա­գայ կեան­քին։ ­Յա­ջոր­դա­բար ա­կա­նա­տես ենք ­Քա­լան­թա­րեան ըն­տա­նի­քին մէջ ար­մատ նե­տած հայ­րե­նա­սի­րա­կան ար­ժա­նիք­նե­րուն, ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն պարզ, ան­կեղծ, միաս­նա­կան եւ հաս­տատ կե­ցուած­քին հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւուն­քե­րուն հե­տապնդ­ման հան­դէպ եւ միա­ժա­մա­նակ պատ­կերն է այդ օ­րե­րու ­Պոլ­սոյ հայ հա­սա­րա­կու­թեան, ­Լո­զա­նի հայ եւ թուրք ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րուն։
­
Յա­ռա­ջա­բա­նի հա­կիրճ ամ­փո­փում

­ Պո­լիս։
­Վար­դու­հի ձեր­բա­կա­լո­ւած է իր ըն­տա­նի­քին գրած անձ­նա­կան նա­մակ­նե­րուն պատ­ճա­ռով, երբ ան ­Լո­զան կը գտնո­ւէր ու­սա­նե­լու հա­մար գրա­կա­նու­թիւն եւ պատ­մու­թիւն։ Ան, որ ար­դէն իր հօր­մէն ծա­նօթ էր ­Հայ դա­տին, ­Լո­զան գտնո­ւած ժա­մա­նակ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի, ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի, հայ ու­սա­նող­նե­րու եւ գոր­ծիչ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ա՛լ ա­ւե­լի մօ­տե­ցած է հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րին։ Ինչ­պէս նաեւ ան­պա­կաս ե­ղած են հան­դի­պում­նե­րը թուրք ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ, գրե­թէ բո­լորն ալ հա­մա­կիր ե­րիտ­թուր­քե­րու շար­ժու­մին։
Հայր ու աղ­ջիկ ձեր­բա­կա­լո­ւած են Ա. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ծա­գու­մի օ­րե­րուն, 1914 ամ­րան, երբ ­Վար­դու­հի ­Պո­լիս գտնո­ւած է ար­ձա­կուր­դի հա­մար (ո­րո­շած էր Եւ­րո­պա չվե­րա­դառ­նալ, ա­ռան­ձին չձգե­լու հա­մար իր ծնող­քը)։ ­Ռազ­մա­կան ա­տեան ա­ռաջ­նոր­դո­ւած են։ ­Վար­դու­հին եւ հայ­րը ամ­բաս­տա­նո­ւած են «հայ ազ­գայ­նա­կան եւ ան­ջա­տո­ղա­կան շար­ժու­մին» ան­դա­մակ­ցու­թեան մե­ղադ­րան­քով։ ­Վար­դու­հի եւ հայ­րը ցկեանս բեր­դար­գե­լու­թեամբ դա­տա­պար­տո­ւած են, իսկ մայ­րը ան­պարտ ար­ձա­կո­ւած է։
Կ­՚ար­ժէ նշել դա­տա­վար­տու­թե­նէն դրուագ մը։ ­Դա­տա­րա­նին մէջ, ­Քա­լան­թա­րեան­նե­րը տե­ղեակ դար­ձած են, որ ի­րենց հա­յե­րէն նա­մա­կագ­րու­թիւ­նը թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նած է ­Պոլ­սոյ ոս­տի­կա­նու­թեան վար­չու­թեան երկ­րորդ քա­ղա­քա­կան բաժ­նի տնօ­րէն՝ ­Ռա­շիտ ­Պէյ, որ ոս­տի­կա­նու­թեան յանձ­նա­կա­տար Օս­ման ­Պետ­րիի հետ կազ­մա­կեր­պած էին Ապ­րիլ-­Մա­յիս 1915-ի հայ մա­ւո­րա­կան­նե­րուն ձեռ­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը։ ­Դա­տա­խա­զը, ­Վար­դու­հիին եւ ա­նոր հօր «ան­ջա­տո­ղա­կա­նու­թեան» ամ­բաս­տա­նու­թեամբ մա­հա­պա­տիժ պա­հան­ջած է։ ­Դա­ւիթ ինք­զինք պաշտ­պա­նած է հե­տե­ւեա­լը ը­սե­լով. «­Մեր ու­զա­ծը մեր հայ­րե­րուն հո­ղին վրայ ա­պա­հով ապ­րե­լու եւ զար­գա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնն է, ձե՛ր սահ­ման­նե­րուն մէջ, բայց ա­զատ հարս­տա­հա­րու­թե­նէ ու կո­տո­րա­ծէ»։
Ա­տեա­նին վճի­ռը յե­նո­ւած է չազ­մա­կան նա­խա­րար Էն­վէր փա­շա­յի ստո­րագրու­թեամբ 2 ­Հոկտ. 1915 թո­ւա­կա­գիր օս­մա­նեան պե­տա­կան վա­ւե­րա­թուղ­թի մը, ուր կը նշո­ւի թէ եր­կու ­Քա­լան­թա­րեան­նե­րը ստեղ­ծած են չա­րա­կամ պա­րու­նա­կու­թեամբ վա­ւե­րագ­րեր եւ թէ ա­նոնք փոր­ձած են օ­տար հան­րա­յին կար­ծի­քը գրգռել Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան դէմ, նաեւ կեան­քի կո­չել ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը։ Շ­նոր­հիւ բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու վճի­ռը թե­թեւ­ցած է եւ փո­խո­ւած հինգ տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեամբ՝ ­Պոլ­սոյ ­Կեդ­րոնա­կան բան­տին մէջ. ­Զա­պել Ե­սա­յեան՝ փա­խուստ տո­ւած էր 24 Ապ­րի­լի ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րէն. ան ­Քա­լան­թա­րեան­նե­րու հար­ցով ­Պուլ­կա­րիոյ ար­քու­նի ըն­տա­նի­քին ան­ձամբ այ­ցե­լած է ու օգ­նու­թիւն խնդրած է։ Իսկ չէ­զոք Ս­պա­նիոյ թա­գա­ւոր՝ Ալ­ֆոն­սօ, շնոր­հիւ տոքթ. ­Յով­հան­նէս ­Քա­լան­թա­րեա­նի մի­ջամ­տու­թեան, սուլ­թա­նէն նե­րում շնոր­հել պա­հան­ջած է։ (­Յովհ. ­Քա­լան­թա­րեան ­Վար­դու­հիին ­Լոն­տո­նաբ­նակ հօ­րեղ­բայրն է, ծա­նօթ իր տա­րած հա­յան­պաստ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ)։
18 ­Մարտ 1918 Պ­րէսթ-­Լի­թովս­քի խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նա­գի­րը ռազ­մա­կան գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը կը թե­լադ­րէր։ ­Քա­լան­թա­րեան­նե­րը ու­նե­նա­լով ռու­սա­կան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն եւ քա­նի որ դա­տո­ւած էին ­Ռազ­մա­կան Ա­տեա­նին առ­ջեւ, գե­րի նկա­տո­ւած են ու ա­զատ ար­ձա­կո­ւած են ի­րենց բան­տա­րո­կու­թե­նէն գրե­թէ ե­րեք տա­րի ետք։
­Նոյն տա­րո­ւան (1918) Օ­գոս­տո­սին ­Դա­ւիթ մա­հա­ցած է, բան­տին մէջ են­թար­կուած ծանր պայ­ման­նե­րուն պատ­ճա­ռով։
­Պոլ­սոյ հա­յու­թեան կեան­քին վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մով՝ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան պար­տու­թեամբ եւ 1918-ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին ­Մուտ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րի ստո­րագ­րու­թեամբ հա­յու­թիւ­նը կը վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւի. վե­րապ­րող­նե­րու օգ­նու­թեան միու­թիւն­ներ, քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ մա­մու­լը կը ծաղ­կին։ ­Կը սկսի ­Վար­դու­հիին գրա­կան աս­պա­րէ­զը, ինչ­պէս նաեւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի կեան­քը։ ­Դար­ձած է ­Հայ­րե­նի­քի օգ­նու­թեան միու­թեան ­Պոլ­սոյ մաս­նա­ճիւ­ղին հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ ­Հայ ­Կա­նանց ըն­կե­րակ­ցու­թեան (ՀԿԸ. ֆե­մի­նիս­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, որ աշ­խա­տած է ըլ­լայ կա­նանց հա­ւա­սա­րու­թեան, ըլ­լայ տա­րագ­րեալ­նե­րուն եւ որ­բե­րուն ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար) ա­ռա­ջին ան­դամ­նե­րէն մէ­կը։ ­Ներդ­րում ու­նե­ցած է կի­նե­րուն ուղ­ղո­ւած «Ոս­կի օր»-ո­ւան կազ­մա­կեր­պու­թեան ար­շա­ւին՝ գո­հա­րե­ղէն­նե­րու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար։ Ինչ­պէս նաեւ ­Հայ ­Կար­միր ­Խա­չի նա­խա­ձեռ­նած հան­գա­նա­կու­թեան ի նպաստ հայ­կա­կան բա­նա­կին որ կը պա­տե­րազ­մէր քե­մա­լա­կան ու­ժե­րուն դէմ։

Ա­մե­րի­կա։
­Մօր մա­հէն ետք, ­Վար­դու­հին 1921-ին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ մեկ­նած է եւ ­Թուր­քիա եր­բեք չէ վե­րա­դար­ձած։ 1923-ին սի­րա­հա­րո­ւած է ­Զա­ւէն ­Նալ­բան­դեա­նին (ե­ղած է բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը եւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ), ո­րուն հետ նոյն տա­րին ա­մուս­նա­ցած է։ ­Միա­սին, 1926-ին կ­՚որ­դեգ­րեն «­Զա­րե­ւանդ» գրչա­նու­նը եւ բա­ւա­կան աշ­խա­տանք-ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ հրա­տա­րա­կած են, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ «­Միա­ցեալ ան­կախ ­Թու­րա­նիա», որ 1960-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ­Վա­հագն ­Տատ­րեան անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նած է «United and Independent Turania: Aims and Design of he Turks» վեր­նա­գի­րով։
Ս­տո­րագ­րած է գրա­խօ­սա­կան, ա­րո­ւես­տա­բա­նա­կան յօ­դո­ւած­ներ, ե­րաժշ­տա­կան գրա­դա­տա­կան­ներ, ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­ներ, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ եւ փոր­ձագ­րու­թիւն­ներ հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ըն­կե­րու­թեան մէջ հայ կնոջ ան­ցեա­լի եւ ներ­կայ դե­րին, ­Հայ ­Կար­միր ­Խա­չին կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, եւ այլ։
1978-ին, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ­Վար­դու­հին իր աչ­քե­րը կը փա­կէ։ ­Մա­հէն քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ կարճ ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան մը գրած եւ ղրկած է «­Հայ­րե­նիք» օ­րա­թեր­թին, խնդրե­լով հրա­տա­րա­կել մա­հէն ետք։ Ան­զա­ւակ ըլ­լա­լով, ա­մո­լը իր ու­նե­ցո­ւած­քին մեծ մա­սը նո­ւի­րա­բե­րած է «­Հայ­րե­նիք»ի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն՝ Հ.Յ.Դ. հրա­տա­րակ­չու­թիւն, ­Պոս­թոն (Armenian Review, Armenian Weekly)։
­Վար­դու­հիին անձ­նա­կան ար­խի­ւը ան­յայտ մնա­ցած է։

­Մատ­մա­զե­լին (­Վար­դու­հիին) բան­տին մէջ յու­շե­րը

­Վար­դու­հիին բան­տին մէջ գրի ա­ռած յու­շե­րը ըն­թեր­ցո­ղին կը յայտ­նա­բե­րեն՝ նախ հե­ղի­նա­կը որ­պէս հնա­րա­գէտ դի­տորդ, ինչ­պէս նաեւ բան­տին մէջ ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան եւ դա­սա­կար­գա­յին զա­նա­զան պատ­կա­նե­լիու­թեան կի­նե­րուն գո­յակ­ցու­թիւ­նը, մինչ կը շա­րու­նա­կո­ւի Ա. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ ­Վար­դու­հի, բան­տին մէջ նախ կը գտնո­ւի «բո­րոտ­նե­րու սե­նեա­կը»։ Ան ըլ­լա­լով ու­սեալ եւ ազ­նիւ իր վար­մուն­քով, կին բան­տար­կեալ­նե­րուն հա­մակ­րան­քը կը «շա­հի», ա­նոր «մատ­մա­զել» ա­նու­նը կու տան եւ կը փո­խադ­րո­ւի «քի­պար­նե­րու սե­նեա­կը»։
­Հե­ղի­նա­կը, ման­րա­մաս­նօ­րէն կը նկա­րագ­րէ թէ ի՞նչ­պէս բան­տին գե­րու­թեան մէջ գո­յակ­ցած են տար­բեր ազ­գի, կրօ­նի եւ դա­սա­կար­գի պատ­կա­նե­լիու­թեան կի­ներ։ ­Բան­տին կեան­քէն գրի ա­ռած վկա­յու­թիւն­նե­րը լե­ցուն են ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով՝ կե­րա­կու­րի, գոր­ծա­ծո­ւած ա­ռար­կա­նե­րու, եր­գե­րու եւ պա­րե­րու, ե­րե­ւե­լի եւ ա­նե­րե­ւե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու նկա­րագ­րու­թիւն­ներ։ ­Կը գոր­ծա­ծէ նաեւ թրքե­րէն բա­ռեր, ա­սա­ցո­ւածք­ներ։ Ո­ճը տեղ տեղ եր­գի­ծա­կան է։ ­Հա­կա­ռակ ա­նոր թէ ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւ­նը գրո­ւած է դժո­ւար եւ ան­կա­յուն օ­րե­րու, գի­րը հա­մար­ձակ է, հե­ղի­նա­կը բա­ռե­րը չի ծամծմեր։
Ն­կա­րագ­րու­թիւն­նե­րը ըն­թեր­ցո­ղին կու տան կեն­դա­նի բե­մադ­րու­թեան մը ներ­կայ ըլ­լա­լու խաբ­կան­քը։ Իսկ կա­րե­ւո­րը՝ տար­բե­րո­ւե­լու ե­րե­սակն է. յե­տին դա­սա­կար­գի պատ­կա­նող մանր ո­ճիր­ներ գոր­ծող­ներ եւ բարձր դա­սա­կար­գի ու­սեալ մտա­ւո­րա­կան մը ակ­նար­կո­ւած ինք­նա­հա­ւան ո­ճով, հա­յու­հին՝ եւ իր ազ­գը ցե­ղաս­պա­նող հրո­սա­կա­խում­բին պատ­կա­նող ան­ձեր։