Վանաձորի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 15-րդ պատանեկան ճամբարը
- (0)

4 Օգոստոս 2025-ին, Վանաձորի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 15-րդ պատանեկան ճամբարը, որուն որպէս վարիչ Գանատայէն կը մասնակցին երիտասարդականի 17 անդամներ, երկուքը՝ որպէս վարիչ տնօրէն ճամբարի: Թորոնթոյէն կը մասնակցին 7, Վանգուվըրէն՝ 1, Մոնթրէալէն՝ 2, Լաւալէն՝ 7 վարիչներ, որոնք հայրենի նորահաս սերունդը ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծելու յանձնառութիւնը ստանձնած՝ կը գտնուին հայրենիք: Նշենք, որ Վանաձորէն եւ շրջակայքէն կը մասնակցին աւելի քան 200 պատանիներ: Ճամբարի այս տարուան թեման է «Ինչպէ՞ս նպաստել հայրենիքի պահպանման եւ բարգաւաճման», իսկ տեւողութիւնն է Օգոստոս 4-էն 15:
15 տարիէ ի վեր Վանաձոր քաղաքին մէջ կը կայանան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) սոյն ճամբարները, որպէս ԳԵՄ-ի հայրենի ծրագիր, եւ որոնք կ’ընդգրկեն Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի պատմութեան, Արցախի պատմութեան եւ հայրենասիրական երգերու ուսուցում, ինչպէս նաեւ մարմնակրթական եւ ուսուցողական խաղեր:
Անցնող տարիներուն, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի անդամներէն աւելի քան հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ, եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին երկու հազար երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամաբարներու ծրագիրներուն։

