ՃԵՊԷԼ ՏՐՈՒԶ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան

Տուրզի (Տրուզը յոգնակի ձեւ է) կոչուող արաբները փոքր կրօնական համայնք են, շուրջ ինը հարիւր հազար մարդ, կ՛ապրին Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան եւ Պաղեստին։ Անոնք իրենք զիրենք կը կոչեն «մուահհիտին», կը հաւատան միակ Աստուծոյ, այդ պատճառով ալ կը նկատուին իսլամական խումբ, թէեւ իրենց կրօնական ուսմունքներով կը տարբերին իսլամներէն։

Տուրզիները կը հաւատան, որ իրենց հիմնադիրը ալ-Հաքիմ պի-Ամրի Ալլաh (11-րդ դար), Աստուծոյ հրամանով կառավարիչ, իրականութեան մէջ Աստուծոյ մարմնացումն է։ Տուրզիները գաղտնի կը պահեն իրենց կրօնական սկզբունքները։ Նոյնիսկ համայնքի բոլոր անդամներուն թոյլատրուած չէ սորվիլ զանոնք։ Հաւատացեալները կը բաժնուին երկու խումբի, ուսմունքներուն տիրապետող իմաստունները կը կոչուին հաքիմիա։

Տուրզիները կը հաւատան, որ հաւատացեալներու թիւը որոշուած է յաւիտեանս յաւիտենից։ Կը հաւատան հոգիներու վերաբնակեցումին, երբ հաւատացեալը կը մեռնի՝ անոր հոգին կը մտնէ նորածինի մէջ։

Տուրզիներու մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Սուրիոյ հարաւը, որ կը կոչուի Ճէպէլ Տրուզ։ Անոնց գլխաւոր քաղաքն է Սուէյտան, որուն շուրջ այժմ թէժ մարտեր տեղի կ՛ունենան մէկ կողմէ պետուին արաբներու եւ սուրիական բանակին եւ միւս կողմէ տեղաբնիկ տուրզիներու միջեւ։ Շրջանը հարուստ է մանաւանդ հելլէնիստական դարաշրջանի կառոյցներով։

1915-ին դէպի հարաւ քշուած հայ տարագիրները անցած են նաեւ այս կողմերէն ու հասած մինչեւ Յորդանան։ Հայոց երկրորդ տարագրութռան կամ Կիլիկեան պարպումէն ետք մեծ թիւով հայեր կայք հաստատած են տուրզիներու աշխարհին մէջ, մասնաւորաբար Սուէտա։

Դամասկոսի թեմի առաջնորդարանը ասոնցմով կը հետաքրքրուի յատկապէս 1930-ական թուականներուն։ Դամասկոսի թեմի Կթղ. Փոխանորդ Եփրեմ Սրբազան աշխատած է մանկական դպրոց մը բանալ Սուէյտայի մէջ, բայց պաշտօնական արգելքի հանդիպած է, որովհետեւ ֆրանս. կառավարութիւնը չ’ուզեր տուրզիներու երկրին մէջ փոքրամասնութիւններու խնդիր ունենալ ապագային եւ հետեւաբար ոչ միայն թոյլ չի տար հայոց, որ դպրոց բանան, այլ նաեւ յունաց: Ասկէ զատ մասնաւոր շեշտով դիտել տուած են հայոց որ` հայք քաղաքականութեամբ կը զբաղին եւ նոյնիսկ դպրոցներէն կը սկսին զբաղիլ: Դամասկոս այցելող Սահակ Բ. կաթողիկոս պաշտօնապէս կը հերքէ այս ամբաստանութիւնը եւ ֆրանսական պատուիրակ պր. Լաւասթրին կը յայտնէ, որ ժողովուրդին փոքրիկները իրաւունք ունին սորվելու իրենց մայրենի լեզուն եւ իրենց մայրենի եկեղեցւոյն կրօնքը ո՛ւր որ ալ գտնուին: Դամասկոսի թեմական ժողովի նիստը կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը չի զբաղիր քաղաքականութեամբ եւ կ’ընդգծէ թէ եկեղեցի, դպրոց եւ բարեգործութիւն, ասոնք են եւ պիտի ըլլան մեր զբաղմունքը այս երկրին մէջ»:
Դիմումները յաջողութեամբ կը պսակուին եւ Սուէյտայի հայ գաղութը կ’ունենայ իր ազգային վարժարանը՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԱԶԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1935-ին։ Այսուհանդերձ՝ փոքրիկ գաղութը խաղաղ չէ: Կուսակցական հակամարտութիւններ կան: Գործող ազգային վարժարանէն բաժնուելով՝ երկրորդ վարժարան մըն ալ կը գործէ: 1944-ի իր տեղեկագիրին մէջ Դամասկոսի թեմի Քաղաքական ժողովը կը յայտնէ. “Յարաբերական գործերու կանոնաւորութեան կարելի է վերագրել Սուէյտայի զոյգ վարժարաններու միացումը, որով ապահովուած եղաւ սոյն շրջանի մէջ տիրող երկուութեան բարձումը” («Թեմական լուրեր Դամասկոսէն», Հասկ ամսագիր, 1944, թիւ 5-6-7, էջ 91ա): Դպրոցը գործած է մինչեւ 1946-1947, հայրենադարձութեան տարին։