Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ՀՅԴ երիտասարդական և ուսանողական 12-րդ Համահայկական բանակումի մասնակիցներուն այցելութիււնը
- (0)

ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը Հայաստանի կը շարունակէ իրականացնել նախօրօք խնամքով մշակուած ծրագիրը:
Բանակումի օրերը որքան յառաջանան, անոր յայտագիրները այնքան ոգեպնդիչ կը դառնան: 20 Յուլիսի օրակարգը այս իմաստով ակներեւ էր:
Յուլիս 21-ի Կիրակի առաւօտուն, բանակողները Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածնայ մէջ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ: Անոնց անունով խօսք առին Հ.Յ.Դ. Բ.-ի անդամ ընկ.Յովսէփ Տէր Գէորգեանն ու բանակումի պատասխանատու ընկ.Մհեր Գարագաշեանը:
Առաջին հերթին խօսք առաւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու ընկեր Մհեր Գարագաշեան, որ ներկայացնելով ընդհանրապէս ՀՅԴ համահայկական բանակումներու բնոյթը, ըսաւ որ անոնք բացառիկ առիթ կը ներկայացնեն համասփիւռ երիտասարդութեան միջեւ շփումները զարգացնելու եւ համատեղ միատեղ զանազան օրակարգեր իրականացնելու: Ան նշեց թէ բանակողները, որպէս հայ եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակներ եկած են ստանալու վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնը:



Ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեան խօսք առնելով նշեց թէ բանակումի օրերը կը զուգադիպին հայութեան եւ հայրենի աշխարհին մէջ տեղի ունեցող տագնապալից օրերուն, արտաքին վտանգներու զուգահեռ, հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ խորը պառակտման վտանգը: Այս բանակումը համահայկական համախբման հիանալի օրինակ է, իսկ անոր Պիտի Վերադառնանք կարգախօսը կոչ համայան հայութեան չհրաժարելու Արցախի ազատագրութեան պայքարէն ու վերադառնալու հոգեւոր ու ազգային իսկական արժէքներուն:
Վեհափառ հայրապետը դրուատեց դաշնակցական երիտասարդութեան ազգասիրութիւնը, անոնց կամքն ու կորովը եւ հայրենասիրութեամբ յագեցած հոգին։
Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց եւ գնահատեց Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու պատասխանատուները, որոնք տարբեր երկիրներէ հայորդիներ կը համախմբեն հայրենիքի մէջ, ինչ որ լաւագոյն առիթ է զօրացնելու անոնց ազգային-հոգեւոր նկարագիրը։
Վեհափառ Հայրապետը, խօսելով ազգային ինքնութիւնը անխաթար պահելու և հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուելու հրամայականի մասին, ընդգծեց, որ հայրենիքի նկատմամբ անսակարկ սիրով ու ազգային նկարագրով երիտասարդն է հայրենիքի ամրութիւնը եւ ազգի յարատեւութիւնը։
Անդրադառնալով Արցախի գրաւման, հայրենազրկուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ատրպէյճանի մէջ մինչ օրս պահուող հայ գերիներու վերադարձի, Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն ու երկրի մէջ տիրող դժուար կացութեան՝ Հայոց Հայրապետը կարևորեց ազգային միաբանութիւնը՝ ի սէր հայրենիքի եւ յանուն համազգային շահերու ու առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքէն ետք պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ ուղղած հարցադրումներուն: Հայրենիքի ապրած այս ծանր օրերուն եւ հայ եկեղեցւոյ դիմագրաւած անարգութեան տեսակէտէն աննախընթաց վարկաբեկումներու դժուար պայմաններու մէջ՝ Դաշնակցական երիտասարդութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ազգային եկեղեցւոյ եւ այս մէկը ամրագրեց ասուն խմբանկարով մը:
Բանակողները իրենց հոգիները համակելով ոգեղէն սնունդով ուղղուեցան իրենց էութիւնը մարտունակութեամբ պարուրող մեր պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը խորհրդանշող վայրը` դէպի Սարդարապատ: