ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Նախնական Ցանկին Մէջ Ընդգրկուած Են Երեւանի Ուրարտական Ժառանգութիւնը, Գառնի Հնագիտական Համալիրը Եւ Քարերու Սիմֆոնիան

Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի 47-րդ նստաշրջանին քննարկուած են եւ հաւանութեան արժանացած Հայաստանի ներկայացուցած` «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը», «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սիմֆոնիան» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու երկու դիմումները:

Դիմումները պատրաստուած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարարութեան համակարգումով եւ պատուէրով` «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն», «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութիւններուն կողմէ` համապատասխան գիտնականներու ներգրաւումով:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նիստերը կ՛ընթանան Փարիզի մէջ` յուլիս 6-16: Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ կազմակերպութեան մէջ դեսպան Արամ Յակոբեան: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն նիստերուն կը մասնակցի Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան նախագահ Յարութիւն Վանեան` իբրեւ 1972-ի համաձայնագրի համակարգող:

Նշենք, որ «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ Կոտայքի մարզի «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սիմֆոնիան» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ Հայաստանի ներկայացուցած 6-րդ եւ 7-րդ դիմումներն են: 1995-ին արձանագրուած են առաջին 4-ը` Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղու գետի վերին հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովիտի յարակից տարածքները, 5-րդը 2024-ին` Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային տարածքը (ցանկերուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով` https://whc.unesco.org/en/statesparties/am):

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական ցանկին մէջ արձանագրուած են Սանահինի եւ Հաղբատի վանքերը, Էջմիածինի մայր տաճարը, եկեղեցիները եւ Զուարթնոց հնավայրը, Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը:

Յիշեցնենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ արձանագրումի համար պարտադիր է տուեալ յուշարձանի մը  ընդգրկումը` կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ, իսկ այս ուղղութեամբ շարունակական աշխատանք կը կատարուի: