December 03, 2025
Հայաստանի Եւ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարները Տարածաշրջանին Մէջ Կայունութեան Եւ Խաղաղութեան Ամրապնդումը Կարեւոր Համարեցին
- (0)

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 9 Յուլիսին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար, զօր. Ազիզ Նասիրզատէի հետ:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան` նախարարները քննարկեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր համարեցին տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդումը։