«Հորիզոն» մասնակցեցաւ «Օրորա»ի կազմակերպած խորհրդաժողովին եւ մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան
Մայիս 28-ին, Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, Շարլ Ազնաւուր յայտարարեց «Օրորա» մրցանակաբաշխութեան այս տարուան դափնեկիրին անունը: Ան Սուտանի Նուպայի լեռներուն վրայ «Գթութեան Մայր» հիւանդանոցի վիրաբոյժ, կաթողիկէ միսիոնար՝ ամերիկացի Թոմ Քաթինան է, որ Սուտանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, Նուպայի լեռներուն վրայ տարիներ շարունակ աշխատող միակ վիրաբոյժը հանդիսացած է: Ան տարեկան 1000 վիրահատութիւն կ՛իրականացնէ եւ կը սպասարկէ օրական աւելի քան 400 հիւանդի:
՚«The Aurora Prize for Awakening Humanity» նախաձեռնութեան կազմակերպութեամբ Մայիս 25-29 Երեւանի մէջ կայացած խորհրդաժողովին բազմահարիւր ակադեմականներու, դիւանագէտներու, արուեստագէտներու եւ լրագրողներու կողքին մասնակցեցաւ նաեւ «Հորիզոն»ի Գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ վերոնշեալ խորհրդաժողովին եւ պաշտօնական հանդիսութեան հրաւիրուած էր ՚«The Aurora Prize for Awakening Humanity» նախաձեռնութեան կողմէ։ Չորս օրերու վրայ երկարող մարդկութեան դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական տագնապները քննարկման բովէ անցնող խորհրդաժողովներուն մասնակցեցաւ «Հորիզոն»ի խմբագիրը, ինչպէս նաեւ առիթ ունեցաւ առանձնազրոյց ունենալու մրցանակակիր տոքթոր Թոմ Քաթենայի հետ, որուն հետ պայմանաւորուածութիւն գոյացաւ «Հորիզոն»ի համար յատուկ հարցազրոյց կատարելու։ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան յատուկ հարցազրոյց կատարեց նաեւ «Օրորա» մրցանակաբաշխութեան հիմնադիր՝ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի հետ։ Ան զրոյցի ընթացքին յատկապէս շեշտեց, որ յառաջիկայ տարիներուն կարեւոր է «Օրորա» նախաձեռնութեան հիմնական ուղերձներու ու պատգամներու հետեւողական տարածումը, փոխվստահութեան կառուցումը եւ «Օրորա»ն համաշխարհային շարժումի վերածելը:
Նշենք, որ այս տարուան մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրը կը ստանայ 100,000 տոլար պարգեւը՝ շարունակելու համար իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ 1 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի տայ իրեն, շարունակելու համար իր նուիրատուութեան շղթան՝ աջակցելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններու։
Յիշեցնենք, որ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութեամբ «Օրորա» մրցանակը հիմնուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու անունով եւ ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկած մարդոց ու կազմակերպութիւններուն: Մրցանակը կը կրէ Օրորա Մարտիկանեանի անունը. ան Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն երեխայ էր, երբ հօրը եւ եղբայրներուն սպանութեան ականատեսը դարձաւ: Յաղթահարելով բոլոր վտանգները՝ ան ողջ մնաց եւ աշխարհին պատմեց 1915-ին տեղի ունեցած վայրագութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Մրցանակին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել այս եւ վերապրումի ու խիզախութեան հազարաւոր այլ դրուագներ:
2016ի Ապրիլ 24ին, Երեւանի մէջ կայացաւ «Օրորա»ի անդրանիկ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն դափնեկիրը եղաւ Պուրունտիի REMA հիւանդանոցի եւ Խաղաղութեան Տան (Maison Shalom) հիմնադիր Մարկարիթ Պարանկիձէն:
Լուսանկարին մէջ ձախէն աջ՝ Միջին Արեւելք Հիմնարկի հոգաբարձութեան խորհուրդի նախագահ Շանթ Մարտիրոսեան, Նարեկացի Արուեստի Միութեան նախագահ Նարեկ Յարութիւնեան, տոքթ. Թոմ Քաթենա եւ «Հորիզոն»ի Գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։