Արմատներ
- (0)

Մարի Մերտխանեան-Եարալեան
Այսպէս վերնագրած է հալէպահայ գրագէտ Պերճուհի Աւետեանը դէպի իր ծնողական արմատները կատարած ճամբորդութիւնը:
2024-ին, Երեւանի մէջ հրատարակուած գիրքի 87 էջերուն մէջ հեղինակը կը պատմէ իր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն մասին:
Առաջին հայեացքով տարօրինակ թուացող ճակատագրեր են այս գրքին մէջ: Սակայն այդ տարօրինակութիւնը կը մեղմանայ, երբ կը յիշենք, որ Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ապրուած կեանքերու մասին է պատում-յուշագրութիւնը:
Հեղինակ-յուշագրին հօրենական՝ Աւետեան ընտանիքի արմատները պատմական Զմիւռնեայէն՝ Իզմիրէն են: Մեծ հօր կեանքը կը սկսի Իզմիրի մէջ, ուրկէ 1922-ին, Քէմալական ուժերու մտնելու նախօրեակին կը յաջողի փախուստ տալ: Ճակատագրի բարեացակամութիւն մը կը փրկէ այս ընտանիքին կեանքը, երբ Մկրտիչ Աւետեանի հրեայ գործընկերը ծածուկ կ՚իմացնէ, որ ժամանակն է ընտանեօք հոնկէ հեռանալուն, որովհետեւ Քէմալը ուր որ է Իզմիր պիտի հասնի: Մկրտիչ էֆէնտիի հեռատեսութիւնը կը դառնայ փրկարար գործօն: Ընտանիքը եւ ուրիշ իզմիրցիներ (28 հոգի) կը յաջողին նաւով հեռանալ հոնկէ, կաշառելով նաւավարը: Ուրիշներ, վստահելով Արեւմուտքի ուժերուն («ծովեզերքին յունական, ֆրանսական, անգլիական զրահանաւերն են. Ո՞վ կը համարձակի մեզի դպչիլ»), կը մերժեն հեռանալ եւ… մեծամասնութեամբ կը սպաննուին: Անոնց շարքին էր, օրինակ, Տէր Գալուստ քհնյ. Գալուստեանի ընտանիքը (Մկրտիչին քրոջ ընտանիքը): 1965-ին, Մկրտիչ Աւետեան իր յուշերուն մէջ գրած էր.
«Քրիստոնեայ Ֆրանսան կը պարտադրէ յաղթական յոյներուն ետ քաշել զրահանաւերը: Խուճապահար ժողովուրդը կը վազէ ծովեզերք յուսալով օտար պետութեան զարահանաւերուն մէջ ապաստան գտնել: Մարդասէր երոպական պետութիւններու ներկայացուցիչները հրաման ստացած էին օգնութեան ձեռք չմեկնել. նոյնիսկ զրահանաւերուն կառչած ու վեր սողոսկող խեղճ մարդոց գլխուն եռացած ջուր կը թափէին»:




Հեռացողներն ալ ականատես կը դառնան զարհուրելի այս տեսարաններուն եւ նոյն ժամերուն ծայր առաջ Իզմիրի հրդեհին…:
(Այս տեսարանը նկարագրուած է նաեւ Մուշեղ Իշխանի «Մնաս Բարով, Մանկութիւն» յուշագրութեան մէջ):
Փախստական Աւետեան Մկրտիչի ընատնիքը կը հասնի Յունաստան եւ հոնկէ կը սկսի իրենց կեանքի նոր հանգրուանը, որ պիտի անցնէր Յունաստան-Հայաստան-Պարսկաստան արանցքով: Այս տարիներուն անոնք պիտի ճաշակէին Յունաստանի նոր կեանքի դժուարութիւնները, որոնք սակայն, պիտի մնային մեղմ՝ Խորհրդային Հայաստանի 1920-ականներու դժուարութիւններուն դիմաց: Աշխատասէր ընտանիքը կը փորձէ յարմարիլ, արժանապատիւ կեանք ստեղծել, սակայն ի վերջոյ կ՚որոշէ Պարսկաստան անցնիլ: Յուշագրողը հնարաւոր մանրամասնութեամբ կը պատմէ նաեւ 1931-1933 տարիներու հանգրուանը:
Աւետեան Մկրտիչի ընտանիքը վերջապէս, 1933-Ին կ՚անցնի Հալէպ, ուր կամաց-կամաց կայք կը հաստատէ Սալիպէ թաղամասին մէջ, պատմական Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մօտ: Եղբօր՝ Աւետեան Աւետիսի ընտանիքը կը մնար Հայաստան եւ մէկ կով ունենալու համար կուլակ կը համարուէր եւ կ՚աքսորուէր Սիպիր: Այս ալ հայու յատուկ ճակատագիրի գիծերէն մէկն էր. Գաղթական կամ աքսորեալ…:
Հեղինակի հօրենական մեծ մայրը, Գեղանուշը, Պուլտուրցի էր:
Հալէպի մէջ կազմուած այս ընտանիքի կեանքը կը շարունակուի եւ «զաւակները՝ կրելով ցեղասպանութեան յաջորդող առաջին սերունդին դրոշմը, կը կոչուէին զոհուած եւ կորած ընտանիքը անդամներու անուններով. Ստեփան, Յակոբ, Հռիփսիմէ, Վարդուհի…»:
Մօրենական մեծ պապը՝ Արթին Աղան Հասանպէյլիէն Իրաք աքսորուած էր: Որպէս բանուոր կ՚աշխատէր Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագծի կառուցման ծրագրին մէջ: Յետոյ անցած էր Աղէքսանտրէթ (Իսկէնտէրուն), ուր ծանօթացած եւ ընտանիք կազմած էր այրի Հայկանուշին հետ:
Հայկանուշին պատմութիւնն ալ պէտք է կարդալ: Այն նման է մեզմէ ոմանց մեծ մայրերուն հարազատներուն կեանքին. անզօր դեռատի աղջիկներ, որոնք «փրկուած» են քիւրտի կամ արաբի կողմէ ու…իսլամացած: Հայկանուշին քրոջ՝ Պայծառին (արաբացած անունը՝ Ուարտէ) անոնցմէ մէկն էր: Երկու քոյրերուն վերստեղծուած կապը շարունակուած է մինչեւ Հայկանուշի մահը…:
Արթին Աղայի կինն ու երկու զաւակները կորսուած էին 1915-ին: Աւելի ուշ պիտի գտնուէր աղջիկը՝ Կիւլէնիան. հեղինակին մօրենական մեծ մայրը…: Դեռ Աղէքսանտրէթի մէջ, ան ամուսնացած էր Պաղտասարին հետ:
«Օրհնեալ տան՝ օրհնեալ սեղանը բաց էր բոլորին համար: Երջանիկ էր Կիւլէնիան. սիրով ամուսիններ էին: Երեք զաւակ՝ երկու աղջնակ եւ տղեկ մո… Ու տակաւին շատ զաւակներ կ՚ունենային եթէ…»:
Այդ «եթէ…»ն 1939-ի պատուհասն էր: Այդ տարին ֆրանսացիները Աղեքսանտրէթը յանձնեցին թուրքերուն: Ոչ թէ միայն հող յանձնեցին, այլ՝ տասնեակ հազարաւոր հայ եւ միւս քրիստոնեաներուն ճակատագիրը դրին արիւնարբու թուրքին ձեռքը…:
1915-Ին Մուշէն գաղթած ընտանիքին համար անգամ մը եւս գաղթի ճամբան էր փրկութիւնը: Եւ Մունպուճ-Ռաս էլ Էյն ու վերջապէս՝ Հալէպ հասան…:
Ահա, այսպէս, պատմական Հայաստանէն մինչեւ Հալէպ չորս ընտանիքներու տարբեր պատմութիւններն են: Տարբեր, բայց շա՜տ նման: Գաղթով, փախուստով, ցաւով ու տառապանքով, քանդուած երազներով եւ վերսկսուած կեանքերով նման…:
Եւ ճակատագիրը Հալէպի մէջ կը միացնէ այս ընտանիքներու զաւակները՝ Ստեփանն ու Մարին, հեղինակին հայրն ու մայրը:
Կայ նաեւ շարունակութիւնը…:
Հալէպի մէջ ծնած ու ապրած Աւետեան Պերճուհին պիտի շարունակէր պապերուն ճամբան՝ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն հաստատուելով Հայաստան:
Իզմիրի եւ Մուշի մէջ սկսած այս ընտանիքը պատմութիւնը այժմ կը շարունակուի Երեւանի մէջ…:
Գիրքը հետաքրքրական է թէ՛դէպքերու ընթացքով, թէ՛ պատումի ոճով: Պերճուհի Աւետեանի յատուկ հեզասահ ոճը ոչ միայն չի ծանրացներ դժուար ճանապարհներու այս պատմութիւնը, այլեւ կ՚օգնէ, որ ընթերցողը միասին ապրի այդ տարիները:
Հեղինակը, պատումի իր իւրայատուկ ոճով, մերթ անցեալ ու մերթ ներկայ տարիներու ճամբուն վրայ երթեւեկելով, կը նկարագրէ ընտանեկան կեանքի մանրամասնութիւններ: Պարզ են, երբեմն այդ պահերը: Հարազատ՝ ինչպէս մեր սերունդի ապրած տարիները: Սակայն հոն կան գաղթականութեան հոգեկան դաջուածքները…:
Պարզութիւնը, զուսպ նկարագիրն ու խստութիւնը պատահական չեն. ունին մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու հարուստ -դաժա՚ն- կեանքի կնիքը:
Այս յուշագրութիւն-պատումը մասնաւոր կարեւորութիւն կը զգենու այս օրերուն, երբ հայկական կեանքին մէջ կը նետուին հայու նկարագրին ու կեանքին խորթ ասոյթներ, ինչպիսին են՝ «իրական-երեւակայական Հայաստան», «մենք թուրքին հետ լաւ կ՚ապրինք», «Արեւմուտքը մեզ կը պաշտտպանէ» եւ այլն…: Այս խորթ յորջորջումներուն պատասխանը տուած է հեղինակին մեծ հայրը, իր յուշերուն մէջ. «Չի կայ մեզի օտարներէն ոչ մի օգուտ, ընդհակառակը կայ առատ թշնամութիւն: Բայց մենք ունինք զօրաւոր մեր կամքը եւ ստեղծող միտքը, որ կարող է մեզ աշխարհում երջանկացնել ստեղծելով մեզ համար ազատ եւ անկախ հայրենիք մը, որու տենչով մահացան մեր նախնիները: Մենք՝ ապրողներս, դարերէ ի վեր դաժան աշխատանքներով կ՚աշխատինք իրականացնել զայն: Լաւ գիտցէք. եթէ իրար չսիրենք ու զիրար չհասկնանք՝ մեր հետեւանքն ալ նոյն բախտին ենթակայ պիտի լինի»:
