Ատրպէյճանցի Գաղթականները Պէտք Է Դիմեն Հայկական Ատեաններ. Գէորգ Կոստանեան
- (0)
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու նկատմամբ ահագնացող ճնշումներուն հետեւանքով Երեւան ժամանող գաղթական հայ ընտանիք մը, Մայիս, 1991
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Փանորամա».- Չորեքշաբթի, Յունուար 22ին, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը սկսած է «Չիրակով եւ այլք ընդդէմ Հայաստանի» դատով լսումներուն, իսկ Փետրուար 5ին պիտի սկսի «Սարգսեան ընդդէմ Ատրպէյճանի» դատի քննութեան:
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ վեց ատրպէյճանցիներ՝ Լաչինի շրջանի նախկին բնակիչներ, գանգատ ներկայացուցած են 2005ին: Անոնք կը պնդեն, որ 1992ի Մայիս 17ին, բռնութեամբ վտարուած են իրենց տուներէն՝ իրենց ամբողջ ունեցուածքը ձգելով հայերուն: Քանի որ անոնք չեն կրնար վերադառնալ Լաչին, գաղթականները վնասուց հատուցում կը պահանջեն Հայաստանի իշխանութիւններէն: Անոնք նաեւ կը պնդեն, թէ ազգային խտրականութեան ենթարկուած են:
Չորեքշաբթի օրուան նիստին ելոյթ ունեցած են կողմերուն փաստաբանները: Հայկական կողմի փաստաբանները անհամաձայնութիւն յայտնած են այն բանին, որ հայցին մէջ իբրեւ պատասխանատու կողմ ներկայացուած է Հայաստանի պետութիւնը: Անոնք ընդգծած են, որ թէեւ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցուած պետութիւն չէ, անիկա ունի պետական կառուցուածք, դատական համակարգ, հետեւաբար՝ հայցը պէտք է ներկայացուէր Լեռնային Ղարաբաղին:
Ատրպէյճանցիներու կողմի փաստաբանները, իրենց հերթին, յայտարարած են, թէ Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից տարածքները փաստացիօրէն կը վերահսկուին Հայաստանի կողմէ, թէ Հայաստան կը համագործակցի Լեռնային Ղարաբաղի «անջատողական վարչակարգի»ն հետ եւ այդ պատճառով ալ Հայաստանը պատասխանատու կը նկատեն:
Փաստաբանները պատասխանած են դատաւորներու հարցումներուն, ապա դատավարութեան ընդմիջում յայտարարուած է:
Նաեւ, Եւրոպական ատեանի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ Փետրուար 5ին պիտի սկսի Ղարաբաղեան պատերազմին առնչուող մէկ այլ դատի քննարկումը, որ կ՛առնչուի Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղէն բռնի տեղահանուած Մինաս Սարգսեանի՝ 2006ին ներկայացուցած հայցին: 2009ին, 80 տարեկան հասակին մահացած Սարգսեանի հայցը Եւրոպական ատեանին մէջ պիտի պաշտպանեն անոր իրաւայաջորդները՝ այրին եւ երեք զաւակները:
Չորեքշաբթի օրուան նիստէն ետք, Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան ըսած է, թէ Հայաստանը բաւական լուրջ փաստարկներ ներկայացուցած է: «Յամենայնդէպս, նրանց վերաբերմունքը եւ այդ փաստարկներին առարկելու հնարաւորութիւնը ու դրսեւորման եղանակը ակնյայտօրէն մեզ բերեց այն համոզման, որ այդ փաստարկին վերջիններս չեն կարողացել յստակ պատրաստուել ու առարկել: Մենք 2 հիմնական ուղղութիւնների վրայ շեշտադրում արեցինք: Առաջին՝ որ Ղարաբաղը, անկախ միջազգային ճանաչման փաստից, անկախ պետութիւն է եւ իշխանութեան բոլոր ճիւղերի առկայութիւնը, արդիւնաւէտ գործունէութիւնը ինքնին փաստում են անկախութեան մասին, ինչը բերում է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի «արդիւնաւէտ իրաւազօրութիւն» այդ պետութեան տարածքում, եւ հետեւաբար, այդ հիմքով հայցը ենթակայ է ճանաչուելու անընդունելի: 2րդ փաստարկն այն էր, որ անգամ, եթէ հայցուոր կողմը եւ Ադրբեջանի կառավարութիւնը գտնում են, որ Հայաստանն ունի իրաւազօրութիւն եւ Հայաստանն ու ԼՂՀն 1992ին խախտել են փախստականների սեփականութեան, մասնաւոր կեանքի իրաւունքը, վերջիններս պէտք է անպայման դիմէին եւ ԼՂՀ դատական ատեաններին, կամ Հայաստանի դատական ատեաններին ու իրաւապահ մարմիններին՝ իրենց իրաւունքների վերականգման համար», աւելցուցած է Կոստանեան:
Այս լսումներէն ետք կողմերը երկու շաբաթ ժամանակ ունին վերջնական դիրքորոշում ներկայացնելու համար: